Դպրոց

Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցւոյ Ծառայութեան Դպրոց (SOM)

Նորադարձը ամրապնդելու եւ ապաշխարութեամբ իրեն փոխանցուած ամբողջ գանձը իրեն ճանչցնելու համար, Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցին նորադարձներուն կամ իր նորեկ անդամներուն կ'առաջարկէ երկու հանգրուաններէ բաղկացած դպրոցի մը հոգեւոր ճամբորդութիւնը:

Ի՞նչ է այս երկու հանգրուաններուն նպատակը

  1. Առաջին Հանգրուանի (Անխարդախ Կաթի Հանգրուանի) նպատակն է աշակերտներուն սորվեցնել Քրիստոնէական հաւատքի հիմերը, որոնք կ'ընդգրկեն դասեր Աստուածաշունչի, հոգեւոր պատերազմի, Սուրբ Հոգիի մկրտութեան, Քրիստոնավայել կերպով ապրելու, յաւիտենական կեանքի եւ զանազան Քրիստոնէական հիմնական նիւթերու մասին:
  2. Երկրորդ Հանգրուանը (Տիմոթէոսի Հանգրուանը) կ'ընդգրկէ դասեր Աստուծոյ հետ հանդիպելու, աւետարանչութեան, ներումի, Աստուծոյ Խօսքին հնազանդութեան, ՄԵծ Յանձնարարութիւնը կատարելու, ծառայողի մը նկարագիրին եւ հաւատարմութեան մասին նիւթեր:
  3. Տրամադրելի են նաեւ յաւելեալ ընթերցումի համար դասեր՝ ներքին բժշկութեան, բազմապատկութեան, աւետարանչութեան, ֆինանսական եւ ընտանեկան նիւթերով:

Սոյն դասերուն միջոցաւ աշակերտները կը հրաւիրուին խորաթափանց ակնարկ մը կը նետելու իրենց ներաշխարին վրայ եւ իրենց բոլոր ներքին վէրքերը, տկարութիւններն ու թերութիւնները Տիրոջ առջեւ դնելով՝ կը ստանան հոգեկան եւ զգացական բժշկութիւն: Աշակերտները կը պատրաստուին իբրեւ խումբերու եւ եկեղեցիներու առաջնորդներ՝ ստանալով աստուածաշնչական եւ փորձառական նիւթեր:

Աստուածաշունչի Դպրոցի Ընդհանուր Օրէնքներ

  1. Աշակերտը պարտի ներկայ ըլլալ կամ դիտել իւրաքանչիւր դաս, որպէսզի կարենայ ընել գրաւորը կամ անցնիլ յաջորդ դասին:
  2. Իւրաքանչիւր դասանիւթ ունի իր գրաւորը, որուն համար աշակերտը կը ստանայ նիշի գնահատական մը, բացի որոշ դասերէ, որոնք չունին գրաւոր, բայց կ'ընդգրկեն ընթերցանութեան նիւթեր:
  3. Բոլոր գրաւորներուն յաջողութեան անցման նիշը 60% է:
  4. Հանգրուան մը յաջողութեամբ աւարտելու համար աշակերտը պէտք է հաւաքէ 60% եւ աւելի վեր միջին:

Ծառայութեան Միջազգային Դպրոց (ISOM)

Տէր Յիսուս մեզի պատուիրեց ոչ միայն հոգիներ շահիլ ՝ այլ նաեւ աշակերտել մարդիկը: Աշխարհը ամէն բանէ աւելի պէտք ունի մարզելու եւ պատրաստելու աստուածապաշտ եւ ազդեցիկ առաջնորդներ: ISOM-ը վիտէօ դասընթացք մըն է, որ կը պատրաստէ հազարաւոր առաջնորդներ աշխարհի շուրջ գտնուող բազմաթիւ երկիրներու մէջ:

Ի՞նչ է ISOM-ին նպատակը:

ISOM-ը ստեղծուած է պատրաստելու քրիստոնեաներ, որոնք պիտի կարենան աշխարհը փոխակերպել: ISOM-ը կը փոխանցէ Աւետարանի ամբողջական եւ հաւասարակշռուած ուսուցում եւ մարզում՝ աշխարհի մէջ գտնուող բոլոր մարդոց համար: Այս դասընթացքին նպատակն է պատրաստել աշակերտներ, որոնք պիտի ըլլան ծառայութեան որակեալ առաջնորդներ եւ եկեղեցւոյ ծառայողներ: ISOM-ին նպատակակէտն է վերածել իւրաքանչիւր տեղական եկեղեցի ծառայութեան համար մարզումի կեդրոնի մը:

