Այս նիւթով պիտի տեսնենք, թէ Առաջին Եկեղեցին իր պաշտամունքները կը կատարէր Տիրոջ կամքը փնտռելով. ատիկա կ'ընէր ծոմով եւ աղօթքով: Այդ ընելով անոնք կը լսէին Սուրբ Հոգիին ձայնը, որ կ'ուզէր քանի մը հոգի ղրկել ծառայութեան դաշտ, յատուկ գործերու համար:

Պատմութենէն կը սորվինք, թէ Տէրը այդ ընտրուած ծառաները կը հովանաւորէր իրենց ծառայութեան ընթացքին եւ կը պատուէր զանոնք թշնամիին դիմաց:

Պաշտամունք՝ Ծոմով

  1. Սուրբ Հոգին պիտի ԽՕՍԻ:
  2. Դուն պիտի ԿԱՆՉՈՒԻՍ:

Հնդկաստանի եւ Պարսկաստանի մէջ ծառայած միսիոնար Հենրի Մարթին առիթով մը ըսած է. «Քրիստոսի Հոգին միսիոնարութեան հոգի է եւ որքան Անոր կը մօտենանք, այդքան ծայրայեղ միսիոնար մը պիտի ըլլանք»:

«Անտիոքի եկեղեցիին մէջ մարգարէներ եւ ուսուցիչներ կային, ինչպէս՝ բառնաբասը եւ Շմաւոնը, որ Նիկէր կը կոչուէր, Կիրենացի Ղուկիոսը եւ Մանայէնը, որ Հերովդէս չորրորդապետի սննդակիցն էր, եւ Սօղոսը: Օր մը, երբ ասոնք Տիրոջ պաշտամունք կը մատուցանէին ծոմ վիճակով, Սուրբ Հոգին ըսաւ. Տրամադրեցէ՛ք Բառնաբասն ու Սօղոսը այն գործին՝ որուն կոչած եմ զիրենք: Այն ատեն ծոմապահութեամբ եւ աղօթքով ձեռք դրին անոնց վրայ եւ ղրկեցին» (Գրծ 13.1-3):

Պօղոս եւ Բառնաբաս վայելեցին այդ փորձառութիւնը եւ մինչ ծոմով եւ աղօթքով Տիրոջ պաշտամունք կը մատուցանէին, Սուրբ Հոգին կանչեց զանոնք, որպէսզի Աւետարանը հասցնէին Հռոմէական աշխարհին:

Առաքեալներուն Գործերը գիրքի հեղինակ Ղուկաս կը յիշէ հինգ անձերու անուններ, որոնց մէջ Պօղոսը վերջինն էր: Բայց իր նուիրումի մէջ միւսներուն հաւասար ըլլալուն պատճառով Պօղոս ընտրուեցաւ Աստուծոյ կողմէ:

Այդ հինգը կը ծառայէին որպէս մարգարէներ եւ ուսուցիչներ տեղական եկեղեցիին մէջ:

  • Մարգարէները Աստուծոյ խօսքը հռչակելով եկեղեցւոյ հիմերը կը հաստատէին (տե՛ս Եփ 2.20: Ա.Կր 14.29-32): - Անոնք աւելի ճշմարտութիւնը յայտնող էին, քան մարգարէութիւն կամ գուշակութիւն ընողներ, թէեւ գալիքներուն մասին ալ կը խօսէին (Գրծ 11.27-30):
  • Իսկ ուսուցիչները կ'օգնէին, որ նորադարձները հաւատքի եւ ուղիղ վարդապետութեան մէջ հաստատուէին (տե՛ս Բ.Տմ 2.2):

Ծոմով եւ աղօթքով կենալը նուիրումի, սրբագործուելու եւ Տիրոջ կամքը փնտռելու նշան է: Մինչ նուիրումէ մղուած ծոմով պաշտամունք կ'ընես, Սուրբ Հոգին պիտի ԽՕՍԻ, ԿԱՆՉԷ ԵՒ ԱՌԱՔԷ քեզ:

Սուրբ Հոգիէն Ղրկուած

Սուրբ Հոգիով ապրէ՛ (Գղ 5.25):

«Հետեւաբար, Բառնաբասն ու Սօղոսը Սուրբ Հոգիէն ղրկուած՝ իջան Սելեկիա, եւ հոնկէ դէպի Կիպրոս նաւեցին» (Գրծ 13.4):

