«Եղբայրնե՛ր, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով կոչ կ'ուղղեմ ձեզի, որ բոլորդ միաբանիք, եւ պառակտումներ չըլլան ձեր մէջ. այլ միանաք եւ ըլլաք մէկ միտք, մէկ խորհուրդ»:

(Ա.Կր 1.10)

Վերոնշեալ համարին մէջ առաքեալը բանալի միջոց մը կը ցուցնէ եւ կը յայտնէ, թէ հնարաւորութիւն կայ մէկ միտք եւ մէկ խորհուրդ ըլլալու ու պառակտումները հեռացնելու:

Եփ 4.1 - «Արդ, ես՝ որ Տիրոջ համար բանտը կը գտնուիմ՝ կ'աղաչեմ, ապրեցէք այնպէս՝ ինչպէս կը վայելէ ձեր կոչումին, որուն հրաւիրեց ձեզ Աստուած»:

Եփ 4.3 - «Ջանացէք Սուրբ Հոգիին շնորհած միութիւնը պահել խաղաղութեան շաղկապով»:

Ա.Կր 1.10-17 - «10Եղբայրնե՛ր, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով կոչ կ'ուղղեմ ձեզի, որ բոլորդ միաբանիք, եւ պառակտումներ չըլլան ձեր մէջ. այլ միանաք եւ ըլլաք մէկ միտք, մէկ խորհուրդ:11Որովհետեւ, եղբայրնե՛ր, Քլոյիսի ընտանիքէն ոմանք ձեր մասին խօսած ատեն ինծի իմացուցին՝ թէ հակառակութիւններ կան ձեր մէջ: 12Ըսեմ ինչ որ լսեցի: Թէ՝ ձեզմէ իւրաքանչիւրը տարբեր բան կ'ըսէ: Մին կ'ըսէ՝ “Ես Պօղոսի կը հետեւիմ”, միւսը՝ “Ես Ապողոսին կը հետեւիմ”, երրորդ մը կ'ըսէ՝ “Ես Կեփասին կը հետեւիմ”, իսկ ուրիշ մը՝ թէ “Ես Քրիստոսի կը հետեւիմ”: 13Միթէ Քրիստոս կողմերո՞ւ բաժնուած է: Միթէ Պօղո՞ս խաչ բարձրացաւ ձեզի համար. կամ Պօղոսի անունո՞վ մկրտուեցաք: 14Փառք Աստուծոյ որ ձեզմէ միայն Կրիսպոսն ու Գայիոսը մկրտեցի. 15այնպէս որ ոեւէ մէկը չի՛ կրնար ըսել՝ թէ իմ անունովս մկրտուեցաք: 16Նաեւ Ստեֆանասի ընտանիքը ես մկրտեցի: Չեմ կարծեր որ ուրիշ մէկը մկրտած ըլլամ: 17Որովհետեւ Քրիստոս զիս մկրտելու չղրկեց, այլ՝ աւետարանելու. եւ աեւետարանելու՝ առանց խօսքի ճարտարութեան դիմելու, որպէսզի Քրիստոսի խաչելութեան մասին քարոզութիւնը իր ոյժէն չպարպուի» (շեշտադրումները՝ մեր կողմէ):

Պօղոս պառակտումները եկեղեցիին բաժնուելուն հետ կը կապէ:

Պառակտումները վերցնելու իբրեւ միջոց, ան Աւետարանը քարոզել կ'առաջարկէ, բայց առանց խօսքի ճարտարութեան դիմելու, որպէսզի խաչելութեան մասին քարոզութիւնը իր ոյժէն չպարպուի: Ան չ'ըսեր չպակսի, հապա՝ չպարպուի:

Խաչի Քարոզութիւնը Զօրութիւն է

18-րդ համարին մէջ, Պօղոս կ'ըսէ, թէ խաչին մասին քարոզութիւնը Աստուծոյ զօրութիւնն է:

«Խաչին մասին քարոզութիւնը [...] մեզի՝ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուս համար Աստուծոյ զօրութիւնն է [...]»:

Դուն խաչը կը քարոզես հոգիո՞վ թէ ինչպէս Ա.Կր 2.4-ը կ'ըսէ՝ մարդկային իմաստութեամբ: Պօղոս կ'ըսէ. «Եւ իմաստութեան ճարտար խօսքերով չէր որ խօսեցայ կամ քարոզեցի, այլ՝ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ եւ ներգործութեամբ»: Պօղոս չէր փորձեր ազդեցիկ քարոզ պատրաստել կամ տալ: Յիսուսի խաչը զօրաւոր է երբ Հոգիով կը քարոզուի:

Խաչին մասին քարոզութիւնը լսողները տպաւորելու համար չէր ըներ, հապա՝ կեանքերը փոխելու համար: Պօղոսի քարոզութիւնը գործ մը կամ պարտականութիւն մը կատարել չէր, հապա՝ ապացոյց, փառաւոր ցուցադրութիւն:

Ցուցադրութիւն (Demonstration) բառը կը նշանակէ՝ օրինական փաստ, որ կը ներկայացուի դատարանին մէջ:

Պօղոս քարոզեց, որպէսզի մարդիկ ոչ միայն տպաւորուին, այլեւ Սուրբ Հոգիով փոխուին եւ Անով գործեն կամ առաջնորդուին. Պօղոսի քարոզը մարդիկը փրկելու համար էր (հմմտ Ա.Կր 6.11- «Եւ ձեզմէ ոմանք այդպիսին չէի՞ն: Բայց ձեր մեղքերէն լուացուեցաք, սրբուեցաք, արդարացաք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով եւ մեր Աստուծոյ Հոգիին միջոցաւ»):

