Առեւտուրի Գաղափարը

Մինչեւ այն ատեն որ մենք մեր սեփական հատիկները ձեռք կը բերենք, ցորենը կաճեցնենք, մեր հագուստները եւ կօշիկները կը կարենք, մեր կարագը կը պատրաստենք, մէկու մը կարիքը պիտի չզգկանք: Ուրիշին մասին պիտի չմտածենք անգամ:

Միայն պիտի մտածենք ինչքան աւելի ժամանակ տրամադրել՝ աւելի ժամանակ ունենալու եւ բանջարեղենին հոգալու եւ անասունները խուզելու համար: Բայց ասիկա ապրելու լաւ առողջ ձեւ մը չէ, մանաւանդ ներկայ աշխարհին մէջ այդպիսով բնաւ չենք յաջողիր:

Միւս կողմէ, մենք կը տեսնենք հռչակաւոր մարդիկ որոնք իրենց գործին մէջ կը մասնագիտանան աշխարհի մէջ ապրելու համար:

Անոնք աւելի կը խորանան հասկնալու ընկերութեան արժէքները:

Անոնք կը սորվին եւ կը կեդրոնանան աւելի օգնել իրարու եւ այսպիսով աւելի կը շահին իրարմէ:

Մեր ողորմած բարի Տէրը մեզ կը մղէ որ մենք մեզի նուիրենք եւ ենթարկենք ուրիշին օգուտը նկատի ունենալով:

Մեր օրհնութիւնը ըլլայ նիւթական կամ այլ բան, ըլլայ միշտ ուրիշին օգուտին համար:

Ըսել կ'ուզեմ, մենք շատ աւելի կը շահինք, երբ մասնագիտանանք եւ իմանանք ճիշդ ձեւով գործել:

Ամէն ով որ առնել տալու կամ փոխ հատուցումի գործին մէջ կ'ըլլայ, վաճառականուիւն կը նկատուի: Երբ մեր գործի մարզին մէջ մասնագիտանանք, շատ աւելի քիչ ջանքով շատ բարիքներ կը վայելենք:

Առեւտուրի Սահմանումը

Ուրեմն այսպիսով արդեն պարզած եղանք ինչ ըսել է առեւտուր:

Հիմա պէտք է սահմանենք, թէ ի՞նչ է առեւտուրը business-ին:

Առեւտուրը շատերուն համար կազմակերպութիւն, անհատական վաճառականութիւն կամ արուեստի մը մէջ ըլլալն է:

Թէեւ այս սահմանումները ճիշդ են, բայց միւս կողմէ, որեւէ անձ կամ խումբ, որ յաճախորդ ունի եւ մէկը որ կը փափաքի վճառել կամովին գործի մը համար որ դուն կ'ընես, կամ ապրանք մը առնելով, որ դուն կ'արտադրես կամ փոխ հատուցանէ ծառայութիւն մը համար, որ դուն ըրած ես, կը նշանակէ դուն առեւտուրի business-ի մէջ ես:

Ամէն ով որ կ'աշխատի, հատուցում ակնկալելով առեւտուրի business-ի մէջ կը նկատուի:

Վարորդ մը, որ ինքնաշարժը կը քշէ, թէեւ սեփական կ'աշխատի, գործաւոր չէ մէկու մը քով, բայց ինքը առեւտուրի մէջ business-ի մէջ է:

Քու հաճախորդդ ինքնաշարժն է: Անոր միջոցաւ կ'աշխատիս, կը նշանակէ առեւտուրի մէջ ես:

Եթէ միայն վզկապ կապես կամ կօշիկի կապ մը կապես, այդ ալ քու բարեկամներուդ եւ փոխարէն վարձատրուիս, դուն կը նկատուիս հագուստի վաճարականութեան տնտեսութեան մէջ ես:

Ինքնաշարժը վարորդին եւ կապ կապողին միջեւ տարբերութիւնը այն է, որ մէկը լման ժամով կ'աշխատի իսկ միւսը ոչ լման ժամանակով:

Եթէ ոչ լման ժամանակով աշխատողը հրաժարի իր միւս գործերէն եւ կեդրոնանայ մէկ գործի վրայ, պիտի սկսի աւելի շահիլ, որովհետեւ իր յաճախորդնրուն աւելի առիթ տուած պիտի ըլլայ եւ այդպիսով աւելի հոգացած պիտի ըլլայ յաճախորդներուն, որոնք պիտի գնահատելով վարձատրեն զինք:

