«Քանզի ճշմարտապէս կ'ըսեմ ձեզի, “Մինչեւ երկինք ու երկիր անցնին, օրէնքէն յովտ մը կամ նշանագիր մը պիտի չանցնի, մինչեւ բոլորն ալ կատարուին”» (Մտ 5.18):

«Մէկշաբթի օրը առտուն շատ կանուխ, կիները գերեզման գացին ու տարին այն խունկերը որոնք պատրաստեր էին եւ ուրիշ կիներ ալ անոնց հետ: Ու քարը գերեզմանէն մէկդի գլորուած գտան: Ներս մտնելով՝ Տէր Յիսուսին մարմինը չգտան: Երբ դեռ անոնք այս բանին համար տարակուսանքի մէջ էին, ահա երկու մարդիկ լուսափայլ հանդերձներով հասան անոնց […] Բայց անոնք զարհուրելով կը վախնային ու կը կարծէին թէ ոգի մը կը տեսնեն» (Ղկ 24.1-4,37):

Յարութենէն ետք շատ բաներ փոխուած էին, բայց Յիսուսի հետեւողները տակաւին ատիկա չէին ճանչցած:

Ոգիները անմարմին իմացական էակներ են, որոնք Աստուծոյ սկզբունքներուն հակառակ կ'աշխատին ընդհանրապէս: Զարհուրիլը եւ վախնալը կ'ակնարկեն ներքին պատերազմի մը, ներքին հարցի մը:

Աշակերտները Պէտք Ունէին Յարութիւնը Ճանչնալու

Յիսուս կ'ուզէր, որ աշակերտները յարութիւնը ճանչնային, եւ Ան յատուկ ձեւ մը որդեգրեց Ինքզինք Իր աշակերտներուն ներկայացնելու համար:

Ղկ 24.33-49-ին մէջ, Յիսուս իր աշակերտներուն երեւցաւ, բայց աշակերտները կարծեցին, թէ ոգի մը կը տեսնէին (հմր 37): Յիսուս անոնց ըսաւ՝«Ինչո՞ւ խռոված էք եւ ինչո՞ւ սրտերնուդ մէջ խորհուրդներ կ'ելլեն» (հմր 38):

«Խռոված», այսինքն՝ անհանգիստ վիճակ մը ունէին: Իսկ «սրտերնուդ մէջ խորհուրդներ կ'ելլեն», այսինքն՝ իրենց դժուարութիւնը եւ կասկածը այնքան զօրացած էին իրենց մէջ, որ իրենց տեսած իրականութիւնը չէին կրնար ընդունիլ եւ չէին կրնար զանազանել անոնց եւ ճշմարտութիւններուն միջեւ:

«”Տեսէ՛ք ձեռքերս ու ոտքերս, որ ես ինքս եմ. շօշափեցէ՛ք զիս ու տեսէ՛ք, վասն զի ոգին մարմին ու ոսկոր չ'ունենար, մինչդեռ կը տեսնէք թէ ես ունիմ”: Այս ըսելով՝ ձեռքերը ու ոտքերը ցուցուց անոնց» (հմր 39-40):

«Շօշափեցէ՛ք», այսինքն՝ «զգացէ՛ք»: Պէտք է մտածել, թէ ի՞նչ պատճառով Յիսուս ուզեց, որ շօշափեն յարուցեալ մարմինը: Յիսուս կ’ուզէր, որ անոնք փորձառութիւն ունենային:

Ներկայիս ալ Ան կ’ուզէ, որ մենք ճանչնանք ու հասկնանք յարութիւնը:

Շօշափելով, աշակերտները ի՞նչ զգացին եւ ի՞նչ էր անոնց տպաւորութիւնը

Յիսուս ուզեց փաստ տալ, թէ Իր յարուցեալ մարմինը ոգի մը չէ, հապա՝ իրական եւ շօշափելի: Ան ուզեց պարզել, թէ Իր յարութիւնը ազդեցութիւն ունի մեր ապրած աշխարհին մէջ եւ ո՛չ թէ միայն կապուած է անշօշափելիին հետ:

«Երբ տակաւին իրենց ուրախութենէն չէին հաւատար եւ զարմանքի մէջ էին, ըսաւ անոնց. “Ուտելիք մը ունի՞ք հոս”: Անոնք ալ կտոր մը խորոված ձուկ ու մեղրախորիսխ տուին իրեն: Առաւ կերաւ անոնց առջեւ» (հմր 41-43):

Յիսուս կերաւ, այսինքն՝ Անոր մարմինը մարսելու գործարաններ ունէր, հակառակ անոր որ յաւիտենականութեան մէջ ապրելու համար կերակուրը պայման չէ (Ղկ 24.30):

Աշակերտներուն Միտքերը Բացուեցան

Յիսուս նախապէս ըսուած խօսքերը հաստատեց անոնց: «Եւ ըսաւ անոնց. “Ասոնք են այն խօսքերը որոնք ձեզի խօսեցայ, երբ դեռ ձեզ հետ էի, թէ ‘Պէտք է որ կատարուին այն ամէնը՝ որոնք Մովսէսի օրէնքին ու մարգարէներուն մէջ եւ սաղմոսներուն մէջ ինծի համար գրուած են’”: Այն ատեն անոնց միտքը բացաւ որպէսզի գրքերը հասկնան. եւ ըսաւ անոնց. “Այսպէս գրուած էր եւ այսպէս պէտք է Քրիստոս չարչարուէր ու երրորդ օրը մեռելներէն յարութիւն առնէր, անոր անունովը ապաշխարութիւն ու մեղքերու թողութիւն քարոզուէր բոլոր ազգերուն մէջ՝ Երուսաղէմէն սկսած: Ու դուք էք այս բաներուն վկաները» (հմր 44-48):

Ընելիք բան չկար, բայց միտքերուն բացուիլը կարեւոր էր, որպէսզի հասկնային ամէն բան, որովհետեւ իրենք պիտի ըլլային վկաները եւ ապաշխարութիւն քարոզողները:

Հօր Խոստումը

«Եւ ահա՛ ես իմ Հօրս խոստումը ձեզի կը ղրկեմ. բայց դուք Երուսաղէմ քաղաքիս մէջ նստեցէք, մինչեւ վերէն զօրութիւն առնէք ձեր վրայ» (Ղկ 24.49):

Յիսուս եկաւ եւ ամենադժուար բանը՝ որ մեռնիլն ու յարութիւն առնելն էր, փաստերով հաստատեց, եւ կ'ակնկալէր, որ աղօթքով եւ վստահութեամբ սպասէին Սուրբ Հոգիին, զոր Հայրը պիտի ղրկէր, եւ լեցուէին զօրութեամբ:

«Բայց Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գրծ 1.8):

Նախորդ Հրապարակում Հոգեւոր Շարժաբանութիւն
Յաջորդ Հրապարակում Յարութիւնը Այսօր