«Եւ մենք բոլորս ալ, [...] բաց երեսով Տիրոջ փառքը կ'արտացոլացնենք [...]» (Բ.Կր 3.18):

Բ.Կր 3.1-18-ին մէջ, Պօղոս առաքեալ կը փորձէ պարզել նոր ուխտի պաշտօնեաներուն դերը: Ան կը յայտնէ, թէ Քրիստոնեաները Աստուծոյ Խօսքին եւ փառքին պայծառութիւնը կ'արտացոլացնեն:

Պօղոս առաքեալ կը յստակացնէ նաեւ, թէ հաւատացեալները այդ մեծ պատիւին կը հասնին Խօսքը լսելով, զայն ընդունելով եւ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ փոխուելով: Մանաւանդ ան մեր ուշադրութեան կը յանձնէ, թէ արտացոլացնելու գործողութիւնը պիտի շարունակուի մինչ նոր անձեր կը շահինք՝ Խօսքը անոնց փոխանցելով:

Յանձնարարական

«Որովհետեւ մեր լաւագոյն յանձնարարականը, որ ձեր սիրտերուն մէջ գրուած է՝ դուք էք, ձեր կեանքերով, որ ամէն մարդ կրնայ ճանչնալ ու կարդալ, եւ կրնայ յստակօրէն տեսնել՝ թէ Քրիստոսի նամակն էք դուք, պարզապէս մեր ձեռքով գրուած: Գրուած՝ ոչ թէ մելանով, այլ՝ կենդանի Աստուծոյ Հոգիով. ոչ թէ քարեղէն տախտակներու, այլ՝ ձեր սիրտերու մարմնեղէն տախտակներուն վրայ» (հմր 2-3):

  • Երրորդ գլուխին մէջ, Պօղոս պաշտպանողական պատասխան մը կու տայ անոնց, որոնք սուտ յանձնարարական նամակներու մասին կը խօսէին (հմմտ Բ.Կր 4.2)՝ որպէս թէ Երուսաղէմի Եկեղեցիէն յանձնարարական նամակներ ունէին, եւ ատիկա կ’ընէին մարդոց ուշադրութիւնը իրենց դարձնելու նպատակով:
  • Պօղոս 2-րդ եւ 3-րդ համարներուն մէջ կը յայտնէ, թէ հաւատացեալները լաւագոյն գրուած նամակն են իրենց կեանքերով. գրուած կենդանի Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ:
    • Հոս կը տեսնեմ, թէ հաւատացեալի մը կեանքին մէջ ինչքան կարեւոր է անձնական հանդիպումը եւ փորձառութիւնները Տիրոջ հետ:
  • Պօղոս առաքեալի այդ միտքը կը պարզէ, թէ հաւատացեալներուն կեանքերը ամէնէն աւելի զօրեղ եւ հարազատ փրկութեան նամակներն են, որովհետեւ իրենց նուիրումի կեանքով առիթ տուած կ‘ըլլան, որ Սուրբ Հոգին Յիսուսը ներկայացնէ:

Նոր Սիրտեր

Այդ նամակները ի՞նչպէս կրնան գրուիլ եւ արտացոլացուիլ:

«Աստուծոյ վրայ ունեցած մեր վստահութեամբն է, որ կ'ըսենք այս բաներ. վստահութիւն՝ որ Քրիստոս կու տայ մեզի: Որովհետեւ բնաւ չենք խորհիր որ մենք մեր ոյժերով այդպիսի գործ մը կրնանք ընել. այլ՝ Աստուած է որ այդ կարողութիւնը կու տայ մեզի: Դարձեալ Ինքն է, որ մեզ արժանի ըրաւ ըլլալու ծառաներ նոր Ուխտին, որ կապուած չէ՛ Օրէնքին, այլ՝ Սուրբ Հոգիին. որովհետեւ գրաւոր Օրէնքը մահուան կ՚առաջնորդէ, մինչդեռ Հոգին կեանք կու տայ» (4-6, շեշտադրումը՝ մեր կողմէ):