ISOM-ը Ի՞նչպէս կը զօրացնէ ձեր տեղական եկեղեցին:

  • ISOM –ը ձեր եկեղեցւոյ անդամները կը պատրաստէ հանրածանօթ եւ յաջողակ Աստուծոյ տղամարդոց եւ կիներու միջոցով:
  • ISOM–ը կը պատրաստէ եւ կը բարձրացնէ ղեկավարներ, որոնք նեցուկ կը կենան ձեզի եւ ձեր աստուածատուր տեսիլքին:
  • ISOM–ը կը ներգրաւէ ձեզ ձեր անդամներուն զարգացման գործընթացին մէջ եւ կը խնայէ ձեր արժէքաւոր ժամանակը:
  • ISOM-ը կը մարզէ ձեր անդամները եւ արդիւնաւէտ կը դարձնէ զանոնք, մինչ անոնք կը ծառայեն ձեր եկեղեցւոյ մէջ:

ISOM-ը ղեկավարները կը պատրաստէ ըլլալու.

  • Աստուծոյ Խօսքին մէջ հաստատուած
  • Շնորհալի
  • Հոգիներ Շահողներ
  • Քրիստոսանման Նկարագիրով
  • Պատրաստ Ծառայելու
  • Հոգեւոր Առաջնորդ-ուսուցիչներ
  • Սրբութեամբ Յագեցած
  • Սուրբ Հոգիով Առաջնորդուող
  • Աստուծոյ Թագաւորութեան Դեսպաններ

Ի՞նչպէս կը գործէ ISOM-ը?

ISOM–ը Աստուածաշունչի վիտէօ-դպրոց է, որ կրնաս յաճախել թէ՛ եկեղեցիին մէջ, թէ՛ առցանց:

  1. Առաջին հանգրուանը կը բաղկանայ հինգ եռամսեակներէ: Իւրաքանչիւր եռամսեակ կը բաղկանայ 32 դասապահերէ: Իւրաքանչիւր եռամսեակ ունի իր գիրքը եւ դասի աւարտին տեղի կ'ունենայ քննարկում եւ գրաւոր: Այն ուսանողները, որոնք կ'աւարտեն առաջին երեք եռամսեակները, կը ստանան Աստուածաշնչական Ուսումնասիրութիւններու վկայական, իսկ անոնք որոնք կ'աւարտեն առաջին հինգ եռամսեակները, կը ստանան Աստուածաշնչական Ուսումնասիրութիւններու աւարտական վկայական:
  2. Երկրորդ հանգրուանը կը բաղկանայ հինգ եռամսեակներէ: Իւրաքանչիւր եռամսեակ կը բաղկանայ 32 դասապահերէ: Իւրաքանչիւր եռամսեակ ունի իր գիրքը եւ դասի աւարտին տեղի կ'ունենայ քննարկում եւ գրաւոր: Մասնակիցները, որոնք կ'աւարտեն տասը եռամսեակները, կը ստանան պսակաւորի աստիճան ԱՄՆ-ի «Վիժըն Ինթըրնաշընըլ» համալսարանէն:

Որո՞նք են համաշխարհային մակարդակի դասախօսները:

ISOM–ը համախմբած է աւելի քան 60 Աստուծոյ մեծ տղամարդիկ եւ կիներ, որոնք Աստուածաշունչի փորձուած ուսուցիչներ եւ արդիւնաւէտ ծառայողներ են: Այդ շատ յարգուած ծառայողներէն են Ճոյս Մայըր, Ճէք Հէյֆորտ, Ճոն Պըվիր, Ռոպըրթ Մորիս, եւ Ժիլպեր Պիլեզիքեան:

ISOM–ը Աշխարհի Շուրջ

  • 20,000 դպրոց
  • 150 երկիրներու մէջ
  • Աւելի քան 85 լեզուներով
  • Աւելի քան 330,000 աշակերտներ

