2000 տարի առաջ, այս օրերուն ամենազօրեղ հեղաշրջումը կատարուեցաւ աշխարհի վրայ եւ պատճառ դարձաւ որ կեանքի հիմերը շարժին եւ նոր տնօրինում մը սկսի, դէպի յաւիտենականութիւն:

Այդ օրերուն Աստուած իր Հրեշտակապետը՝ Գաբրիէլը ղրկեց Զաքարեայ քահանային, անոր ըսելու, թէ որդի մը պիտի ծնի, անոր անունը պիտի կոչէ Յովհաննէս (Աստուծոյ Շնորհքը), որ պիտի ըլլայ կարապետը խոստացուած Փրկիչը մատով ցոյց տալու:

Աստուծոյ խօսքին համաձայն կատարուեցաւ: Զաքարեային որդի մը ծնաւ, անոր անունը Յովհաննէս կոչեցին, ու ան մեծցաւ եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին կարապետը եղաւ եւ իր մատովը ցոյց տուաւ զայն:

Յովհաննէս Մկրտիչին՝ Կարապետին պաշտօնը իւրայատուկ էր տարբեր բաժիններու մէջ:

  • Յովհաննէսի հայրը քահանայ էր
    • Ոչ հայրը, ոչ ալ դատական կարգէն մէկը ընտրուեցաւ
      • Հայրն անգամ չկրցաւ հաւատալ, բայց կոչումը Աստուծմէ էր եւ կատարուեցաւ:
      • Անոր ծնունդը աւելի վեր էր քան քահանայական կարգերը:
    • Կոչումը յաղթեց մօրը ամլութեան
  • Ան յաղթեց ամէն մարդկային շեղումի եւ ցանկութեան ու մեծցաւ ուխտաւոր, կը հագնէր այծի մորթով շինուած վերարկու եւ կ'ուտէր մարախ ու վայրի մեղր:
  • Այդ ժամանակուան կրօնականները մերժեցին, թագաւորը մերժեց, բայց իրեն տրուած գործը կրցաւ կատարել:

Քրիստոսով մեր վերստին ծնունդը, ունի հիմնական եւ նոյնանման կանչը՝ աւետել բարի լուրը բոլորին եւ տօնել տօնը Փրկիչին ծնունդին:

  • Աւետելու համար մեզի տրուած պաշտօնը երկնային է եւ հովանաւորուած երկինքէն եւ ներգործող Սուրբ Հոգիէն:
Նախորդ Հրապարակում Նոր Կեանքի Սկիզբը (Եսայի 61.1-4)
Յաջորդ Հրապարակում Անվերջ Օրհնութիւններ