Մասնագիտանալուն Օգուտները

Նկատեցի՞ր, թէ մասնագիտանալը (գործիդ լաւ նայիլը) եւ փոխ հատուցումը Աստուծոյ ծրագիրին հիմերն են, լաւ տնտեսութեան եւ յարաբերութեան համար:

Եթէ կը սիրես քու յաճախորդ, կը հաւնիս եւ կը յարգես հետդ գործակցող մարդիկը, կը գնահատես եւ կը փափաքիս ծառայել անոնց, դուն փոխարէն պիտի վարձատրուիս:

Եթէ քու ազատութեանդ, հանգիստիդ եւ հաճոյքիդ համար ուրիշները մերժելու եւ արհամարհելու հակումը ունիս, հաճելի պիտի չըլլաս մարդոց:

Պէտք է որ մենք այս բանին մէջ աշխատինք Thomas Hobbes 16-րդ դարու անգլեացի քաղաքական փիլիսոփային եւ Leviathan գիրքին հեղինակին համաձայն, որ Աստուածաշունչին հաւատացող մաքրակրօն մըն էր, գրած է, թէ երբ առանձին ենք, «կեանքը առանձին, աղքատ, զզուելի, անարգ եւ կարճ կ'ըլլայ»:

Դժգոհութենէն Պարտուելու Հետեւանքները

Իրապէս, շատ անգամ կ'ուզենք հեռանալ ամէն ինչէ եւ ամէն մարդէ:

Հաւանաբար երազենք որ աշխարհէն ամէն մարդ անհետանայ եւ միայն մենք մնանք, որ հանգիստ ըլլանք:

  • Վերջապէս առանձին պիտի ըլլանք, ազատ պիտի ըլլանք,
  • Ինքնաշարժը շարելու համար քաղաքին մէջ բնաւ խճողում պիտի չ'ըլլայ
  • Տան մէջ Tv դիտելու Remote control-ը ձեռքը պիտի ըլլայ եւ ընտանիքի անդամները պիտի չ'առնեն զայն:
  • Անշուշտ ասիկա շատ տգեղ եւ անմիտ երազ մըն է:
    • Երեւակայէ որ այս մէկը պատահի.
      • Ի՞նչ պիտի ըլլար, եթէ իրապէս ամէն մարդ անհետանար՝ մէկ անգամէն
      • Ո՞վ պիտի աշխատէր պատկերասբիւրի ընկերութեան մէջ:
        • քու ձեռքիդ մէջ րիմօդ ըլլալը իմաստ չ'ունի
      • Ի՞նչ իմաստ պիտի ունենար parking-ի պարապ տեղ ըլլալը, երբ աշխարհի մէջ մէկը չկայ որ կ'աշխատի:
        • Եթէ մէկը չ'ըլլար Պէնզին լեցնելու, ծախելու եւ ատոնց նման բաներ ընելու:
        • Ճաշի համար խոհարար չկայ ծառայելու
        • Խանութ չկայ որ ապրանք գնես
        • Տան մէջ վառարանը չ'աշխատիր ելեկտրականութիւն չըլլալուն համար

Ուրեմն իրականութիւնը այն է, թէ առանց մարդոց քու կեանքդ աւելի գէշ կ'ըլլայ քան 3-րդ մակարդակի աղքատացած գիւղացիներու եւ մարդոց կեանքերը, որոնք իրարու օգնող ըլլալով մէկը կ'ունենան իրենց կողքին:

Աստուծոյ Ծրագիրը Սկիզբէն

Աստուածաշունչին համաձայն, Հրեայ ժողովուրդը միշտ հասկցած է մասնագիտանալ իր բաժինին մէջ:

Անոնք այդ մէկը սորուած են Աստուածաշունչէն, որովհետեւ հասկցած են ծննդոցի եւ Բ. Օր-ի մէջ գտնուող իմաստը:

