Յիսուս ըսաւ. «Ինձմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք» (Մտ 11.29): Տիրոջմէն շատ բան կրնանք սորվիլ, մանաւանդ երբ իր կեանքին, վարմունքին ու ծառայութեան զգուշութեամբ հետեւինք:

Մտ 3.13-17-ին մէջ, Յիսուս Գալիլիայէն Յորդանան եկաւ Յովհաննէսին մօտ, անկէ մկրտուելու համար: Յիսուս մարդացած Աստուածն էր, որ մարդիկը փրկելու եկած էր, սակայն Ան իր երկրաւոր ծառայութիւնը կատարեց խոնարհութեամբ: Այդքան մեծ ըլլալով հանդերձ, Ան եկաւ մկրտուելու իր ստեղծած մարդէն, որուն ի՛նք ծառայութիւն տուած էր:

Յովհաննէս ինքզինք արժանի չտեսաւ Յիսուսը մկրտելու, որովհետեւ Տէրը մկրտելը իր անձէն բարձր դասեց: Այն ատեն Յիսուս անոր թելադրեց, որ Աստուծոյ արդարութեան ենթարկուի (Մտ 3.15):

Յիսուս ուզեց նամակ մը փոխանցել մեզի եւ հասկցնել, որ ծառայութեան մէջ մեծութիւնը չէ առաջնահերթութիւնը, այլ Աստուծոյ կամքին կատարուիլը: Ան մեծութիւնն ու պզտիկութիւնը ոչնչացուց ծառայութեան մէջ հաւասարութիւն հաստատելով:

Թող որ Յիսուսի նման մեր կեդրոնացումը ըլլայ Աստուծոյ արդարութեան ամբողջական կատարուիլը, եւ ոչ՝ մեր փափաքները:

Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, Սուրբ Հոգին Անոր վրայ հանգչեցաւ եւ երկինքէն ձայն մը Անոր մասին վկայութիւն տուաւ: Երբ մենք, Յիսուսի նման, խոնարհութեամբ ընդունինք ծառայութիւնը եւ աշխատինք ատոր հակառակ խորհուրդները վերցնելու, Սուրբ Հոգին զօրութեամբ պիտի աշխատի մեր կեանքերէն ներս եւ մեր կեանքերէն վկայութիւն մը դուրս պիտի գայ:

Նախորդ Հրապարակում Ծառայել Սրբութեամբ, Նուիրումով եւ Կազմակերպուած
Յաջորդ Հրապարակում Ինքնութիւնդ՝ Սուրբ Հոգիով