Աստուած կ'ուզէ, որ մենք խօսինք եւ գործենք բացարձակ հաւատքով եւ իշխանութեամբ: Աստուածաշունչի խօսքերը մեզի ցոյց կու տան, թէ ատիկա ի՞նչպէս կարելի է ընել:

35 Հետեւաբար մի՛ կորսնցնէք ձեր վստահութիւնը, որովհետեւ անիկա մեծապէս պիտի վարձատրէ ձեզ» (Եբր 10.35):

Անսասան Հաւատք

Օգտագործուած «վստահութիւն» եւ «համարձակութիւն» բառերը զօրաւոր են, բայց «փերիսի՛ա» բառը շատ աւելի ուժեղ բառ մըն է:

  • «Փերիսի՛ա» բառը բարացիօրէն կը նշանակէ՝ «բոլոր խօսուած խօսքերը»:
  • «Փերիսի՛ա»-ն է, որ վստահութեան եւ համարձակութեան տոկոսը կը բարձրացնէ:
    • «Փերիսի՛ա»-ն հիմն է, որուն վրայ կը կառուցուին միւսները:
  • Վստահութիւն եւ համարձակութիւն չի կրնար գոյութիւն ունենալ առանց «Փերիսի՛ա»-ին,
    • Որովհետեւ Խօսքը կ'ըսէ. «... Ի՛նչ որ ըսէ՝ պիտի կատարուի» (Մր 11.23):
  • «Փերիսի՛ա»-ն անվերապահօրէն հաւատքի վերջնական ձեւն է:
    • Հաւատքն է, որ խօսիլ կու տայ: « 13 Սաղմոսին մէջ գրուած է. «Հաւատացի. ահա թէ ինչո՛ւ խօսեցայ»: Հաւատքի նոյն ոգին ունինք մենք: Մենք ալ կը հաւատանք, ուստի նաեւ կը խօսինք» (Բ.Կր 4.13):
      • Ուրեմն եթէ կ'ուզես գիտնալ, թէ քու հաւատքդ անաղարտ՝ վճիտ է, պէտք է վստահ ըլլաս, որ խօսքերդ անաղարտ եւ վճիտ են:
      • Պէտք է հասկնանք, թէ քրիստոնեաներուն հարցը հաւատքի պակասը չէ (Ղկ 17.5-6), հապա իրենց կեանքերուն մէջ գտնուող թերահաւատութեան ներկայութիւնը:
        • Հաւատացեալներուն բերանը կ'արտայայտէ հաւատքն ու թերահաւատութիւնը:

Միայն Ուրախութիւն՝ Առանց Տխրութեան

Եթէ կ'ուզենք մեր կեանքերուն մէջ Աստուծոյ խօսքերը բերել կամ դնել Եփ 4.27-ին համաձայն, համարը կ'ըսէ. «Բնաւ առիթ մի՛ տաք Սատանային»:

  • Սատանային առիթ չտալու միակ ձեւը անոր «ռեմա» խօսք չտալն է:
  • Եթէ մեր կողմէ «ռեմա» խօսք չխօսինք ի շահ իրեն, ան բան մը ընելու առիթը պիտի չունենայ մեր մէջ:

«Փարիսի՛ա»-ն միայն հաւատքի՛ խօսքեր են, եւ անոնց մէջ բնաւ թերահաւատ խօսքեր չկան:

  • Լման Աստուած, զէրօ Չար
  • Լման կեանք եւ զէրօ մահ
  • Լման բժշկութիւն եւ զէրօ հիւանդութիւն
  • Լման բարգաւաճում եւ զէրօ պակասութիւն
  • Լման ուրախութիւն եւ զէրօ տխրութիւն

Այս զօրաւոր յունարէն բառը կամ արտայայտութիւնը հարուստ բարդ բառ մըն է: Կազմուած «Փես» եւ «րիսիս» բառերէն:

  • «Փես» բառը Strong’s բառարանին համաձայն կը նշանակէ.
    • «Բոլորը», «ամէն մէկը», «ամէն ինչ» եւ «ամբողջը»:
    • Ուրեմն մենք ունինք այն բառը, որ իր մէջ կը ներառէ «բոլորը», «ամէն մէկը», «ամէն ինչ», «ամբողջը», եւ այդ ալ մանրակրկիտ կերպով:

