Հռ 8.14-ը կը հաստատէ, թէ Սուրբ Հոգիով առաջնորդուողները Աստուծոյ որդիներն են:

Կարեւոր է իւրաքանչիւր բաժինի մէջ Տիրոջ առաջնորդութիւնը ունենալ եւ Իր կամքը գիտնալ, որովհետեւ Աստուծոյ հետ քալելն է, որ մեզի պիտի սորվեցնէ թշնամիին յաղթելու ձեւը:

Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին Յիսուս Սուրբ Հոգիին կողմէ անապատ տարուեցաւ՝ փորձուելու համար: Սատանան զԻնք փորձեց երեք հանգրուաններով, սակայն Յիսուս միշտ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեան բռնուած մնաց: Սատանան փորձեց Յիսուսը Աստուծոյ ճամբէն հեռացնել, սակայն Յիսուս իր անձը Աստուծոյ Խօսքին յանձնեց:

Սուրբ Հոգին կ'ուզէ որ մենք եւս Անոր վստահինք մեր տկարութեան ու դժուարութեան մէջ, որովհետեւ Տիրոջ վստահիլն է որ մեզ տարբեր անձ կը դարձնէ:

Երբ մենք փորձութեան մէջ ենք, Սուրբ Հոգին Ինք փորձութեան մէջ չէ, այլ՝ մեզ ազատել կ'ուզէ: Չփորձենք Աստուծոյ խոստումները մարդկային ջանքերով ձեռք բերել, այլ Աստուծոյ վստահինք բոլոր հանգրուաններուն մէջ:

Երբ իրապէս ամէն ատեն՝ ամէն բանի մէջ Սուրբ Հոգիով քալենք, մենք Սատանային համար վտանգաւոր մարդիկ պիտի ըլլանք:

Նախորդ Հրապարակում Ինձմէ Սորվեցէ՛ք
Յաջորդ Հրապարակում Յարաբերութիւն եւ Կատարելութիւն