Այս պատմութիւնը իւրայատուկ է քանի մը բաժիններով: Մեր բուն կեդրոնացումը պիտի ըլլայ Աստուծոյ իշխանութեան վրայ՝ արտայայտուած Քրիստոսով եւ ներկայիս արտայայտուող մեր միջոցաւ:

Յիսուս արդէն Իր երկրաւոր առաքելութեան վերջաւորութեան հասած էր եւ Իր վերջին եւ հիմնական թելադրանքներն ու գործերը կը կատարէր՝ նախքան խաչի մահով աշխարհէն վերցուիլը:

Դէպի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը վերջին կարեւոր նամակներէն եւ գործերէն մէկն էր: Յիսուս կը պատրաստուէր զատկուան տօնին առթիւ, սկիզբէն խոստացուած փրկութեան զոհը դառնալ Իր Անձը խաչին վրայ զոհելով:

Յիսուս այս բաժինին մէջ, մեր ուշադրութեան կը յանձնէ, թէ դէպի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը պատկերաւոր օրինակ մըն է վերին Երուսաղէմէն ներս մտնելու իրաւունքին, որ ներկայիս շնորհուած է հաւատացեալներուն:

Վերին երուսաղէմը վերջապէս պիտի ըլլայ բոլորիս բնակութեան յաւիտենական վայրը: Յիսուս իր կատարած գործով կ'ուզէր իմացնել, թէ ինք առանձին պիտի չմտնէ վերին Երուսաղէմ, հապա բոլոր կանչուածներուն հետ (Եբր 4.15-16):

Կանչուածները Հրաւիրելու Իշխանութիւնը (Մր 11.1-2 Ն.Թ.)

«Երբ մօտեցան Երուսաղէմի, Բէթփագէի եւ Բեթանիայի, Ձիթենեաց լերան մօտիկը, Յիսուս իր աշակերտներէն երկու հոգի ղրկեց, անոնց պատուիրելով. 'Գացէք սա դիմացի գիւղը. Հազիւ մտած՝ հոն կապուած աւանակ մը պիտի գտնէք, որուն վրայ ոչ ոք նստած է տակաւին: Քակեցէ՛ք զայն եւ բերէ՛ք: Եթէ ոեւէ մէկը հարցնէ. 'Ինչո՞ւ կը քակէք աւանակը', իրեն ըսէք՝ 'Տէրը անոր պէտք ունի', եւ անիկա անմիջապէս հոս պիտի ղրկէ զայն'»:

Պատմութիւնը չի բացատրեր, թէ Յիսուս ուրկէ կը ճանչնար կամ գիտէր տէրերը կամ էշերուն հոն կապուած ըլլալը, սակայն յստակ է, որ իշխանութեամբ խօսեցաւ եւ գերբնականը իր բաժինը ունէր:

Քակեցէ՛ք «Լո՛ւօ» λύω [luo /loo•o/], կը նշանակէ՝

  • Քակել, կոտրել, կործանել
  • Աստիճանաբար անհետանալ՝ չքանալ, հալեցնել
  • Արձակել, բանտի բեռէն ազատ արձակել (բեռնաթափ ընել)
  • Արձակել օրէնքէ մը որ սխալ ձեւով կապած է

Յիսուս աւանակին տէրը նկատի ունենալով հանդերձ, աշակերտներուն հրաման տուաւ, որ քակեն զայն եւ իրեն բերեն:

Աւանակին տէրը պարզօրէն տէրն էր անասունը իրը ըլլալուն համար, սակայն զայն ուզողը Աստուած եւ ստեղծիչն էր: Ան արձակել կը հրամայէր, որովհետեւ մարգարէութիւնները կ'ըսէին, թէ հեզ թագաւորը իշու աւանակին վրայ հեծած պիտի գար:

Մարգարէութիւնները եւ Տիրոջ հրամանները աւելի բարձր իշխանութիւն են քան անվաւէր հրամաններով եկած իշխանութեան խօսքերը:

Բոլոր Ազգերը Կանչելու Պատուէրը՝ Իշխանութեամբ

«Յիսուս մօտենալով խօսեցաւ անոնց հետ: Ապա ըսաւ. 'Ամէն իշխանութիւն տրուեցաւ ինծի երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ: Ինչպէս որ Հայրը զիս ղրկեց, այնպէս ալ ես ձեզ կը ղրկեմ: Հետեւաբար, գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք: Զանոնք մկրտեցէք՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով: Անոնց սորվեցուցէք այն բոլոր պատուիրաները որ ես ձեեզի տուի. Եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը'» (Մտ 28.18-19):

Յիսուս մեզ կանչած է եւ մեզմով ալ ուրիշներ կը կանչէ, որպէսզի բոլորս ալ երկնաւոր Երուսաղէմ մտնենք յաղթող Տիրոջ հետ (Գղ 4.24-26: Եբր 12.18-24).

Շատերուն Արտայայտութիւնը

«Հոն կեցողներէն ոմանք ըսին. Այդ ի՞նչ կ'ընէք, ինչո՞ւ կը քակէք աւանակը» (Մր 11.5), բայց աշակերտները անոնց իշխանութեամբ պատասխանեցին: Այս մարդիկը իրաւունք չունէին Տիրոջ կողմէ հաստատուած եւ աւանակին տիրոջ սրտին մէջ ընդնունուած բանին արգելք ըլլալու:

Այսօր ամենէն բարձր իշխանութիւնը մարդը ազատելու համար Յիսուսի իշխանութիւնն է եւ ո՛չ ոք կրնայ մեզ դադրեցնել Յիսուսը քարոզելէն:

Նախորդ Հրապարակում Աղօթք եւ Վստահութիւն
Յաջորդ Հրապարակում Աստուծոյ Հաւատարմութիւնը Իր Խօսքին Հանդէպ (Մատթէոս 28.19-20)