Ձիւնակոյտ Մը, Որ Ոչ Ոք Կրնայ Կեցնել

  • Երկրորդ բառը, «րիսիս», կը նշանակէ «հոսանք» եւ «ռեմայի արտայայտութիւնը»:
    • «Ռեմա» բառը ընդհանրապէս աստուածաբանութեան մէջ գործածուող բառ մըն է, որ կը նշանակէ խօսուած բառ, կամ խօսք, որ ճիշդ է:
    • «Ռեմա» բառը յառաջ եկած է «ռհիօ» բառէն եւ կը նշանակէ,
      • Հոսիլ
      • Հոսելու պատճառ եղող
      • Ջրհեղեղ
      • Զօրութեամբ եւ զարնելով հոսիլ
      • Ձիւնակոյտ, որ ոչ ոք կրնայ կեցնել
      • Որոնց ոչ մէկ հակառակ ուժ կրնայ հաւասարիլ կամ դէմ դնել

Պահուած Գանձ

Մենք ոչ միայն սովորական խօսք կը խօսինք, հապա ինչ որ կը խօսինք կամ կ'ըսենք, կ'ըսենք կատարեալ իշխանութեամբ, որպէս հաւատքի անսասան խօսքերու հոսանք մը, որ մեր կեանքերուն մէջ կը ստեղծէ պէտք եղած մթնոլորտը:

«Փերիսի՛ա»-ի որակով խօսուած խօսքերը նախ գրուած խօսքերն են, որոնք մենք կը կարդանք, եւ ապա Սուրբ Հոգին զանոնք մեր հոգիին մէջ կենդանացնելով կ'արագացնէ կամ կը շարժէ, որմէ ետք մենք զանոնք կատարեալ հաւատքով կ'արտասանենք:

Յաղթանակ եւ Մեծ Վարձատրութիւն

Վստահութեամբ եւ համարձակութեամբ արտայայտուիլը դիւրին կ'ըլլայ երբ «Փերիսի՛ա»-ն ներկայ է եւ գործի վերածուած է:

« 31 Երբ անոնք աղօթեցին, հաւաքատեղին շարժեցաւ. բոլորը Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան համարձակ կերպով Աստուծոյ խօսքը քարոզել» ( Գրծ 4.31):
«Եւ իշխանութիւններն ու պետութիւնները մերկացուց ու յայտնապէս խայտարակեց՝ յաղթելով անոնց անով» (Կղ 2.15):

Ճիշդ յաղթութեան միշտ կ'ուղեկցի ճիշդ «Փերիսի՛ա»-ն:

«Փերիսի՛ա»-ն Աստուծոյ աննուաճելի կենդանի խօսքն է մեր բերնին մէջ:

  • «Փերիսի՛ա»-ն հաւատացեալին կեանքին մէջ կը ստեղծէ վստահութիւն եւ համարձակութիւն, զայն առաջնորդելով յաղթութեան եւ յաջողութեան ճեղքումներ ձեռք ձգելու:
    • «Փերիսի՛ա»-ին գործածութեան վերջը միշտ վարձատրութիւն կայ:
      • « 35 Հետեւաբար մի՛ կորսնցնէք ձեր վստահութիւնը, որովհետեւ անիկա մեծապէս պիտի վարձատրէ ձեզ» (Եբր 10.35):

Ուսումնասիրէ՛, Սպասէ՛, Խօսէ՛

  1. Ուսումնասիրէ խօսքը
  2. Սպասէ եւ ակնկալէ, որ Սուրբ Հոգին Աստուծոյ խօսքը կենդանացնելով արագացնէ, շարժէ քու ներսիդիդ:
  3. Խօսէ խօսքը կատարեալ (բացարձակ) վստահութեամբ եւ համարձակութեամբ:
    • Իմանալով որ, զայն պաշտպանելը եւ փաստելը քու պատասխանատուութիւնդ չէ:
      • Ատիկա Տիրոջ պատասխանատուութիւնն է եւ Ան ապացուցած է, թէ Ինք հաւատարիմ է:

Ուսումնասիրէ Դաւիթին կեանքը Բ.Թգ 5.17-25:

Նախորդ Հրապարակում Իշխանութիւն - Բժշկութեան Ծառայութիւններու եւ Վերարթնութեան Շաբաթ 04
Յաջորդ Հրապարակում Չորս Հանգրուանները Խօսքին, Հաւատքի եւ Օծութեան - Բժշկութեան Ծառայութիւններու եւ Վերարթնութեան Շաբաթ 06