Մինչ պատմականօրէն այս գլուխները կը խօսին Երուսաղէմի, անոր պարիսպին եւ Իսրայէլացիներուն տրուած օրհնութիւններուն մասին, նոյն ատեն ուղղուած են բոլոր Քրիստոսով փրկուածներուն:

Հրեաները պիտի վայելեն, երբ ընդունին Յիսուսը, հիմա տակաւին կոյր են (Բ.Կր 3.14-18):

Հետեւաբար, երբ կը կարդանք փրկուածներուն ըլլալիք խոստումները, այսինքն՝

  • Երուսաղէմ, կը հասկնանք եկեղեցին
  • Իսրայէլացի, կը հասկնանք Քրիստոսով փրկուածները
  • Պահապանները, կը հասկնանք հաւատացեալները, առաջնորդները, աղօթքները եւլն:

61 րդ գլուխին մէջ, յոբելեան եւ ազատագրման լուրը տալէ ետք.

  • Սուգի փոխարէն ուրախութիւն
  • Մոխիրի փոխարէն փառք
  • Հին աւերակի փոխարէն շինութիւն եւ նորոգութիւն
  • (6) աշխարհին հարստութիւնը բռնող եւ վայելողներ
  • (7) Ամօթին տեղ ուրախութիւն

Աստուած կը շարունակէ օրհնութիւնները եւ խոստումները, 62.7-ին մէջ, կը պարզէ, թէ պէտք է շարունակ հռչակենք մինչեւ որ խոստացուածը իրական մեր ձեռքերուն մէջ ունենանք:

6րդ համարէն կը հասկցուի, թէ գլուխին սկիզբէն խօսողը Աստուած ինքն էր:

  • (62.1) Փրկութիւնդ բոցավար ջահի պէս պիտի պիտի ճառագայթէ
  • (62.2) Արդարութիւնդ ու փառքդ տեսանելի պիտի ըլլայ բոլորին: Բոլորը քեզ պիտի կոչեն, Տիրոջ կողմէ շնորհուած անունով:
  • (62.3) Տիրոջ ձեռքին մէջ վայելչութեան պսակ ու արքայական թագ պիտի ըլլաս:
    • Տէրը քեզ ատոնցմով պիտի ներկայացնէ ամէն տեղ:
  • (62.4) Տիրոջ հաւանութիւնը քու մէջդ եւ կնիքը քու վրադ պիտի ըլլայ (հմմտ Եփ 1.13):
  • (62.6-7) «Պահապանները»՝ Հաւատացեալները թող հսկեն, աղօթեն, ծառայեն մինչեւ որ Աստուած հաստատէ խոստացածները եւ եկեղեցին աշխարհի վրայ ըլլայ փարոս եւ միակ գովելի տեղը:

Հին ժամանակ, «պահապանները» քաղաքին պարիսպին վրայ, կամ շատ անգամ աշտարակին մէջ կը նստէին, որպէսզի մօտեցող թշնամին տեսնեն:

Մենք ալ, անոնց պէս պահպանութիւն կ'ընենք եկեղեցիին:

  • Անոնք իրենց հանգիստը չէին փնտռեր:
    • Մենք ալ մեր հանգիստը չենք փնտռեր, ոչ ալ Աստուծոյ դիմելէն կը հոգնինք, մինչեւ որ Անոր խոստումները հաստատուին:
    • Այսինքն՝ շարունակ կը խնդրենք, մինչեւ որ Ան եկեղեցին պաշտամունքի համար միակ հաճելի տեղը դարձնէ:
      • Առանց մոռնալու, որ մենք ենք եկեղեցին՝ անհատներով:
        Այնքան օրհնուած, որ ամբողջ աշխարհի կողմէ ըլլայ գովելի (Ես 60.15, 61.11):
  • «Պահապանները» բռնուած կը մնային Աստուծոյ խոստումներուն, որովհետեւ գիտէին այդ ուղղութեամբ Անոր փափաքը:
    • Աստուծոյ ժողովուրդը պէտք է աղօթէ հռչակելով՝ Աստուծմով իրեն եղած խոստումներուն համար:
    • Յիսուս այս մէկը յստակացուց երբ իր աշակերտներուն սորվեցուց աղօթել, որ թագաւորութիւնը գայ (Մտ 6.10):
    • Եկեղեցին երբ կանգնի եւ հաստատուի, բնաւ թշնամիին ձեռքը պիտի չ'իյնայ (Ես 62.8-9):
    • Աստուած հաստատեց այդ մէկը «[...] Աջ ձեռքին վրայ [...] երդում ընելով» (Ես 62.8 եւ հմմտ Ես 40.10):
Նախորդ Հրապարակում Գերագոյն Աւետիսը (Ղուկաս 1.5-25)
Յաջորդ Հրապարակում Աստուծոյ Ձեւով Առեւտուր (Ա Մաս)