Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ եւ մեզ կը մարզէ, որ յաջողութեամբ ընդունինք եւ իրագործենք Աստուծոյ խոստումները:

Երբ Աստուած մեզ ճամբայէ մը կը ղրկէ՝ անոր հետ կապուած խոստում մըն ալ տալով, արդէն որոշած կ’ըլլայ խոստացածը տալ մեզի: Մեզի կը մնայ, որ ճիշդ ճամբայէն քալենք, հասնինք հոն, ուր պէտք է հասնինք եւ խոստումը ստանանք:

Աստուած ճամբուն ընթացքին կը մաքրէ եւ կը դաստիարակէ մեզ, որպէսզի զանազան պատճառներով մեզի հետ շալկած բեռներէն եւ արգելքներէն ձերբազատուելով՝ ձեռք բերենք խոստումները, մեր ժառանգութիւնը:

Քրիստոնէական մեր ճամբուն հետ կապուած, Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ բան մը, որ կը վերաբերի այս նիւթին. «Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք. քանզի ի՞նչ մասնակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ եւ ի՞նչ հաղորդակցութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ եւ ի՞նչ միաբանութիւն ունի Քրիստոսը Բելիարին հետ, կամ ի՞նչ բաժին ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ եւ ի՞նչ յարմարութիւն ունի Աստուծոյ տաճարը կուռքերուն հետ. վասն զի դուք կենդանի Աստուծոյ տաճարն էք [...]» (Բ.Կր 6.14-16):

Ծն 13.14-15

«Եւ Տէրը Աբրամին ըսաւ՝ Ղովտէն զատուելէն ետքը. “Հիմա աչքերդ վեր վերցուր ու քու եղած տեղէդ հիւսիս եւ հարաւ եւ դէպի արեւելք ու արեւմուտք դիտէ. վասն զի այդ բոլոր երկիրը, որ կը տեսնես, քեզի ու քու սերունդիդ պիտի տամ յաւիտեան”»:

Կոչում եւ Կապակցութիւն (Ծն 13.1-4)

Եգիպտոսի հարցերէն ետք, Աբրամ իր կնոջ՝ Սարայի եւ եղբօրորդիին՝ Ղովտի հետ ինչպէս նաեւ իր ամբողջ ունեցածովը Քանանի հարաւակողմը բնակելու եկաւ: Ան Բեթէլի եւ Գայիի մէջտեղ վրանը դրաւ եւ հոն Տիրոջ անունը կանչելու սկսաւ (Ծն 13.1-4):

  1. Ծն 12.5-ին մէջ կը նկատենք, թէ Աբրամ Ղովտը իրեն հետ կ’առնէ, որովհետեւ Ղովտի հօր՝ Առայի կանուխ մեռած ըլլալուն պատճառով, սկիզբէն Ղովտ իր մեծհօրը՝ Թարայի հետ ելած էր ճամբորդութեան (Ծն 11.31): Ուստի Ղովտ ընտանեկան կապով Աբրամի հետ էր եւ ոչ ուղղակիօրէն Աբրամի կոչումին ենթարկուած ըլլալուն պատճառով: Աբրամի կոչումին, ճամբորդութեան եւ Տիրոջ խոստումը առնելու գործին մէջ Ղովտին գտնուիլը սխալ զիջում էր: Բան մը, որմէ պէտք է ամէն հաւատացեալ զգուշանայ, ըլլայ իբրեւ Քրիստոսի Մարմինի անդամ հաւատացեալ ըլլայ յատուկ կոչումով մը կանչուած ծառայ մը: ա. Աբրամի հետ ըլլալուն պատճառով Ղովտ հարստացաւ, օրհնուեցաւ եւ չկորսնցուց իր ունեցածները (Ծն 13.5): բ. Ա՛յդ ձեւով կարելի է բացատրել եղածը, որովհետեւ Ղովտի սիրտը նախ հարստութեան եւ գեղեցիկը փնտռելու վրայ էր եւ ապա միայն կոչումին:
  2. Հաւատացեալին կոչումը կը պահանջէ առաջնահերթ կարգ եւ յատուկ ուշադրութիւն:

Քանդիչ Առաջնահերթութիւն

Յաջողութիւն գտնելու համար, հաւատացեալին եւ առաջնորդին առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ կոչումը, եւ միայն երկրորդ կարգ գրաւեն անձնական շահերը: Այլապէս՝ հակառակը կրնայ քանդիչ ըլլալ անձին եւ ուրիշին համար (տե՛ս Ծն 13.6):

Կոչումը Մեծարէ (Ծն 13.8-9)

«[...] Զատուէ ինձմէ [...]»:

Ղովտ պէտք էր ի՛նք Աբրամի հետ խօսէր եւ յարգելով անոր կոչումը՝ զիջում ցոյց տար եւ նոյնը պատուիրէր նաեւ իր գործակիցներուն՝ որպէսզի բոլորն ալ կոչումին ճամբուն մէջ եւ անոր պահանջներուն համաձայն յառաջ երթային:

Ղովտ սոսկ ընտանեկան կապակցութեան պատճառով ճամբայ ելած էր (Ծն 11.31, 12.5), եւ ատոր համար կոչումը լքելով հեռանալը հեշտ էր անոր համար:

(Հմր 9) Կոչումը եւ արտաքին երեւոյթները շատ անգամ լաւ բաներ կը խոստանան անհատներու, որոնք կը մօտենան ոչ թէ բեռը նկատի ունենալով, հապա՝ կոչումին հետ կապուած կարգ մը արտաքին բարիքները տեսնելով.

  1. Ճամբորդութիւններ
  2. Ոչ շատ դժուար գործ, ազատ ժամեր եւլն.

