Աստուածունչին համաձայն, իշխանութեան իսկական աղբիւրը մեզի ծանօթ մարդկային իշխանութիւնը չէ, հապա Ծննդոց Գիրքին համաձայն Ստեղծիչին հետ ներքին կապի մը, միութեան մը արդիւնքը:

Այսօր միասին պիտի տեսնենք, թէ ի՛նչ է այդ իշխանութիւնը, որ Ադամ սկիզբէն ունէր եւ Քրիստոսով մեզի տրուեցաւ:

Merriam – Webster’s բառարանը մեզի կը պարզէ իշխանութիւն բառին ստուգաբանութիւնը հետեւեալ ձեւով՝ անիկա կու գայ միջնադարեան անգլերէն «օքթըրայթ» (auctorite) բառէն, որ առնուած է անգլերէն եւ Ֆրանսերէն լեզուներու ընտանիքին պատկանող «օքթորիթէ» (auctorité) բառէն: Այս բառին լատիներէն արմատներն են՝ auctoritat, auctoritas եւ auctor, որ կը նշանակէ.

  • Կարծիք
  • Որոշում եւ
  • Իշխանութիւն:
  • Ազդեցութիւն բառն ալ իշխանութիւն բառին հոմանիշ է:

Իշխանութիւն բառը յունարէնի մէջ շատ աւելի խոր իմաստներ ունի քան կարծիք, որոշում եւ ազդեցութիւն բառերը: Երբ մեր հասկցած իշխանութիւն բառը համատեղենք Լատիներէն սահմանումներուն հետ, արդիւնքը պիտի ըլլայ զօրաւոր բան մը.

  • Ամբողջ զօրութիւնը կու գայ հեղինակէն:

Ուրկէ՞ Է Իշխանութիւնը

Հաւատացեալին իշխանութիւնը Աստուծոյ իշխանութիւնն է: Բնաւ չի տարբերիր անկէ, որովհետեւ անիկա կու գայ իշխանութեան հեղինակէն:
Յունարէնով իշխանութիւն՝ «էքսոսիա» բառը կազմուած է երկու բառերէ.

  1. «էք» (egg բառին հնչիւնով), որ բառին նախադրութիւնն է: Օրինակ՝ «Ես ապաստանեցայ ծառի մը ՏԱԿ: Ձուկերը կը լողան ջուրին ՄԷՋ:
  2. Եւ «ecousia» բառը
    • «էքսոսիա» բառին նախադրութիւնը՝ «էք», որ հայերէնով կը նշանակէ «էն» (անգլերէն from), «ի» (անգ. of) «դուրս», պատճառով, ակնարկութիւն է, թէ այդ իշխանութիւնը կու գայ իշխանութեան հեղինակէն:
      • Ուրեմն ամէն իշխանութիւն, որ ունինք, կու գայ «Իր», «Ի», Իրմէ դուրս եւ Իր պատճառով:
    • «Օսիա» կը նշանակէ նիւթ (էութիւն), իսկութիւն (բնահիւթ), իսկական (կարեւոր), բնութիւն, անձնաւորութիւն, բուն պարունակութիւնը, սեփականութիւն, ինչք (կարասի), անձնական սեփականութիւն եւ ապրանք:

Ուրեմն, «Էքսոսիա», իշխանութիւն կը նշանակէ.

  • Նոյն նիւթէն, էութիւնէն
  • Մենք ունինք նոյն տեսակի էութիւն, բնութիւն եւ սեփականութեան իշխանութիւն ինչպէս մեր Տէրը:

«[...] Աստուծոյ վրայ հաւատք ունեցէք [...]» (Մր 11.22)

  • Յունարէնի մէջ բառացիօրէն այսպէս կը կարդացուի. «Աստուծո՛յ հաւատքը ունեցէք» կամ «նոյն տեսակի հաւատք ունեցէք» կամ «հաւատքի նոյն բնոյթը, իսկութիւնը, պարունակութիւնը»:
  • Ոչ տարբեր, մարդկային, ոչ ալ ուրիշ մակարդակի հաւատք, հապա ճիշդ Աստուծոյ ունեցած հաւատքը:

