Պօղոս առաքեալ հաւատացեալները կը կոչէ դեսպաններ, որոնց միջոցաւ Աստուած կը գործէ եւ Ինքզինք կը յայտնէ (Բ.Կր 5.20):

Դեսպանութեան պաշտօնը վարելու ընթացքին եկող դժուարութիւնները չեն կրնար տկարացնել մեր առաքելութիւնը կամ արգելք ըլլալ անոր:

Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին Յիսուս ամէն տեսակի հալածանքներու հանդիպեցաւ. մարդիկ ըսին որ հայհոյութիւն կ'ընէ (Մտ 9.3), անմաքուր է (Մտ 9.10) , դեւերու հետ գործակցող է (Մտ 12.24): Բայց այդ հալածանքները չկրցան արգելք հանդիսանալ Յիսուսի յաջողութեան:

«Յիսուս երբ գիտցաւ, զատուեցաւ անկէ եւ շատ ժողովուրդ անոր ետեւէն գացին ու ամէնքը բժշկեց » (Մտ 12.15, շեշտադրումը՝ մեր կողմէ):

Յիսուսի յաղթութեան գաղտնիքը (Մտ 12.16-21: Ես 42.1-3) այն էր որ ինք ծառայ էր: Այստեղ կը գործածուի յունարէն «Բայէ՛ս» [pais /paheece/] բառը, որ կը նշանակէ մանուկ, զաւակ, երիտասարդ, ստրուկ. բայց նաեւ յատկապէս՝ ուղեկցող , ուղեկից, սպասարկող, սպասաւոր:

Աստուծոյ ծառան կ'ըլլայ Աստուծոյ հաճելի եւ Անոր Սուրբ Հոգիով քալող ու գործող:

Մատթէոս 12.19-ը ակնարկ է հրեաներուն բարկութեան դիմաց Յիսուսի հանդարտութեան: Յիսուսի նկարագիրը եւ վարմունքը Իրեն յանձնուած պաշտօնին հետ զուգահեռ կ‘ընթանային (Մտ 12.20-21):

Մենք ծառայ ենք Աստուծոյ եւ պէտք է Յիսուսի նկարագիրը հագուինք: Այդպիսով, ո՛չ մէկ բան պիտի կարենայ մեր առաքելութեան արգելք կենալ:

Նախորդ Հրապարակում Գիտե՞ս Թագաւորը Կը Խօսի Քու Մասիդ (Ա.Թագաւորաց 9)
Յաջորդ Հրապարակում Լեզուներու եւ Թարգմանութեան Պարգեւը