Աստուածաշունչը կը հաստատէ, թէ յարութեան զօրութիւնը եւ յարութեան պտուղը մեր կեանքերէն ներս կը գտնուին (Ա.Կր 15.20-22):

Մենք յարութեան կեանքը արդէն իսկ կրնանք չափով մը երկրի վրայ ապրիլ. «Անոր հետ մեզ յարուցանեց ու անոր հետ նստեցուց երկնաւորներուն մէջ Քրիստոս Յիսուսով» (Եփ 2.6):

Թէեւ վերջին օրը կայ յարութիւն մը, զոր մարմինով պիտի առնենք, բայց այսօր զրկուած չենք յարութեան պտուղները մեր կեանքերէն ներս վայելելէն:

Յարութիւն Զօրութիւնը մեր մէջ

«Եւ ի՜նչ գերազանց ու մեծ է այն ոյժը, կարողութիւնն ու զօրութիւնը, որ կը ներգործէ հաւատացեալներուս մէջ: Այդ ներգործող զօրութիւնը Աստուած ցոյց տուաւ Քրիստոսի անձին վրայ, զայն մեռելներէն յարուցանելով եւ երկնքի մէջ նստեցնելով իր աջ կողմը, ոգեղէն աշխարհի բոլոր իշխանութիւններէն ու պետութիւններէն, զօրութիւններէն ու տէրութիւններէն գերիվեր, եւ դեռ ուրիշ անուններով ծանօթ բոլոր իշխանութիւններուն վրայ, թէ՛ ներկայ աշխարհին մէջ եւ թէ՛ գալիքին» (Եփ 1.19-21 Ն.Թ.):

Հաւատացեալին կեանքին մէջ կայ յարութեան զօրութիւնը, եւ Պօղոս առաքեալ հարց կու տայ հաւատացեալին եթէ գիտէ այդ զօրութիւնը. «Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս իր անունը կը կրէք» (Բ.Կր 13.5 Ն.Թ.):

Մենք կ'ակնկալենք Քրիստոսի ներկայութիւնը զգալ եւ յարութեան զօրութիւնը ամէն օր ապրիլ, որովհետեւ մենք Քրիտոսով այլեւս այս աշխարհին չենք պատկանիր:

Մեր մէջ կ'ապրի յարուցեալ Քրիտոսի հոգին, որ շատ աւելի զօրեղ է քան Սատանային հոգին (Ա.Յհ 4.4): Երբ այս ակնկալութեամբ ապրինք, յարութեան պտուղը մեր կեանքերէն ներս պիտի երեւի եւ մարդիկ Յիսուսի առջեւ պիտի խոնարհին:

Իսրայէլի Ժողովուրդին Ունեցածը Աստուծմով

Իսրայէլի ժողովուրդը Եգիպտոսէն դէպի անապատ դուրս եկաւ: Եգիպտոս ունէր ամէնէն լաւ տնտեսութիւնը, զինուորութիւնը եւ կերակուրը, բայց Աստուած Իր ժողովուրդը հանեց այնտեղէն Մովսէսի միջոցաւ՝ զանոնք գերութենէն ազատելու եւ խոստացուած երկիրը տանելու համար:

Երբ Աստուած զանոնք անապատ տարաւ, ժողովուրդը տրտունջ ըրաւ իր չունեցածին համար: Բայց եկէք նայինք, թէ ի՞նչ ունէին...

  • Աստուծոյ փառքը իրենց հետ էր, ցորեկը՝ ամպի սիւնով իսկ գիշերը՝ կրակի սիւնով (Ելք 13.21):
  • Աստուած իր ժողովուրդին համար ծովուն մէջէն ճամբայ բացաւ (կարդա՛ Ելք 14): Գետինը չորցուց եւ թշնամիին կառքերուն անիւները քակեց, որպէսզի չանցնին այն ճամբայէն, զոր Ինք Իր ժողովուրդին համար բացած էր:
  • Անոնց լաթերը 40 տարուան ընթացքին բնաւ չհինցան եւ անոնց որտքերը չուռեցան (Բ.Օր 8.4):
  • Անոնց մէջ չկար տկար կամ հիւանդոտ մարդ (Սղ 105.37):

Աստուծոյ փառքը ժողովուրդին հետ էր, բայց այսօր, Քրիստոսով, այդ փառքը մեր մէջն է:

Երբ Քրիստոս յարութիւն առաւ, ոգեղէն պետութիւնները զինաթափ եղան բոլորին դիմաց (տե՛ս Կղ 2.15): Մեր մէջ կայ յարութեան զօրութիւնը, որ խայտառակ կ'ընէ թշնամին, եւ մեզմէ կ'ակնկալուի, որ ճանչնանք զանիկա:

Ամէն վայրկեան յիշենք, թէ Տէրը ի՞նչ ըրաւ եւ ի՞նչ պիտի ընէ: Պիտի ունենանք դժուարութիւններ, բայց երբ ճանչնանք մեր ինքնութիւնը Քրիստոսով, Տիրոջ ձայնը պիտի գոչէ պայմաններուն դէմ:

Նախորդ Հրապարակում Օրէնքն ու Մարգարէութիւնները Կատարուեցան
Յաջորդ Հրապարակում Ընտանիքին եւ Զոյքերուն Տրուած Պատիւը Տիրոջմով