Աստուծոյ Հաւատքին Նիւթը (էութիւնը)

Նոյն տեսակի հաւատք ունենալը յառաջ պիտի բերէ նոյն տեսակի իշխանութիւն:

  • Իշխանութիւնը կ'արտադրուի հաւատքով:
    • Հետեւաբար չի կրնար ըլլալ, որ ունենաս Աստուծոյ հաւատքը եւ նոյն ատեն ի գործ դնես մարդկային իշխանութիւն:
    • Եթէ ունիս Աստուծոյ հաւատքը, ուրեմն պիտի գործես նոյն տեսակի իշխանութեամբ՝ Աստուծոյ իշխանութեամբ:

«Յիսուս պատասխանեց անոր.- Լաւ գիտցիր, որ եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի կրնար տեսնել Աստուծոյ արքայութիւնը» (Յհ 3.3):
«Յիսուս պատասխանեց.- Հաստատ գիտցիր, որ եթէ մէկը ջուրէն եւ Հոգիէն չծնի՝ չի կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել» (Յհ 3.5):
«Որովհետեւ մարմինէն ծնածը մարմին է, իսկ հոգիէն ծնածը՝ հոգի»:
Յհ 3.8 «Հովը ո՛ւր որ ուզէ՝ կը փչէ. դուն անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր թէ ուրկէ՛ կու գայ եւ ո՛ւր կ’երթայ: Նոյնպէս են բոլոր անոնք, որոնք Հոգիէն կը ծնին»:
«Որդին, Հօրը փառքին լոյսը եւ անոր էութեան ճշգրիտ պատկերը, որ իր խօսքին զօրութեամբ տիեզերքը կը պահէ, իր անձով մեր մեղքերը սրբելէ ետք՝ երկինքի մէջ նստաւ Աստուծոյ՝ Գերագոյն Զօրութեան աջ կողմը»
(Եբր 1.3):

«Որովհետեւ Աստուած, որ իրեն համար ստեղծեց եւ իրմով կը պահէ ամէն ինչ, իր բոլոր որդիները մասնակից դարձնելու համար իր փառքին՝ յարմար գտաւ, որ զանոնք փրկութեան առաջնորդողը՝ Յիսուս ի՛նք օրինակը տայ չարչարանքներէն անցնելով կատարելութեան հասնելու» (Եբր 2.10):

Բոլորն ալ ցոյց կու տան նոյն տեսակին պէս ըլլալով ստանալը:

Ինչպէս Հայրն է, Այդպէս է Որդին

Յհ 14.9-ին մէջ Տէր Յիսուս կը յայտնէ, թէ Ինք նոյնինքն Հօր տեսակէն է «Յիսուս պատասխանեց.- Այսքան ատեն ձեզի հետ եմ եւ տակաւին չճանչցա՞ր զիս, Փիլիպպո՛ս: Ով որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսած եղաւ, ալ ի՞նչպէս կ’ըսես՝ «Ցոյց տուր մեզի Հայրը»:

Յհ 14.12- Ի՛նչ որ Ես կ'ընեմ, նոյնատեսակ բաներ դուք ալ պիտի ընէք: «Լա՛ւ գիտցէք, թէ ով որ ինծի կը հաւատայ՝ պիտի կատարէ ինչ որ ես կ’ընեմ եւ անոնցմէ աւելին ալ պիտի կատարէ, որովհետեւ ես Հօրս քով կ’երթամ»:

Տէրը մրցակցութեան վախ չունէր:

Սուրբ Հոգիին Տաճարները

Տէր Յիսուս երբ այս խօսքերը կ'ըսէր, Ինք միակ տաճարն էր: Այսօր բոլոր հաւատացեալներն ալ տաճար են (Ա.Կր 3.16, 6.19)