ISOM-Ի Ընդհանուր Օրէնքներ

  1. Աշակերտը պարտի դիտել ամբողջ դասը (5 կամ 6 վիտէօ՝ ըստ դասին), որպէսզի կարենայ ընել գրաւորը կամ անցնիլ յաջորդ դասին:
  2. Իւրաքանչիւր դասանիւթ ունի իր գրաւորը, որուն համար աշակերտը կը ստանայ նիշի գնահատական մը, բացի կարգ մը դասերէ, որոնք գրաւոր չունին:
  3. Իւրաքանչիւր գրաւորի անցման նիշն է 60%:
  4. Հանգրուան մը յաջողութեամբ աւարտելու համար աշակերտը պէտք է հաւաքէ 60% եւ աւելի վեր միջին:
  5. Առաջին երեք եռամսեակները աւարտելէ ետք ինչպէս նաեւ հինգերորդ եռամսեակը աւարտելէ ետք, աշակերտը կը ստանայ շնորհաւորական ե-նամակ մը, որուն մէջ նաեւ նշուած կ'ըլլան վկայականը ձեռք ձգելու մանրամասնութիւնները:

Վիժըն Միջազգային, Լիբանան (VIL)

Վիժըն Ինթընաշընըլ, Լեպանոնը (Վի.Այ.Էլ.), թարգմանաբար՝ Տեսիլք Միջազգային, Լիբանանը, իւրայատուկ ուսումնական փորձառութիւն մըն է: Անիկա իւրայատուկ է իր ծրագիրին, ծառայութեան վրայ շեշտ դնելուն եւ ապագայի համար տեսիլքին մէջ: Մեր ծրագիրը գործնական է իր բնոյթին մէջ, մեծապէս ակադեմական, տեղական եկեղեցիին մէջ հիմնուելիք եւ կարող զինելու մարդիկ Քրիստոսի համար լման ժամով ծառայութեան: Մեր ակադեմական կեդրոնացումը օգնել է Աստուծոյ տղամարդոց եւ կիներուն, որ Յիսուս Քրիստոսի փոխակերպող զօրութիւն բերեն իրենց քաղաքներուն, երկիրներուն եւ աշխարհի մէջ:

Վի.Այ.Էլ.ը (VIL) կու տայ համալսարանական վկայականներ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին ակադեմական յառաջդիմութիւն եւ պատրաստութիւն ունենալ՝ Քրիստոնէական Ծառայութեան մէջ մասնագիտական ծառայութեան համար: Անիկա չորս տարուայ Քրիստոնէական Ուսումնական ծրագիր մըն է՝ նպատակ ունենալով հովիւներ պատարստել տարբեր ծառայութիւններու համար:

Ծառայութեան Մեր Օրինակը

Հին Կտակարանին մէջ ծառայութեան համար մարզումը Հոգիին առաջնորդութեամբ կ'ըլլար եւ ծնունդ կ'առնէր մարգարէներու դպրոցին մէջ: Նոր Կտակարանին մէջ ծառայութեան համար մարզումի լաւագոյն օրինակը կը տեսնենք Անտիոք եւ Եփեսոս քաղաքներու եկեղեցիներուն մէջ, որոնց մասին կը կարդանք Գրծ 11.19-26, 13.1-4, 14.26-28, 15.30-35 եւ 19.1-20-ին մէջ:

Այդ հատուածներուն մէջ կը տեսնենք եկեղեցին քաղաքին մէջ՝ կենսունակ Աստուծոյ զօրութեամբ, եւ ուր Պօղոս, Բառնաբաս, Շիղա, Տոքթ.Ղուկաս եւ այլ մարգարէներ եւ ուսուցիչներ տղամարդիկ եւ կիներ կը պատրաստեն պտղաբեր ծառայութեան համար: Անոնք ատիկա կ'ընէին երէցներուն իշխանութեան տակ եւ հաշուետու էին անոնց, որոնք դուրս կը ղրկէին զիրենք:

Ատիկա է նաեւ մեր ուսումի օրինակը: Մենք ակադեմական հիմնարկութենէ մը աւելին ենք: Մենք ուսումնական առաքելութիւն մըն ենք՝ հոգիով եւ զօրութեամբ, կեդրոնացած ըլլալով կեանքերու, քաղաքներու եւ երկիրներու Աստուծոյ զօրութեամբ վերականգնումի եւ փոխակերպումի գործին վրայ:

Ի՞նչ է նպատակը Վի.Այ.Էլ.ի

Մեր նպատակն է ամբողջ աշխարհի մէջ տարածել ոչ-կղերական հաւատացեալները մարզելու մեր տեսիլքը:

Մեր նշանաբանն է՝ Ամբողջ Խօսքը՝ ամբողջ աշխարհին:

Մեր Ծրագիրի Նպատակները

Մեր ուսումնական ծրագիրը աւարտող աշակերտը պիտի կարենայ.

