Գրծ 4-ին մէջ, հաւատացեալները աղօթեցին քաջութեան համար: Օրուան դժուարութեան դիմաց յատուկ ձեւով աղօթեցին եւ Տէրը յատուկ միջամտութեամբ բաներ արթննցուց:

Գրծ 3-ին մէջ, Պետրոս եւ Յովհաննէս հանդիպեցան ի ծնէ կաղ մէկու մը, որ եկած էր մուռալու: Փոխանակ դրամ տալու, Պետրոս անոր ըսաւ. « Արծաթ ու ոսկի չունիմ, հապա ինչ որ ունիմ՝ զայն քեզի կու տամ: Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսին անունով ելի՛ր ու քալէ՛» (3.6): Աստուած մարդուն մօտեցաւ իր իսկական պէտքին համաձայն եւ կաղը բժշկուեցաւ: Ատոր հետեւանք, Պետրոս եւ Յովհաննէս ատեանին առջեւ տարուեցան եւ հրեաներուն իշխանները, ծերերն ու դպիրները անոնք սպառնացին որ բնաւ չխօսեցին ու չսորվեցնեն Յիսուսի մասին:

Հաւատացեալ ժողովուրդը բեռնաւորուած էր հալածանքին պատճառով, բայց յարձակումին մասին լսելով՝ աղօթեցին. «Անոնք ալ երբ լսեցին, միաբանութեամբ ձայներնին Աստուծոյ վերցուցին […]» (Գրծ 4.24): Թշնամիին գործը ետ մղելու համար Տիրոջ առջեւ աղօթքով կեցան. Աղօթք ըրին Սատանային սպառնալիքին դիմաց՝ «Եւ հիմա, ո՛վ Տէր, նայէ անոնց սպառնալիքներուն ու շնորհէ քու ծառաներուդ, որպէսզի բոլոր համարձակութիւնով քու խօսքդ խօսքինք: Քու ձեռքդ երկնցնելով բժշկելու եւ քու Սուրբ Որդիիդ Յիսուսին անունովը նշաններ ու հրաշքներ կատարուին» (29-30)

«Երբ անոնք աղօթք ըրին, շարժեցաւ այն տեղը՝ ուր հաւաքուած էին եւ ամէնքը Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու Աստուծոյ խօսքը համարձակ կը խօսէին» (Գրծ 4.31):

«Շարժեցաւ» բառը բնագիրին մէջ կ'ակնկարկէ տեղափոխելու, շարժելու բաներ որոնք շարժողական են, կամ նոյնիսկ բաներ, որոնք չեն շարժիր: Պիտի տեսնենք շարժելուն՝

  • Արտաքին երեւոյթը,
  • Նպատակը եւ
  • Արդիւնքը

Արտաքին երեւոյթը

Տեղը շարժեցաւ, ճիշդ հիմերէն հանելուն նման: Երբ Աստուած կու գայ՝ կը շարժէ. Սուրբ Հոգին կը շարժէ, կը յուզէ, կը գրգրէ:

Աստուած բնական վիճակը կը փոխէ: Պէտք է լման բաց ըլլանք Սուրբ Հոգիին աշխատանքին եւ մի՛շտ ակնկալենք որ նոր բան մը ըլլայ:

Նպատակը

Սուրբ Հոգին կը շարժէ, կատարեալ արդիւնք մը դուրս բերելու համար: Ան յատուկ աշխատանք կը տանի մեր մէջ, ամէն մէկ կէտի եւ մանրամասնութեան վրայով. Իր նպատակը մեզ Իր տիրութեան տակ բերելն է:

Արդիւնքը

Երբ հաւաքատեղին շարժեցաւ, անոնք Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ համարձակութեամբ սկսան քարոզելու: Երբ Աստուած կը շարժէ, թշնամին կը տապալի:

Նախորդ Հրապարակում Հոգեւոր Կեանքի Շահերը (Գործք Առաքելոց 27--28)
Յաջորդ Հրապարակում Ժամանակն է Արձակելու (Մատթէոս 21)