Մի՛ արտօներ, որ մարդոց վարմունքը քեզ ամչցնէ, որովհետեւ «Աստուծոյ տնօրինութիւնը [...] զօրութիւն» է (տե՛ս Ա.Կր 1.25):

Ա.Կր 1.23-25 - «23Մենք խաչուած Քրիստոսը կը քարոզենք, որ գայթակղութիւն է Հրեաներուն համար եւ յիմարութիւն՝ հեթանոսներուն համար, 24թէպէտ նոյն այդ Հրեաներէն ու Յոյներէն կանչուածներուն եւ դարձի եկածներուն համար՝ անիկա Քրիստոսն է, Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնը: 25Արդարեւ, Աստուծոյ տնօրինութիւնը, որ Յոյներ յիմարութիւն կ'որակեն, իմաստնագոյն է քան մարդկային ոեւէ իմաստութիւն. եւ Աստուծոյ խաչը, որ Հրեաներ տկարութիւն կը համարեն, աւելի զօրեղ է քան մարդկային ամէն զօրութիւն»:

Դուն Ընտրուած Ես

Պատգամը փոխանցելու Աստուծոյ ձեւը քու իմաստութիւնդ եւ զօրութիւնդ չ'ուզեր, հապա՝ քու յանձնուիլդ եւ Սուրբ Հոգիով քալելդ:

Ա.Կր 1.27-28 - «27Բայց Աստուած ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը յիմար կը սեպէ. անով իմաստունները ամօթով ձգելու համար. ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը տկար կը համարէ, անով հզօրները ամչցնելու համար. 28եւ ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը անարժէք, արհամարհելի եւ ոչնչութիւն կը նկատէ, անով ոչնչացնելու համար այս աշխարհի մեծութիւնները»:

  • Գիտեմ, որ քիչ մը խիստ եւ տարօրինակ կրնայ թուիլ, բայց յաջող եւ զօրաւոր ծառայութեան համար ընտրուիլդ կապուած չէ զօրաւոր եւ իմաստուն ըլլալէդ: Ընդհակառակը, անիկա կախեալ է քու տկարութենէդ: - Եթէ այս աշխարհին կողմէ ակնկալուած արժէքաւոր բաները չունիս (ինչպէս՝ նիւթական, ծանօթութեան եւ ուսումնական եւլն. որոշ մակարդակ), ատոնք քեզի Աստուծոյ առջեւ եւս տկար եւ անարժէք չեն դարձներ: Հետեւաբար մի՛ յուսահատիր եթէ աշխարհի չափանիշով պակասներ ունիս, որովհետեւ կարեւորը Աստուծոյ չափանիշով առաւելութիւններ ունենալդ է, եւ Աստուած այդ առաւելութիւնները աշխարհին հրամցնելով՝ քեզ պիտի բարձրացնէ: - Վերջապէս հոգեւոր իմաստութիւն ալ կայ, որուն Պօղոս առաքեալ կ'ակնարկէ Ա.Կր 2.6-9-ին մէջ:

Թող Տէրը Ըլլայ Քու Հպարտութիւնդ

... Որպէսզի ոչ ոք հպարտանայ Աստուծոյ առջեւ:

Ա.Կր 1.29 - «Եւ ասիկա՝ որպէսզի ոեւէ մարդ չպարծենայ Աստուծոյ առջեւ»:

Մեր պաշտօնն է միանալ եւ միացած մնալ Քրիստոսի, որպէսզի Անկէ ստանանք Աստուծոյ իմաստութիւնը (եւ բնաւ ամօթ չզգանք Անոր իմաստութեամբ շարժելէն, այսինքն՝ երբ աշխարհի վերաբերող կարգ մը բաներ չենք գիտեր որովհետեւ մեր ժամանակը տուած ենք Անոր բաները գիտնալու):

Քրիստոսո՛վ մենք գտանք մեր արդարութիւնը, զօրութիւնը եւ փրկութիւնը, որպէսզի ամէն մարդ Քրիստոսով Տիրոջմով պարծենայ: Ինչպէս կը կարդանք 30-րդ համարին մէջ- «Որովհետեւ Աստուած ի՛նքն է որ ձեզ բերաւ Քրիստոսի միացուց, եւ մենք Քրիստոսով ճանչցանք Աստուծոյ իմաստութիւնը եւ գտանք մեր արդարութիւնը, սրբութիւնը եւ փրկութիւնը»:

Մեր Քրիստոնէութիւնը ապրինք աւետարանը քարոզելով եւ այդ ալ միայն Սուրբ Հոգիէն մղուած, Յիսուսի խաչելութեան զօրութիւնը պահելով: Այսինքն՝ մեր մարդկային միջոցներուն չվստահինք, հապա Անոր, որ մեզ փրկեց՝ խաչին վրայ Իր արիւնը թափելով:

Խոկա՛ խաչին վրայ Յիսուսի կատարածներուն եւ ըսածներուն վրայ: Ատիկա պատճառ պիտի ըլլայ, որ Սուրբ Հոգիին զօրաւոր մղումովը խօսիս: Այդպիսով ո՛չ թէ մարդիկը համոզելու նպատակով խօսած պիտի ըլլաս, հապա՝ ճշմարտութիւնը ընդունողի մը ներքին մղիչ զօրաթենէն:

Նախորդ Հրապարակում Դուն Ես Ինչ որ Ես Քրիստոսո՛վ (Գործք Առաքելոց 28.1-10)
Յաջորդ Հրապարակում Աւետարանչութեան Զօրութիւնը եւ Սուրբ Հոգիին Ազդեցութիւնը