«Չէ՞ք գիտեր թէ Աստուծոյ տաճար էք դուք, եւ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ» (Ա.Կր 3.16):
«Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճարն են Սուրբ Հոգիին որ Աստուծմէ առիք եւ ձեր մէջ կը բնակի: Գիտցէք որ դուք չէ՛ք ձեր անձերուն տէրը» (Ա.Կր 6.19):

Մեծ թիւով ապրո՛ղ տաճարներուն պատճառով Սատանան լուրջ հարցի մէջ է հիմա:
Տէր Յիսուս Ինքզինք բազմապատկեց նոյն տեսակը, բնութիւնը, էութիւնը եւայլն դնելով միլիոնաւորներու մէջ:

  • Այդ պատճառով, երբ Քրիստոսով մեր իշխանութիւնը կը գտնենք, անիկա կապ չունենար մեր մարդկային ուժին, կամ իմաստութեան կամ զօրութեան հետ, հապա՝ Հոգիին (Զք 4.6):«Եւ ան ինծի խօսեցաւ՝ ըսելով. «Այս է Տէրոջը խօսքը, որ Զօրաբաբէլին կ’ըսուի. ‘Զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ, Հապա իմ Հոգիովս’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը»:

Զգուշացում Հպարտութենէ

Ծառայելը հպարտութիւն չէ, հապա մեզի տրուած իշխանութիւնը մեր անձին եւ փառքին համար գործածելն է հպարտութիւնը: «Կորսուածին առջեւէն հպարտութիւն ու կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան հոգին կ'երթայ» (Առ 16.18):

  • Միշտ մտածէ, թէ ամէն բան ուղղակի Տիրոջմէն կու գայ եւ Անոր կապուած՝ դուն զօրաւոր ես: «Ես եմ որթատունկը եւ դուք՝ ճիւղերը: Ով որ ինծի միացած է եւ ես անոր՝ անիկա առատ պտուղ պիտի տայ, որովհետեւ առանց ինծի դուք ոչինչ կրնաք ընել» (Յհ 15.5): «Ամէն ինչ կրնամ տանիլ շնորհիւ Քրիստոսի, որ զիս զօրացուց» (Փլպ 4.13):

Ա՛ն Է Աղբիւրը

Իշխանութիւն - «Էքսոսիա»-ն լաւ ճանչնալով կը հասկնանք, թէ մեր անձով հպարտանալու պատճառ չկայ, հապա միայն Անով՝ աղբիւրով պէտք է հպարտանանք: «Ու երգողները նոյնպէս ալ սրնգահարները պիտի ըսեն.«Իմ բոլոր աղբիւրներս քու մէջդ են» (Սղ 87.7): «Լաւ է Տէրոջը յուսալ, քան թէ մարդոց ապաւինիլ» (Սղ 118.8):

Լիազօրուած Գործադրող

«Յունարենով «Էքսոսիա» բառը կու գայ «էքսէսդի» արմատ բայ բառէն, որ կը նշանակէ, ես արտօնութիւն ունիմ, ինծի իրաւունք տրուեցաւ, ես լիազօրուած եմ: Ուրեմն կրնամ ըսել.

  • Արտօնութիւն ունիմ, ինծի իրաւունք տրուած է, ես լիազօրուած եմ կիրառելու Աստուծոյ տուած զօրութիւնը, բժշկութիւնը, բարգաւաճումը, ուրախութիւնը եւ Աստուծոյ բաները:
  • Ի՜նչ մեծ ու փառաւոր է հաւատացեալին շնորհուած իշխանութիւնը:

«Էքսոսիա» բառը նաեւ կը նշանակէ՝ բուն բովանդակութիւնը:

  • Կարելի չէ անոր պատճէն, օրինակը հանել, կեղծը հանել:
  • Ան որ պիտի ջանայ ունենալ այդ իշխանութիւնը, պիտի յաջողի զայն ձեռք բերել միայն խոնարհութեամբ:
    • Որովհետեւ միայն ճիշդ իշխանութիւնը ունի իսկական, բուն բովանդակութիւնը:

Աստուած Ինքզինք Կը Հոսեցնէ Մեր Մէջ (մէջէն)

«Էքսոսիա» բառին նշանակութիւններէն մէկը կ'ըսէ, թէ երբ իշխանութիւնը կը գործածես, դուն Աստուծոյ մէջէն դուրս կը քաշես զօրութիւնը:
Ինչպէս Ես 12.3-ը կ'ըսէ. «Ուրախութեամբ ջուր պիտի քաշէք փրկութեան աղբիւրներէն»:

Տէր Յիսուսի անունը եբրայերէնով «Եշուա» բառն է, որ կազմուած է երկու բառերէ.