Երկրաւոր Դրախտը Փնտռողը (Ծն 13.10-11)

Աբրամի առաջարկէն ետք, Ղովտ անմիջապէս իրեն համար ջրարբին, լաւագոյն վայրը ընտրեց: ա. Ղովտ չյարգեց Աբրամը, որ կոչումին եւ բարիքներուն տէրն էր: բ. Ղովտ փնտռեց ֆիզիքականին համար լաւը եւ անտեսեց հոգեւորը: գ. Ղովտ բնակեցաւ Սոդոմի եւ Գոմորի շրջանները: դ. Ղովտ, ըստ Պետրոս առաքեալի, արդար հոգիի տէր մարդ էր (տե՛ս Բ.Պտ 2.6-8): Բայց ատով հանդերձ նախընտրեց երկրաւոր դրախտը, որ կը փոխարինէր երկնաւորը:

Տէրը Նոր Մակարդակով մը Խօսեցաւ (Ծն 13.14)

«[...] Ղովտէն զատուելէն ետքը [...]»

  1. Զատուէ՛ հինէն:

ա. Աբրամի Ղովտէն բաժնուելէն ետք. «[…] Տէրը Աբրամին ըսաւ […] “Հիմա աչքերդ վեր վերցուր ու քու եղած տեղէդ հիւսիս եւ հարաւ եւ դէպի արեւելք ու արեւմուտք դիտէ. վասն զի այդ ամբողջ երկիրը, որ կը տեսնես, քեզի ու քու սերունդիդ պիտի տամ յաւիտեան”» (13.14-15):

  • Տէրը նոր մակարդակով սկսաւ խօսիլ Աբրամի հետ:

բ. Շատ անգամ մենք ալ պէտք ունինք զատուելու կարգ մը բաներէ, որպէսզի Տէրը մեզի ալ տայ նորը, յաջորդը, կամ նոր մակարդակը:

  1. Հաւատքով ժառանգէ:
  • Ո՛րքան կրնաս տեսնել հաւատքի աչքերովդ, ատիկա կոչումիդ համաձայն քեզի պիտի ըլլայ: Թէեւ Աբրամ ֆիզիքական աչքերով կը նայէր, բայց հաւատքով տեսնելով՝ իրեն սեփականութիւն ըլլալիք սահմանը կ’որոշէր:

«Տեսածդ» Քեզի եւ Սերունդիդ Համար Է (Ծն 13.15)

Հաւատքի միջոցաւ նայելով՝ Աբրամի պիտի տրուէր ի՛նչ սահման, որ կարենար գծել իրեն համար: Ի՛նչ տարածք, որ հաւատքի ճամբով կը տեսնես այսօր, ամբողջը քեզի է:

Քու տեսածդ ոչ միայն քեզի ժառանգութիւն պիտի ըլլայ, հապա նաեւ քու սերունդներուդ՝ յաւիտեան:

Ընտելացիր (Ծն 13.17)

Նախքան երկիրը իրեն տրուիլը, Աբրամ պէտք էր շրջէր հոն, եւ զգար ու դիտէր զայն՝ արդէն զանիկա ստացած ըլլալու պէս: Անշուշտ պէտք էր, որ հոն գտնուող եւ աչքով երեւցող բոլոր օտար ազդեցութիւնները յաղթահարելով շրջէր:

Մինչ կը շրջէր, Աբրամ բոլոր արգելք եղող միտքերէն եւ իրականութիւններէն վեր կը դասէր Աստուծոյ խոստումը. ան Աստուծոյ խոստումին շունչով կը դիտէր արգելքներուն եւ ոչ թէ անոնց ազդեցութեան տակ ըլլալով: Այլապէս ան պիտի չյաջողէր հաւատքով մնալ:

Աբրամ պէտք էր քալէր երկիրի մը մէջ, որ տակաւին իրականութեան մէջ կը պատկանէր ուրիշին բայց նաեւ իրեն՝ Աստուծոյ խոստումին միջոցաւ:

Կեանքիդ ընթացքին կա՞ն բաներ, ինչպէս օրինակ առողջութիւն, յաջողութիւն եւլն., որոնք խոստումի ճամբով քեզի տրուած են Տիրոջմով, բայց տակաւին թշնամիին ձեռքն են: Յիսուս քեզի պիտի տայ զանոնք:

Տիրոջ Անունը Կանչէ (Ծն 13.18)

Աբրամ այն տեղին մէջ, ուր տակաւին օտարները կը բնակէին, սեղան շինեց եւ Տիրոջ անունը կանչեց:

Երբ Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Ձեր ոտքին կոխած տեղերը ձեզի պիտի տամ [...]» (Յես 1.3), նկատի ունէր այն ուխտը, որ ժողովուրդին հետ ըրած էր. անոնք իրենց սիրտերը ուխտի միջոցաւ Տիրոջ հետ կապած պիտի ապրէին:

Կոխած Տեղդ Քեզի Ըլլայ

Տիրոջ խոստացած տեղին մէջ սիրտիդ սեղանը շինէ նոյնիսկ երբ տակաւին թշնամին նստած է: Եւ այդ տեղը Տիրոջմով քեզի տրուած հռչակէ:

Երբ սիրտդ Տիրոջ համար պատրաստուած սեղան մը կը դարձնես, ուր որ ոտքդ կոխէ, այդ տեղը քեզի պիտի ըլլայ:

Հռ 12.1-ին համաձայն, քու կեանքդ որպէս կենդանի զոհ պատրաստէ Տիրոջ եւ ատիկա սուրբ եւ հաճելի պիտի ըլլայ Աստուծոյ:

Նախորդ Հրապարակում Երրորդ Տնօրինումը - Մարդկային Կառավարութիւն (Ծննդոց 9.5-6)
Յաջորդ Հրապարակում Զօրութիւն՝ Խօսքով