Առաքեալներու Գործերը գիրքին պատմութիւնը չի վերջանար: Անիկա ցոյց կու տայ հաւատացեալներուն կեանքին ձեւը, տեսակն ու որակը երկրի վրայ: Մենք տեսանք, թէ ի՛նչպէս սկսաւ եկեղեցիին առաքելութիւնը եւ ի՛նչ հանգրուաններէ անցաւ եւ իւրաքանչիւր հանգրուանի մէջ Սուրբ Հոգին ի՛նչ ձեւով Իր գործակցութիւնը բերաւ եւ Իր կամքը եւ փափաքը յայտնելով հովանաւորեց հաւատացեալները եւ դիմադրեց հակառակորդին (Հմմտ Ա.Յհ 4:4):

«Դուք Աստուծմէ էք, ո՛րդեակներ ու անոնց յաղթեցիք. քանզի մեծ է Հոգին որ ձեր մէջ է, քան թէ անիկա որ աշխարհի մէջ է» (Ա.Յհ 4:4):

Պօղոս առաքեալին կեանքին օրինակներէն կը սորվինք, թէ Աստուած Իր ծրագիրը յայտնեց, եւ Պօղոսի կեանքին մէջ զայն իրագործեց, որովհետեւ Պօղոս հեթանոսներուն հասաւ եւ մինչեւ իսկ Կայսրին քով երթալով քարոզեց:

(27.1-4) Այլաբանականօրէն, հովը Աստուծոյ գործին հակառակ եկող արգելքները կը ներկայացնէ:

Պօղոսին Պատուէրը, Որ Իմստութեան Խօսք էր

  • (Գրծ 27.10-12) Ասիկա կը սորվեցնէ, թէ հաւատացեալները հոգեւոր պարգեւներուն միջոցաւ կ'որոշեն, իսկ մարդիկ ընդհանրապէս իրենց մտահոգութիւններուն եւ տրամաբանութեան համաձայն կ'որոշեն:
  • (Գրծ 27.13-14) Մարդկային միտքերը եւ պայմաններուն նայելով որոշելը կրնայ փոխուիլ եւ ձախողութեան տանիլ
    - Հաւատացեալին խօսողը ապագան ստեղծողն ու ճանչցնողն է:
    - Հաւատացեալը երբ խօսի, կը խօսի իմաստութեան խօսքով, գիտութեան խօսքով եւլն:
  • (Գրծ 27.15) Մարդկային եւ աշխարհային չափանիշներով որոշումներ առնողներուն նաւերը կը յափշտակուին հովերէն: Չեն կրնար դէմ դնել հովերուն եւ ալիքներուն, (Հմմտ Ես 33.23), իրենց ընթացքը կը շարունակեն ալիքներուն յանձնուելով:
    - Հաւատացեալները կը յափշտակուին Սուրբ Հոգիով եւ կը շարունակեն Տիրոջմով:

Աշխարհային Որոշումներուն Վնասները (Գրծ 27.18-20)

  • (18) Բեռները դուրս նետեցին (վնասեցին):
  • (19) Երրորդ օրը գործիքները դուրս նետեցին:
  • (20) Ազատելու յոյսը կորսնցնելու չափ դժուարութիւնը շատցած էր:
    Չէին ապրեր յառաջ երթալու եւ նպատակին հասնելու համար, հապա ազատելու (գոյատեւել, survive) համար:

Հոգեւորին Խրատը Երկրորդ Անգամ (Գրծ 27. 21-26)

  • (Գրծ 27.21-26) Հոգեւորը կրցաւ դժուարութեան ատեն տեսնել ազատագրութիւնը եւ ըլլալիքը:
    - Ան խօսեցաւ հաւատքի պարգեւով եւ իմաստութեան խօսքով:
    - Վկայեց իր Աստուծոյն մասին եւ մինչ բոլորը վախի մէջ էին, ինք հրեշտակին ներկայութեան մէջ էր:

Պօղոսի Խօսքերը Արժեւորուեցան (Գրծ 27.27-38)

  • Նորէն իմաստութեան խօսք տուաւ (27-31):
  • Հարիւրապետը հաւատաց եւ չուանները կտրեցին (32):
  • Յորդորեց, խրատեց եւ վստահեցուց՝ նորէն իմաստութեան խօսք տալով (33-34):
  • Հաղորդութեան արարողութեամբ ներկաները յանձնեց Յիսուսի խաչին (35-37):

Պօղոսին Խօսքերը Սկսան Կատարուիլ (Գրծ 27.39-44)

  • Նաւը ցամաքին վրայ նստեցաւ (39-42):
  • Պօղոս, որպէս հոգեւոր անձ, որուն խորհուրդները իրականացան, հարիւրապետին կողմէ ընդունուեցաւ (43):
  • Բոլորը ազատեցան Պօղոսին պատճառով (44):

Մելիտէի (Մալթայի) Մէջ Աւետարանչութիւն (Գրծ 28.1-10)

Ինչպէս Պօղոս նոր շրջան մը մտնելով հոն օտար էր, նոյնպէս մենք օտար շրջաններու մէջ օտար կը նկատուինք եւ մարդիկ շատ օտար բաներ կրնան ըսել մեզի (28.1-4):

  • Իժը Պօղոսի ձեռքը բռնեց (խայթեց)
    - Պատահածը տեսնելով, տեղացիները դատեցին Պօղոսը:
    - (5) Իսկ անոր ազատիլը տեսնելը, հրաշք մը տեսնելու չափ զօրաւոր էր: Այդ պատճառով իրենց միտքը փոխելով կարծեցին, թէ ան «աստուած մըն է» (6):

Պօղոս Աւետարանչութիւն եւ Բժշկութիւն Կատարեց (Գրծ 28.7-10)

  • Պօղոս Պոպղիոսի հօր հիւանդութեան համար աղօթք կատարեց, եւ բժշկուեցաւ հիւանդը, որ իր կարգին պատճառ եղաւ, որ շատեր բժշկուին եւ Խօսքը տարածուի:
Նախորդ Հրապարակում Մինչեւ Աշխարհին Ծայրերը (Մատթէոս 22.1-14)
Յաջորդ Հրապարակում Աղօթք եւ Վստահութիւն