«Առաջին գիրքիս մէջ, ո՛վ Թէոփիլոս, գրեցի այն բոլորին մասին, որ Յիսուս կատարեց եւ սորվեցուց սկիզբէն մինչեւ այն օրը, երբ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ իր պատուէրները տալէ ետք Իր ընտրած առաքեալներուն, երկինք համբարձաւ: Իր չարչարանքներուն յաջորդող քառասուն օրերուն ընթացքին ան քանիցս երեւցաւ անոնց, բազմաթիւ ձեւերով ցոյց տալով՝ թէ ինք այլեւս ողջ է, եւ խօսեցաւ Աստուծոյ թագաւորութեան մասին: Եւ առիթով մը, երբ անոնց հետ միասին հաց կ'ուտէր, անոնց պատուիրեց.- Երուսաղէմէն մի՛ հեռանաք, սպասեցէք, մինչեւ ստանաք Հօրը խոստումը, որուն մասին խօսեցայ ձեզի: Յովհաննէս ջուրով մկրտեց, բայց դուք Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք մօտ ատենէն» (Գրծ 1.1-5, շեշտադրումը՝ մեր կողմէ):

Ղուկաս Աւետարանիչ Գործ Առաքելոց գիրքը կը սկսի ճիշդ այն տեղէն, ուր իր աւետարանին նիւթը կանգ առած էր (1.1-3): Անոր կեդրոնացումն է Յիսուսի յարութենէն ետք գալիք Սուրբ Հոգիին խոստումին մասին խօսիլը, որ իր գիրքին բուն նիւթն է (1.4-5):

Այդ օրերուն առաքեալները տակաւին մտահոգ էին Աստուծոյ խոստացած թագաւորութեան գալուն նիւթով: Այդ պատճառով Յիսուս կը մղէ, որ աւելի կեդրոնանան վկայելու վրայ եւ կը խոստանայ զօրութիւն՝ քանի մը օր ետք Սուրբ Հոգին գալովը (1.6-8):

Գրծ 1.1-5-ին մէջ կը գտնենք յատուկ նամակ մը՝ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ, որ կը մղէ եկեղեցին, որ Աստուծոյ Հոգիով ներշնչուած (վառած) ծառայէ:

Յաւելեալ Կէտեր

  • Այդ բաներէն ետք, Յիսուս անոնց աչքերուն առջեւ երկինք կը համբարնայ (1.9-11):
  • Հաւատացեալները Երուսաղէմ կը վերադառնան ու աղօթքով կը սպասեն (1.12-13):
  • Շարունակ կը հանդիպին աղօթելու համար (1.14):
  • Յուդայի փոխարէն կ'ընտրեն մէկը, որ տասներկուքին միանայ, որպէսզի յարուցեալ Յիսուսը վկայէ (1.15-26):

Պատուէր, Կենդանի եւ Սուրբ Հոգիի Մկրտութիւն

Երեք Կարեւոր Կէտերը

  1. Յիսուս Սուրբ Հոգիին միջոցաւ պատուէր տուաւ առաքեալներուն (1.1-2):
  2. «[...] Քանիցս երեւցաւ անոնց, բազմաթիւ ձեւերով ցոյց տալով, թէ Ինք այլեւս ողջ է, եւ խօսեցաւ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին» (1.3):
  • Երբ Յիսուս կը խօսէր Թագաւորութեան մասին, առաքեալները երեւակայական թագաւորութիւն մը չէին պատկերացներ, հապա իրապէս կ'ակնկալէին, որ անիկա գար եւ կատարուէր:
  1. «[…] Յովհաննէս ջուրով մկրտեց, բայց դուք Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտէք մօտ ատենէն» (1.4-5):

Յիսուսի Փառաւոր Պատմութիւնը Չվերջացաւ

Ղուկաս Աւետարանիչ իր գիրքին սկիզբը շատ յատուկ միտք մը կու տայ: Ան Յիսուսի գործերը երկու մասի բաժնելով կը խօսի հետեւեալներուն մասին.

Ա. 1) Երկրի վրայ Յիսուսի գործերուն, 2) Յիսուսի Անձին,3) Յիսուսի առաքելութեան սկիզբին, եւ 4) Առաքելութեան կատարումին երբ Ան փառքով նստեցաւ Հօրը աջ կողմը

  • Բոլոր ըսուածները արձանագրուած են Աւետարաններուն մէջ:

Բ. 1) Երկինքէն կատարուող Յիսուսի գործերուն, 2) Սուրբ Հոգիին, 3) Յիսուսի առաքելութեան շարունակութեան, եւ 4) (Որ պիտի շարունակուի) Մինչեւ երկրորդ գալուստը

  • Առաքեալներու գործերը գիրքին մէջ արձանագրուած է ըլլալիքներուն եւ գալիք բաներուն սկիզբը:

Այդ բոլորը մեզի կը յայտնեն, թէ Հօր քով երթալը վերջ չի դներ Յիսուսի փառաւոր պատմութեան:

Սուրբ Հոգիին Միջոցաւ Պատուէր Տուաւ (1-2)