  1. Առաջնորդել համայնք մը ստեղծագործ, աստուածաշնչական գիտութեամբ փոխակերպական ուղղութիւններով
  2. Պատշաճ կերպով հակազդել ընկերութեան մէջ նորոյթ դարձած երեւոյթներու, որոնք իրենց ազդեցութիւնը կ'ունենան եկեղեցւոյ ծառայութեան վրայ
  3. Սխալին հանդէպ հակառակ կեցուածք որդեգրելու եւ միւս կողմէ կարեկցական կեցուածքներ առնելու նոր ձեւեր որդեգրել՝ Քրիստոնէական աւանդութեան պատմական աղբիւրներուն հիման վրայ
  4. Դրսեւորել աստուածաշնչական գիտութիւն եւ աստուածաբանական մտածութիւն
  5. Ծառայութեան մէջ ստանձնել զանազան տեսակի դերեր
  6. Դրսեւորել ծառայութեան այլազան ձիրքեր՝ ընդհանուր եւ որոշակի
  7. Ծառայել զանազան կարիքներ ունեցող մարդոց՝ ընտրելով պատշաճ մօտեցումները
  8. Դրսեւորել գործնական ձիրքեր Քրիստոնէական ուսուցման, քարոզութեան, ղեկավարութեան, հովուութեան, խորհրդատուութեան եւ միջ-մշակութային կացութիւններու մէջ

Ընդհանուր Տեղեկութիւններ

Քու կոչումիդ դաշտին համաձայն, կրնաս ընտրել հետեւեալ չորս մասնագիտութիւններէն.

  1. Աստուածաբանութիւն
  2. Քրիստոնէական Խորհրդատուութիւն
  3. Քրիստոնէական Կրթութիւն
  4. Ղեկավարութիւն

Առաջին Տարի - Աշակերտիլ

Վկայական IV Քրիստոնէական Ծառայութեան (30 քրետի)

Ծառայութեան Մարզումի այս մակարդակը կը պարունակէ.

  • Աստուածաշնչական սերտողութիւններու եւ աստուածաբանութեան ծանօթութեան դասեր
  • Քրիստոնէական նկարագիրի զարգացում, վարչական ձիրքեր, ամուսնութեան եւ ընտանիքի ամրապնդման (հարստացումի) ձիրքեր եւ աւետարանչական արեւելումով հաղորդակցութեան ձիրքեր

Աշակերտները կը պատրաստէ որպէսզի ծառայեն իբրեւ.

  • Փոքր խումբերու առաջնորդներ, տան ընկերութիւններ կազմակերպողներ, աստուածաշունչի սերտողութեան առաջնորդներ

Աստուածաշնչական Սերտողութիւններ եւ Աստուածաբանութիւն (Քրիստոնէական Ծառայութեան Բաժին)

  • BI 100 – Մեկնաբանութիւն. Աստուածաշունչի Սերտողութեան Ծանօթութիւն
  • BI 102 – Նոր Կտակարանի Ուսումնասիրութիւն
  • RS 101 – Քրիստոնէական Կենսունակ Հիմեր
  • RS 109 – Հոգեւոր Կազմութիւն. Ճամբորդութիւն Դէպի Առողջութիւն
  • RS 102 – Քրիստոնէական Կեանք
  • BI 201 – Յովհաննէսի Աւետարանը

Գործնական (Հանրային Ծառայութեան Բաժին)

  • CC 101 – Ամուսնութեան Ընկերաբանութիւնը եւ Ընտանեկան Կեանք
  • GE 112 – Ծանօթութիւն Վարչական Գիտութեան
  • RS 219 – Քրիստոնէական Նկարագիրի Զարգացում
  • GE 103 – Շարադրութիւն Գրել
  • RS 103 – Յառաջացած Հաղորդակցութիւն. Աւետարանչութիւն

Երկրորդ Տարի - Ծառայութիւն

Քրիստոնէական Ծառայութեան Վկայագիր (30 քրետի)

Ծառայութեան Մարզումի այս մակարդակը կը պարունակէ.

  • Աստուածաշնչական սերտողութիւններու, պաշտամունքի եւ աստուածաբանութեան միջնակարգ դասեր
  • Ուսուցանելու ձիրքեր, խորհրդատուութեան եւ հովուական հոգատարութեան ձիրքեր, ֆինանսական պատասխանատուութեան եւ վերակացութեան ձիրքեր եւ քարոզելու ձիրքեր

Աշակերտները կը պատրաստէ որպէսզի ծառայեն իբրեւ.