  • «ԵՀՎՀ» (Եհովա) եւ
  • «Օսէս» (փրկութիւն)

Մեր ուրախութիւնը ուղղակի Յիսուսի մէջէն դուրս կը քաշենք:
Այդ պատճառով Աստուած շատ լուրջ կ'ըլլայ, երբ մէկը իր իշխանութիւնը գործածելու մէջ անտարբեր կը գտնուի, կամ մարմինին շահերուն համար կը գործածէ զայն:

  • Իշխանութիւնը բնաւ չի գար մարմինին ճամբով: Իշխանութիւնը սուրբ է եւ ոչ ոք պէտք է զայն հաւասարեցնէ մարմնաւորին հետ:
    • Ատիկա մեղք կը սեպուի:
  • Իշխանութիւնը կու գայ Տիրոջմէն եւ Ան կը զգայ երբ կը գործածուի:
    • « 30 Նոյն պահուն Յիսուս զգաց թէ իրմէ զօրութիւն մը դուրս եկաւ. ամբոխին մէջ ետեւ դարձաւ եւ ըսաւ. - Ո՞վ դպաւ հագուստիս» (Մր 5.30):
    • « 19 Ամբողջ ժողովուրդը կ’ուզէր իրեն դպչիլ, որովհետեւ իրմէ զօրութիւն դուրս կ’ելլէր եւ կը բժշկէր բոլորն ալ» (Ղկ 6.19):
    • « 46 Յիսուս ըսաւ.- Մէկը դպաւ ինծի, որովհետեւ զգացի որ ինձմէ զօրութիւն մը դուրս եկաւ» (Ղկ 8.46):

Մենք Կը Մտնենք Անոր Մէջ (էութեան)

«Էքսոսիա» բառը, ինչպէս սկիզբը յիշեցինք, նաեւ կը նշանակէ՝ սեփականութիւն, ինչք եւ անձնական սեփականութիւն:
Մինչ իշխանութիւնը կը գործածենք, կը մտնենք (կը խառնուինք) Աստուծոյ էութեան մէջ: Իշխանութիւնը ճանչցող հաւատացեալները զԱստուած լաւ ճանչցած կ'ըլլան:

  • Իշխանութիւնը, որ փորձառու գիտութենէ է, կը սորվեցնէ ի՛նչպէս մտնել Աստուծոյ ներսիդին եւ տեսնել Անոր անձնական սեփականութիւնը:
    • «Վասնզի Հայրը հաճեցաւ որ աստուածութեան բոլոր լեցունութիւնը անոր (Քրիստոսի) մէջ բնակի» (Կղ .19):

Սա կը նշանակէ, թէ եթէ զԻնք ունինք, ամէն ինչ ունինք:

Այդ պատճառով Եփ 2.7-ը կ'ըսէ. «Որպէսզի բոլոր ժամանակներուն մէջ մարդիկ տեսնեն այն գերազանցօրէն մեծ շնորհքը, որ Աստուած ա՜յնքան մեծ բարութեամբ ցոյց տուաւ մեզի՝ Քրիստոս Յիսուսի Անձին մէջ»:

Նախորդ Հրապարակում Անկարելի Բան Չկայ - Բժշկութեան Ծառայութիւններու եւ Վերարթնութեան Շաբաթ 03
Յաջորդ Հրապարակում Վստահութենէն եւ Համարցակութենէն Անդին - Բժշկութեան Ծառայութիւններու եւ Վերարթնութեան Շաբաթ 05