  • 4-էն 6-րդ համարներուն մէջ, Պօղոս առաքեալ մեծ վստահութեամբ կը յայտնէ, թէ մինչ ինք Խօսքը՝ փրկութիւնը կը քարոզէ, լսողներուն եւ ընդունողներուն սիրտերուն մէջ անիկա կը կնքուի Սուրբ Հոգիով:
  • Լսելով՝ ընդունողները կը փոխակերպուին Սուրբ Հոգիով, ինչպէս նաեւ խօսքերը չեն արձանագրուիր անապաշխար եւ կամակոր սիրտերուն վրայ, հապա Քրիստոսով Կեանքի կանչուած սիրտերուն վրայ:
    • Երբ խօսքը մեր մէջ արձանագրուի Սուրբ Հոգիով, անիկա մեզի համար Կեանք կ'ըլլայ (հմր 6):
  • Թէեւ Պօղո՛ս կը քարոզէր, բայց Խօսքը լսողներուն եւ ընդունողներուն մէջ կը կնքուէր Սուրբ Հոգիի՛ն ներգործութեամբ (տե՛ս Ա.Թս 1.5):
  • Աստուած խոստացած էր նոր սիրտ տալ (Եզ 11.19, 36.26):
  • Սաւուղ Խօսքը լսածին պէս նոր սիրտ ստացաւ (Ա.Թգ 10.9):
  • Նոր սիրտ շնորհելով, Աստուած անհատը կը միացնէ Եկեղեցիին՝ այսինքն Քրիստոսի Մարմինին:

Կարողութիւն եւ Արժանի

(Յունարէնով՝ «Իքանօ՛» ἱκανόω [ hikanoo /hik•an•o•o/])

  • Յարմարցնել
  • Շինելով յարմարցնել
  • Պէտք եղած զօրութեամբ պատրաստել՝ գործ մը ընելու համար

Առաքեալը Տիրոջ վրայ ունեցած իր վստահութիւնը կը յայտնէ զօրաւոր շեշտով մը: Ան կը յայտնէ, թէ աւետարանչութեան եւ մարդիկը Թագաւորութեան համար շահելու գործին յաջողութիւնը անձնական չէ, հապա՝ Տիրոջ տուած կարողութեամբ:

Նոր Սիրտին Արժէքը Պահել

  • Մտ 6.21-ին համաձայն, սիրտը կը գտնուի հոն, ուր որ մարդուն գանձը, այսինքն՝ նուիրումը, արժեւորումներն ու փափաքները կը գտնուին:
  • Յիսուսի սիրտը հեզ, խոնարհ (Մտ 11.29) եւ համեստ էր. միայն Հօր կամքը ընել կը փափաքէր:
    • Տէր Յիսուսի ծառայութիւնները պարտականութիւններ չէին ըլլար, հապա՝ Սուրբ Հոգիով կեանքեր փոխելու վրայ կեդրոնացած կ’ըլլային:

Սուրբ Հոգիով Լեցուած Կեանքերը

Սուրբ Հոգիով լեցուած կեանքերը Աստուծոյ կամքը կը փնտռեն՝ հեռու մնալով աշխարհային բաներէ, ինչպէս են՝ սուտը, հայհոյանքն ու բամբասանքը (հմմտ Մտ 12.34-35, 15.19):

Բաղդատութիւն Օրէնքին եւ Սուրբ Հոգիին Միջեւ

(Ա.Կր 3.7-11)

Համարը կարդալով կը տեսնենք, թէ Սուրբ Հոգիին բերած փառաւորութիւնը շատ աւելի ազդու, զօրեղ եւ մնայուն է քան Օրէնքին բերածը:

Տիրոջ Դառնալը (Հմր 16-17)

Ուստի սրտանց Տիրոջ դառնալ կը նշանակէ Սուրբ Հոգին եւ Անոր ազատութիւնը ունենալ, որովհետեւ «[...] Ուր որ Տիրոջ Հոգին ներկայ է՝ հոն ազատութիւն է»:

Տիրոջ դառնալ նաեւ կը նշանակէ բաց երեսով ծառայել, այսինքն՝ ոչ Մովսէսի վայելած անցողական փայլքով, հապա՝ Քրիստոսի մնայուն եւ յաւիտենական փառքին փառաւորութեամբ:

  • Համեմատէ՛ Յյտ 1.12-18-ին հետ

Դուն Քրիստոսի Փառաւոր Նամակն Ես

Փառքը, զոր դուն կ'արտացոլացնես, նոյնինքն Քրիստոսի փառքն է:

Մտ 17.5-ին մէջ, Հայր Աստուած մեզ Տէր Յիսուսի փառաւոր կոչումին հնազանդելու մղեց, որպէսզի Սուրբ Հոգին մեզ Անոր նման ընէ:

Նախորդ Հրապարակում Խաչի Քարոզութեան Զօրութիւնը (Ա.Կորնթացիս 1.10-31)
Յաջորդ Հրապարակում Թարմ Օծութիւն