  • Եկեղեցւոյ բաժանմունքներու վերակացուներ, օգնական հովիւներ, ոչ-կղերական առաջնորդներ, սարկաւագներ

Աստուածաշնչական Սերտողութիւններ եւ Աստուածաբանութիւն (Քրիստոնէական Ծառայութեան Բաժին)

  • BI 101 – Հին Կտակարանի Ուսումնասիրութիւն
  • BI 103 – Հնգամատեանը
  • BI 202 – Գործք Առաքեալները
  • BI 203 – Պօղոսի Նամակները. Հռոմէացիներուն
  • RS 209 – Հաւատքի Ուժաբանութիւն
  • RS 105 – Պաշտամունքի Աստուածաբանութիւնը

Գործնական (Հանրային Ծառայութեան Բաժին)

  • GE 220 – Ֆինանսական Պարկեշտութիւն եւ Վերակացութիւն
  • ED 101 – Ուսուցանելու Ուժաբանութիւնը
  • CC 201 – Ծանօթութիւն Հոգեբանութեան. Քրիստոնէական Խորհրդատուութեան Տեսակէտներ
  • RS 212 – Ատենախօսութիւն եւ Հաղորդակցութիւն. Քարոզչութիւն (կամ Բերմբասացութիւն)

Երրորդ Տարի - Ղեկավարութիւն

Քրիստոնէական Ծառայութեան Յառաջացած Վկայագիր (30 քրետի)

Ծառայութեան Մարզումի այս մակարդակը կը պարունակէ.

  • Աստուածաշնչական սերտողութիւններու, աստուածաբանութեան, միսիոնարութեան եւ եկեղեցւոյ աճման յառաջացած դասեր
  • Հովուական ղեկավարութեան ձիրքեր, եկեղեցի ցանելու ձիրքեր, եկեղեցի եւ առաքելութիւն զարգացնելու ձիրքեր եւ միսիոնարական /միջազգային յարաբերութիւններուն ձիրքեր

Աշակերտները կը պատրաստէ որպէսզի ծառայեն իբրեւ.

  • Եկեղեցի ցանող, աւագ հովիւ, միսիոնար, առաքելութեան առաջնորդ

Աստուածաշնչական Սերտողութիւններ եւ Աստուածաբանութիւն (Քրիստոնէական Ծառայութեան Բաժին)

  • BI 302 – Հին Կտակարանի Մեծ եւ Փոքր Մարգարէները
  • RS 200 – Քաղաքակրթութեան Պատմութիւն Ա. Եկեղեցւոյ Պատմութեան Տեսակէտներ
  • RS 217 – Հրաշաձօնական (Քարիզմաթիք) Աստուածաբանութեան Ծանօթութիւն
  • GE 201 – Մշակութային Մարդաբանութիւն. Քրիստոնէական Տեսակէտ մը
  • RS 210 – Արեան Ուխտը
  • CC 301 – Անձի Գաղափարը. Աստուածաշնչական Ներքին Բժշկութեան Սերտողութիւններ

Գործնական (Հանրային Ծառայութեան Բաժին)

  • RS 304 – Ծանօթութիւն Ղեկավարութեան
  • RS 301 – Հովուական Ծառայութիւն
  • RS 305 – Աշխարհի Միսիոնարութեան Ծանօթութիւն
  • RS 314 – Եկեղեցւոյ Աճման Սկզբունքներ եւ Փիլիսոփայութիւն

Ծառայութեան Պաքալորիոս

Ընդհանուր նիւթեր (15 քրետի)

  • BI 400 – Յառաջացած Մեկնաբանութիւն
  • BI 405 – Աստուածաշունչի Վաւերականութիւնը եւ Իշխանութիւնը
  • RS 435 – Քրիստոնէական Աստուածաբանութիւն
  • RS 442 – Եկեղեցւոյ Աճում եւ Զարգացում
  • RS 444 – Յառաջացած Քրիստոնէական Աշխարհահայեացքի Սերտողութիւններ

Մասնագիտութեան նիւթեր (15 քրետի)

- Աստուածաբանութեան շեշտով

  • RS 419 – Դասաւորեալ Աստուծաբանութիւն
  • RS 436 – Եկեղեցաբանութիւն
  • RS 437 – Քրիստոսաբանութիւն
  • RS 438 – Վախճանաբանութիւն
  • RS 439 – Հոգեխօսութիւն. Հոգեգալստական/Հրաշաձօնական (Քարիզմաթիք) Տեսակէտներ

