Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ, թէ Սուրբ Հոգին կը գործէ միայն ԽՕՍՔԻՆ համաձայն եւ Անոր հետ գործակցաբար:

Նաեւ կը սորվեցնէ, թէ Խօսքը մեր բերնին մէջ զօրաւոր է այնքան որքան Աստուծոյ բերնին մէջ զօրաւոր է (Ռայնհարտ Պոնքէ - Reinhard Bonnke):

Ծն 1.1-2 - «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց: Երկիրը անձեւ ու պարապ էր եւ անդունդին վրայ խաւար կար եւ Աստուծոյ Հոգին ջուրերուն վրայ կը շարժէր»:

Մեկնաբաններ կ'ըսեն, թէ Ծն 1.1-2 եւ 3-րդ համարներուն միջեւ պարապութիւն կայ, բացատրելով, թէ Սատանային անկումը եւ մեղքին աշխարհ մտնելը պատճառ եղան աշխարհի այդ անձեւ, պարապ ու խաւար վիճակին:

Ուստի, Աստուածաշունչը երրորդ համարէն կը սկսի խօսիլ Ստեղծագործութեան մասին, զոր մարդը պիտի կարենար հասկնալ կամ ըմբռնել:

Սուրբ Հոգին

«[...] Եւ Աստուծոյ Հոգին ջուրերուն վրայ կը շարժէր» (հմր 2):

Սուրբ Հոգին պատրաստ էր, սակայն կարծես սպասման վիճակի մէջ էր: Աստուծոյ Հոգին խոր փափաքով եւ նոր տեսիլքով կը սպասէր, որ Աստուծոյ Խօսքը արձակուէր, որպէսզի Խօսքին համաձայն առաջին գլուխին մէջ պատկերուած գեղեցիկ ստեղծագործութիւնը դուրս բերէր:

Սուրբ Հոգին Իր զօրութիւնը Խօսքին ճամբով պիտի թափէր՝ նոր ստեղծագործութիւնը դուրս բերելու համար:

Սուրբ Հոգին կը շարժէր անձեւ, պարապ եւ խաւար երկիրին վրայ, սպասելով ԽՕՍՔԻՆ:

Աստուծոյ Հոգին Աստուծոյ նպատակները եւ ծրագիրները կատարելու համար կը սպասէր Խօսքին: Մենք ալ, երբ Սուրբ Հոգիով մեր լեցունութիւնը Խօսքին ենթարկելով շարժինք, Սուրբ Հոգիին ստեղծագործ, հրաշագործող պարգեւներով պիտի գործենք եւ ծառայենք:

Կարծես Խօսքը շրջագիծը, ձեւը, տեսքը, կաղապարը եւ գոյնն է, իսկ Սուրբ Հոգին զանոնք գործածելով բաներ կեանքի բերող ստեղծագործ ստեղծիչն է:

Խօսքը եւ Սուրբ Հոգին

Այսօր ալ երբ Աստուծոյ Խօսքը կը խօսինք, Սուրբ Հոգին կը գործէ զանիկա ընդունողներուն մէջ: Կարդա՛ Յհ 1.12: Սուրբ Հոգին Խօսքը՝ Բանը՝ Յիսուսը ընդունողներուն «[...] իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու [...]»:

Նաեւ տե՛ս Ա.Թս 1.5, 2.13 եւ Սղ 107.20, հմմտ 104.30:

Սուրբ Հոգին կը Սպասէր Պետրոսին (Գրծ 10.1-48)

  1. Հրեշտակին գործը չէր: Հրեշտակը Կոռնելիոսին յայտնեց Աստուծոյ տեսակէտը անոր գործերուն, աղօթքներուն եւ ողորմութիւններուն մասին, բայց ոչ մէկ բառ ըսաւ փրկութեան աւետիսին մասին. հապա առաջարկեց, որ Սիմոն Պետրոսը հրաւիրէր, որպէսզի ան որպէս առաքեալ բաժնեկցէր փրկութեան աւետարանը:
  2. Սուրբ Հոգին սպասեց Իր Ծառային՝ Պետրոսին: Այդ միջոցին Սուրբ Հոգին կը սպասէր: Բայց երբ Պետրոս խօսելու սկսաւ եւ ներկայացուց Փրկիչը եւ փրկութիւնը, Սուրբ Հոգին խօսքին վերջանալէն իսկ առաջ հանգչեցաւ ներկաներուն վրայ եւ Սուրբ Հոգիով եւ կրակով լեցուց հեթանոսները, որոնք սկսան լեզուներով խօսիլ եւ փառաւորել զԱստուած:

Մինչ դուն կը խօսիս ԽՕՍՔԸ եւ քու վկայութիւնդ կը բերես, Սուրբ Հոգին ալ քու մէջէդ եւ քու հետդ կեցած կը վկայէ. «Մենք այս բաներուն համար Անոր վկաներն ենք, ու Սուրբ Հոգին ալ՝ որ Աստուած իրեն հնազանդ եղողներուն տուաւ» (Գրծ 5.32):

Նախորդ Հրապարակում Աչքերդ Վեր Վերցուր եւ Նայէ (Ծննդոց 13.1-18)
Յաջորդ Հրապարակում Զօրութիւն եւ Նպատակ (Գործք Առաքելոց 1.1-5)