  • Ծնն 49.1-28 ծեռացած Հակոբ կ'օրհնէ իր 12 զաւակները ան կրնար հաւաքել զանոնք եւ ըսել մի քանի բաներով ես պիտի հաւաքեմ իմ ժողովուրդս կ'օրհնեմ ձեզ բարի մաղթանքներով թող Աստուած հոգա ձեզ եւ կը խնդրեմ ինծի թաղեցէք մաքպէլայի քարայրին մէջ որ իմ մեծ հայրս Աբրահամը պատրաստեց հիմա մնաք բարով բայց այդպէս չ'ըրաւ ինքը փոխարէն Ան 28 համարներու մէջ յատուկ եւ տարբեր օրհնութիւններ տուաւ իւրաքանչիւր որդիի
  • Բ.Օր 33 նոյնպէս Մովսէս, նախքան լեռ բարձրանալը, ուրկէ պիտի տեսներ խոստացուած երկիրը եւ մեռներ, 29 համարներու միջոցաւ օրհնեց իւրաքանչիւր ցեղախումբ:
    • Ան ալ կրնար կարճ բան մը ըսել վերջացնել սակայն կարճ եւ ընթարցակ օրհնութիւն մը տալ եւ շուտով մէկնիլ բայց այդպէս չ'ըրաւ
    • Յակոբին եւ Մովսէսին օրհնութիւններուն ետին կը գտնուէր տարբեր անձեր միաբան աշխատելու գաղափարը:
    • իւրաքանչիւր ցեղախումբ ունէր իրեն յատուկ տեղը այդ հարուստ դիմացկուն ազգին մէջ:
    • Իւրաքանչիւր ցեղ ունէր իրեն յատուկ մասնագիտութիւնը եւ այսպիսով իւրաքանչիւրը կախեալ էին իրենց եղբայրներէն՝ միւս բաներուն համար:

Արդեօք այս չ՞է պատկերը որ բոլոր ծնողները կ'ուզեն իրենց զաւակներուն համար:

  • Անոնք կուզեն ապահովել որ իրենց զաւակները միասին միաբան մնան:
    • Իւրաքանչիւրը իր եղբօր եւ քրոջ պէտքին հոքայ
    • Նոյնն է մեր երկնաւոր Հօր փափաքը, որ իր զաւակները միացած ըլլան իրարու:
    • Ան ստեղծած է աշխարհ մը եւ բնոյթ մը, որ կը վարձատրէ անոնց, որոնք իրենց ձիրքին եւ տաղանդին ու գործին մէջ ամրապնդուելով կը ծառայեն, բոլոր միւս գործերէն աւելի:
      • Ինչպէս որ հողին մէջ գանձ գտնողը իր բոլոր ունեցածը ծախեց, որպէսզի գանձ եղող հողը գնէ:
      • Երկու պատճառներով
        • Որովհետեւ գիտեն եւ կը վստահին, թէ ուրիշներ ալ իրենց բաժինը պիտի բերեն:

Եթէ առանձին ապրիլ փափաքողը եւ առեւտուրի մէջ մասնագիտացածը բաղդատենք:

  • Առանձին ապրիլ եւ գոյատեւողը ուզողը, մարդիկը կը տեսնէ իբրեւ մրցակիցներ եւ վտանգ:
  • Երկրորդը միացած կ'ըլլայ մարդոց խառնուող եւ անոնց հետ գործակցող:
    • Մտահոգ կ'ըլլայ իր գործը յառաջ տանելու եւ յարմար որակով ու լաւ գնով ապրանք ներկայացնելու, որպէսզի յաճախորդները շահի, գրաւէ եւ անոնց ծառայէ:
    • Անիկա մտահոգ կ'ըլլայ գործաւորներով եւ իր ընկերակիցներով
      • Որովհետեւ երբ յաճախորդները ուրախ ըլլան ու գործը լռումին հասնի, նախաձերնութիւնը պիտի յաջողի եւ գործը առջեւ պիտի երթայ:
      • Ան մտահոգ կ'ըլլայ իր վաճարականներուն համար
      • Ապրանք ծախողներուն համար

Հիմա ո՞ր մէկուն մէջն է որ Աստուծոյ օրհնութիւնը պիտի երեւի:

Հետեւաբար սիրելիներ, կարեւոր է մտածել, թէ ամէն մարդ Պողոս արաքեալի ըսածին պէս, Քրիստոսի մարմինին մէջ մաս մըն է:

  • Ամէն մարդ իր գտնուած տեղին մէջ խորանալը եւ զօրանալը, Աստուծոյ շնորհած օրհնութիւններուն դուռը կը բանայ
  • Թոյլ կուտայ, որ լաւ յարաբերութեան մէջ ըլլայ
  • Լաւ ընկերութիւն կը շինէ,
  • Վստահութիւն կը շինէ
  • Յարաբերութիւնները առողջ կ'ըլլան
  • Իրարու կը վստահին
  • Միութիւնը կը զօրացնեն
  • Յարաբերութիւնները արտադրող կ'ըլլան
  • Բնաւ չեն տարուիր աշխարհային սխալ սկզբունքներով
Նախորդ Հրապարակում Անվերջ Օրհնութիւններ
Յաջորդ Հրապարակում Անսահման Աստուած Ստեղծած է Մեզ Իր Նմանութեամբ, Կարողականութեամբ, Ստեղծագործ Զօրութեամբ եւ Փափաքով