- Քրիստոնէական Խորհրդատուութեան շեշտով

  • CC 402 – Տագնապի Խորհրդատուութիւն. Քրիստոնէական Տեսակէտ մը
  • CC 404 – Խորհրդատուութիւն Քանդուած Ընտանիքին
  • CC 406 – Խորհրդատուութիւն - եւ Ընտանեկան Վայրագութիւն
  • CC 415 – Մարդկային Զարգացում
  • OL 440 – Տագնապի Կառավարում եւ Լուծում

- Քրիստոնէական Կրթութեան շեշտով

  • CC 415 – Մարդկային Զարգացում
  • ED 401 – Քրիստոնէական Կրթութիւն. Սկզբունքներ եւ Կիրառում
  • ED 432 – Դասարանի Կառավարում
  • OL 440 – Տագնապի Կառավարում եւ Լուծում
  • OL 460 – Բարոյագիտութիւն Ղեկավարութեան Մարզին մէջ

- Ղեկավարութեան շեշտով

  • CC 415 – Մարդկային Զարգացում
  • OL 440 – Տագնապի Կառավարում եւ Լուծում
  • OL 460 - Բարոյագիտութիւն Ղեկավարութեան Մարզին մէջ
  • RS 440 – Ղեկավարութեան Մարտահրաւէրը
  • RS 441 – Եկեղեցւոյ Ռազմավարական Վարչութիւն

Արուեստի Պաքալորիոսի վկայականին համար, ուսանողները պէտք է.

  • Ունենան երկրորդական վարժարանի վկայական կամ համապատասխան վկայագիր մը
  • Հայթայթեն նիշեր երկրորդական վարժարանի կամ համալսարանական ուսման, որոնց միջինը պէտք է ըլլայ առնուազն 2.5/4, կամ ալ վկայուած քոլէճէ մը կամ համալսարանէ մը համապատասխան արժեւորումը
  • Մեր ծրագիրին լաւագոյն կերպով հետեւելու համար, հետեւեալ նուազագոյն քրետիները կ'ակնկալուին ուսանողէն որոշ մարզերու մէջ.
    • Գրական նիւթեր ... 6 քրետի
    • Արուեստի նիւթեր ... 3 քրետի
    • Ընկերային եւ Վարմունքային Գիտութիւններ ... 6 քրետի
    • Բնական Գիտութիւններ եւ Ուսողութիւն ... 6 քրետի
    • Համակարգիչի Հմտութիւն ... 3 քրետի

Լեզուներ

Դասերը կը տրուին անգլերէն լեզուով ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնով (3-րդ եւ 4-րդ տարիները):

Արաբերէնով եւ ուրիշ լեզուներով դասերը պատրաստութեան մէջ են:

Գիրքերուն Հեղինակները

Դասագիրքերը գրուած են Քրիստոսի Մարմինին մէջ փորձառու ուսուցիչներու եւ ակադեմականներու կողմէ:

Ուսումի Ձեւ (Method of Study)

  • Դասին գիրքը կը տրուի աշակերտին
  • Աշակերտը գրաւոր մը կ'ընէ
  • Կը գրէ նաեւ ուսումնասիրական թուղթ մը եւ զանիկա կը ներկայացնէ

Վճարում

Վճարումները կը կատարուին իւրաքանչիւր դասի դասագիրքը ստանալէն առաջ

Ինչո՞ւ Մասնակցիս

  • Աստուածաշնչական է
  • Գինը յարմար է
  • Ապակեդրոնացեալ ուսում է
  • Վերարտադրութեան ռազմավարութիւն մըն է
  • Չկայ յարանուանական խտրականութիւն
  • Չորս տարուայ ծրագիր մըն է
  • Կրնաս հետեւիլ վաւերացուած կամ չվաւերացուած ծրագիրին

Յաւելեալ Տեղեկութիւններ

  • Աշակերտ մը կրնայ ուղղակի 3-րդ տարիէն սկսիլ եթէ վերջացուցած է Ծառայութեան Միաջզգային Դպրոցի (ISOM) 5 եռամսեակները
  • Կրնաս նաեւ հետեւիլ Վի.Այ.Էլ.ի (VIL) մաքիստրոսի եւ տոքթորական ծրագիրներուն