  1. Յիսուս Իր ուզած ատեն կ'երեւէր աշակերտներուն:
  2. Աշակերտները Հոգիէն առաջնորդուած կ'ապրէին:
  3. Յարութենէն ետք, աշակերտները կը տեսնէին Յիսուսի, երբ որ Ան որոշէր երեւիլ: Ատիկա շատ զօրաւոր փորձառութիւն մըն էր անոնց համար, որովհետեւ այդպիսով սորվեցան ապրիլ իրականութեան մը մէջ, ուր ուղղակի չէին տեսներ Յիսուսը, բայց գիտէին, թէ յարութիւն առած էր:
  4. Յիսուսի պատուէրները եւ կապը աշակերտներուն հետ Սուրբ Հոգիով կ'ըլլար: ա. Յիսուս փառաւորուած էր, եւ Հոգին Իրմէ կը հոսէր Յհ 7.39-ին համաձայն: բ. Ատիկա ցոյց կու տար, թէ երբ աշակերտները Յիսուսը պիտի ներկայացնէին, ատիկա պիտի ընէին Սուրբ Հոգիին միջոցաւ եւ ոչ մարդկային ձեւերով: գ. Պատուէրը նոյնն է այսօր. յաջողութեան բանալին Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ Յիսուսը աշխարհին ներկայացնելն է:

Ինքզինք Ցոյց Տուաւ Կենդանի, Շատ Ապացոյցներով եւ Թագաւորութեան Մասին Խօսելով (3-4)

  1. Յարութենէն ետք Տիրոջ երեւիլները կը վկայէին Անոր յարութեան հարազատութիւնը: ա. Յիսուսի հետ հանդիպումը եւ յարաբերութիւնը սիրտիդ մէջ կը հաստատէ Անոր յարութեան հարազատութիւնը): բ. Տէր Յիսուս անոնց տուաւ համոզիչ փաստեր:
  • Յունարէնով «թեքմի՛րիոն», զոր միայն այս տեղին մէջ կը գործածուի եւ որ ակնարկութիւն է իրական, շօշափելի ապացոյցներու:
  • Այլ խօսքով, յարութիւնը փաստուեցաւ՝ շօշափելով, տեսողութեամբ եւ զգալով (Ղկ 4.39-40: Ա.Յհ 1.1):

գ. Յիսուսով բան մը չի պակսիր մեզի այսօր:

  1. Յիսուսի յարութիւնը նոյն փաստերով կը գործէ այսօր, Աստուծոյ վստահողներուն սիրտերուն եւ կեանքերուն մէջ (Մտ 6.33: Հռ 14.17: Ա.Յհ 3.1-9): ա. Ինչ կը վերաբերի Աստուծոյ Թագաւորութեան, աշակերտները ունէին իրենց անձնական քաղաքական մօտեցումը, տեսակէտը եւ ընդհանրապէս կը մտածէին իրենց դիրքին մասին: բ. Յիսուս չյանդիմանեց զանոնք (Գրծ 1.7-8), հապա անոնց ուշադրութիւնը ապագան փնտռելէն դարձուց դէպի ներկային մէջ զբաղ եւ գործունեայ ըլլալուն եւ Թագաւորութեան լուրը բաժնեկցելուն, զոր յատուկ կերպով շեշտուած կ՚երեւի Գրծ 8.12, 14.20-21, 20.25, 28.23,31-ին մէջ:

Սուրբ Հոգիով Պիտի Մկրտուիք (5)

Առաքեալները եւ աշակերտները շատ տեսակի բացատրութիւններ եւ ակնկալութիւններ ունէին Սուրբ Հոգիին գալուն հետ կապուած, բայց Յիսուսի հիմնական կեդրոնացումն ու յորդորն էր, որ անոնք չմտածեն մարմինին համար.

  • Այսինքն՝ Թագաւորութեան մէջ իրենց դիրքին եւ ապագային մասին, հապա՝ երբ Սուրբ Հոգին ստանան, ԱՊՐԻՆ, ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆ ու ըլլան Անոր ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ եւ Անոր կողմէ ՂՐԿՈՒԱԾՆԵՐԸ:
  • Հասկնան, թէ հոգեւոր թագաւորութիւնը կը սկսի հոգիներու փրկութեամբ եւ կը շարունակուի երկրի երեսը փոխելով: Վերջապէս Հօր կամքը կատարելով երկրի վրայ, ճիշդ ինչպէս է երկինքի մէջ:

Տէր Յիսուս այսօր կ'ուզէ քու կեդրոնացումդ հեռացնել ապագային ըլլալիքներուն մասին մտածելէն եւ կը մղէ ներկային մէջ գործելով զանիկա շինելու, որովհետեւ ներկան շինելը յաջող եւ առողջ ապագայ շինելու միակ միջոցն էր եւ է:

Պատրաստ Ըլլալով Սպասէ՛ (8)

... Սուրբ Հոգիին գալուն

  • Ընդունէ զօրութիւնը:
  • Շինէ ներկայ:

Յիսուսի պատասխանը կ'առաջարկէ, թէ մինչ կը սպասենք, ՊԱՏՐԱՍՏ ըլլանք եւ ԱԿՆԿԱԼԵՆՔ Սուրբ Հոգիին գալը, որպէսզի ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՆԱՆՔ ու ներկայ ժամանակներու ՎԿԱՆԵՐԸ ըլլանք:

Նախորդ Հրապարակում Զօրութիւն՝ Խօսքով
Յաջորդ Հրապարակում Կորսուածները Ազատենք (Ծննդոց 14.1-16)