Լեզուներու շնորհքը (Ա.Կր 14.1-38) յափշտակութեան մէջ օտար եւ անծանօթ լեզուներ խօսելու պարգեւ մըն է: Լեզուներու շնորհքով, անձը Աստուծոյ հետ կը խօսի եւ ներքնապէս կը կառուցուի:

Այս պարգեւը դիտմամբ անհասկնալի է, որպէսզի ենթական լսածներուն մասին միտքը չաշխատցնէ, այլ՝ հաւատքով իր ներքին կառուցման (Ա.Կր 14.4) համար ուրախանայ: Ինչպէս երախան առանց միտքը աշխատցնելու ուրիշին ըսածները կրկնելով կը սորվի եւ կ'ուրախանայ, այնպէս ալ լեզուներ խօսողը հաւատքով հոգիին մէջէն Սուրբ Հոգիին ըսածները կրկնելով՝ հոգեւոր հաղորդակցութեան կապը կը զարգացնէ եւ այսպիսով տեսութեամբ չ'ապրիր, այլ՝ հաւատքով (Բ.Կր 5.7):

Լեզուներու շնորհքը Նոր Կտակարանին մէջ տրուած պարգեւ մըն է: Հին Կտակարանին մէջ այս պարգեւը գոյութիւն չունէր եւ մարդիկ լեզուներով չէին խօսեր, որովհետեւ անոնց հոգին մեռած էր: Մարդուն հոգին բաժնուած էր Աստուծմէ եւ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն չունէր:

Յիսուսով մեր վերստին ծնունդ ստանալէն ետք , մենք վերստին կեանքի կոչուեցանք եւ Սուրբ Հոգին ստացանք: Սուրբ Հոգին շարունակ կը գործէ մեր մէջ եւ ամէն օր կը փոխակերպէ մեզ Յիսուսի պատկերին հասցնելու համար (Բ.Կր 3.17-18), որպէսզի կարենանք մեր կեանքը ապրիլ Աստուծոյ սկզբունքներով:

Աստուած կ'ակնկալէ որ վերստին ծնածները մարմնաւոր սկզբունքներուն համաձայն չկառավարեն իրենց կեանքերը եւ այդ նպատակով է որ այս պարգեւը կը դնէ մեր մէջ:

Գիտութեան մէջ փաստուած է, թէ լեզուներով խօսելու ատեն, ենթակային միտքը մարած կ'ըլլայ: Ասիկա ցոյց կու տայ թէ բնականէն անդին վիճակ մըն է, ուր կը սորվինք Տիրոջմով խօսիլ:

Լեզուներով խօսողը մարդոց հետ չի խօսիր, այլ՝ Աստուծոյ, եւ հետեւաբար լեզուները երկրաւոր լեզուներ չեն, այլ հաւատքով ընդունուելիք պարգեւ մը (Ա.Կր 14.2): Ո՛չ ոք խօսողը կը հասկնայ, բայց չհասկնալու պատճառով մերժելը՝ Աստուածաշունչին հակասող արարք մըն է: Աստուած կը պարզէ, թէ լեզուներով խօսողը Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ խորհուրդներ կը պատմէ եւ անձին շինութիւն կ'ընէ (Ա.Կր 14.4): Երբ խօսողը թարգմանութեան պարգեւը ստանայ, մարգարէութեան նման՝ այս պարգեւը եկեղեցիին օգուտին համար կը գործածուի (Ա.Կր 14.5):

Նախորդ Հրապարակում Յիսուսի Ներկայացուցիչներն Ենք
Յաջորդ Հրապարակում Սամուէլ Սաւուղը Իշխան Կ’օծէ - Օծութիւնը Կը Հոգայ (Ա.Թագաւորաց 10.1-27)