📅 22-էն 25 Հոկտեմբեր 2026
📍 Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցի- Պիյաքութ, Լիբանան

Աստուծոյ հանդէպ սրտաբուխ երախտագիտութեամբ լեցուած, կը հրաւիրենք ձեզ «ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ - Տեսիլքէն՝ Իրագործումի» չորսօրեայ յատուկ խորհրդաժողովի մը՝ միասնաբար նշելու համար կարեւոր անկիւնադարձ մը Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ:

Միասնաբար շնորհակալութիւն պիտի յայտնենք Աստուծոյ, պիտի պաշտենք զԻնք, Անոր խօսքը պիտի լսենք մեր յարգելի հիւր բանախօսներուն միջոցաւ եւ պիտի ցնծանք Անոր բոլոր ըրածներուն համար:

🔹 Հինգշաբթի, 22 Հոկտեմբեր, 9:30 AM–2:00 PM
Յատուկ խորհրդաժողով մը հովիւներու եւ եկեղեցւոյ առաջնորդներու համար, հովանաւորութեամբ՝ Վեր. Ժոզէֆ Քասսապի, Եպիսկոպոս Ճոզէֆ Մաթերայի եւ Դոկտ. Պերին Կիլֆիլընի:

🔹 Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբեր, 7:00 PM
Եկեղեցւոյ նուիրումի յատուկ ծառայութիւն- Բաց է բոլորին:
Միացէ՛ք մեզի երեկոյեան պաշտամունքի, շնորհակալութեան, վկայութեան, Խօսքին եւ եկեղեցւոյ նուիրումին համար:

🔹 Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր, 10:00 AM–2:45 PM
Խորհրդաժողովը կը շարունակուի Եպիսկոպոս Ճոզէֆ Մաթերայի, Հովիւ Արտաւազդ Մուրատեանի եւ Դոկտ. Պերին Կիլֆիլընի պատգամներով, որոնց կը յաջորդէ Հովիւ Դաւիթ Մաջուլեանի ձեռնադրութիւնը:
Բաց է բոլորին համար:

🔹 Կիրակի, 25 Հոկտեմբեր, 10:30 AM–2:00 PM
Խորհրդաժողովը կ'աւարտենք Եպիսկոպոս Ճոզէֆ Մաթերայի եւ Դոկտ. Պերին Կիլֆիլընի պատգամներով, որոնց կը յաջորդէ ISOM-ի վկայականներու բաշխումը:
Բաց է բոլորին համար:

Չորս օր շնորհակալութիւն յայտնելու
Չորս օր պաշտամունքի
Չորս օր Աստուծոյ ըրածները տօնակատարելու

Ուրախ պիտի ըլլայինք ձեզի մեր միջեւ տեսնելով՝ մինչ կը տօնենք տեսիլքէն իրագործումի անցումը եւ կը փառաւորենք զԱստուած:

 
📞 Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝  70 238 651 (Քարտուղարութիւն)

📧 info@solchurch.com

Նախորդ Հրապարակում Բժշկութեան Ծառայութիւն Հովիւ Գէորգի հետ Մոնթրէալի մէջ