Նշանակալից բան մը, որ կը նկատենք հոս այն է, թէ Պօղոս (Սօղոս) եւ Բառնաբաս կոչումը ստանալէ ետք ալ Սուրբ Հոգիով կ'առաջնորդուէին, Տէր Յիսուսի օրինակով (հմմտ Ղկ 4.1,14):

Քրիստոնեայ հաւատացեալին կեանքը առաքելութիւն մըն է, որուն յաջողութեան բանալին ծոմով եւ աղօթքով Սուրբ Հոգիին յանձնուած ապրիլն է:

Կիպրոս Բառնաբասի բուն բնակավայրը եղած էր:

Սուտ Մարգարէն

  • Սատանային գործակալն է:
  • Տուեալ անձ մը կամ պայման մըն է, որ կը փորձէ տարհամոզել քեզ, որպէսզի դուն չհաւատաս:

Գրծ 13.5-6 համարները կը պատմեն ի՛նչպէս Պօղոս հրեաներուն ժողովարաններուն մէջ Աստուծոյ խօսքը կը խօսէր եւ ի՛նչպէս Պաֆոսի մէջ հանդիպեցան Բար-Յեսու անունով սուտ հրեայ մարգարէի մը կամ կախարդի մը:

«Ասիկա յաճախ կ'ըլլար փոխ-բդեշխինն՝ Սերգիոս Պօղոսի հետ, որ իմաստուն մարդ մըն էր: Սերգիոս կանչել տուաւ Բառնաբասն ու Սօղոսը եւ կ՚ուզէր Աստուծոյ խօսքը լսել: Բայց կախարդը, որուն Յունարէնով Եղիմաս անունը կու տային, հակառակեցաւ անոնց եւ կ՚ուզէր փոխ-բդեշխը տարհամոզել, որ չհաւատայ» (Գրծ 13.7-8):

Ըստ ինծի, այդ սուտ մարգարէն Սատանային գործակալն էր եւ միշտ կը գտնուէր փոխ-բդեշխին՝ Սերգիոս Պօղոսի հետ: Ըստ երեւոյթին, այդ սուտ մարգարէն, երկար ժամանակէ ի վեր կը փորձէր փոխ-բդեշխը Աստուծոյ խօսքէն եւ ճամբէն հեռու պահել:

Սուրբ Հոգին Ըսելիք Ունէր

Պաշտամունքդ կատարէ՛ ծոմով եւ աղօթքով:

«Այն ատեն Սօղոս, որ Պօղոս կը ճանչցուի, Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ աչքերը յառեց անոր եւ ըսաւ. Ո՛վ դուն՝ նենք եւ խորամանկ, Սատանայի՛ որդի, արդարութեան՛ թշնամի. Տիրոջ ուղիղ ճամբաները խեղաթիւրելէ պիտի չդադրի՞ս: Ահա հիմա Տէրը պիտի հարուածէ քեզ. Պիտի կուրնաս եւ ժամանակուան մը համար արեւուն երեսը պիտի չտեսնես: Նոյն վայրկեանին Եղիմասի աչքերը մշուշուեցան ու խաւարեցան: Կը խարխաբէր եւ կը փնտրէր մէկը՝ որ իր ձեռքէն բռնելով առաջնորդէր զինք» (Գրծ 13.9-11):

Այդ մարդը՝ Եղիմասը, Սուրբ Հոգիին ցանկին մէջ արձանագրուած էր սկիզբէն, որպէս Սատանայի գործակալ եւ հաւատքի թշնամի: Այն պահէն, որ Սուրբ Հոգին ընտրեց, կանչեց ու կ'առաջնորդէր Բառնաբասն ու Պօղոսը, Իր միտքին մէջ ունէր վերոյիշեալ դէպքը:

Քու ծոմերդ, աղօթքներդ եւ պաշտամունքային ճիշդ եւ աստուածապաշտ կեցուածքդ, այսինքն՝ Աստուծոյ կամքը փնտռելդ, քեզ կանխաւ կը պատրաստէ դէմ դնելու Աստուծոյ Խօսքի թշնամիին՝ Սատանային:

Փոխ-բդեշխը հաւատաց

... Տպաւորուած ուսուցումէն եւ Պօղոսի Սուրբ Հոգիով շարժելէն

«Փոխ-բդեշխը երբ տեսաւ պատահածը՝ հաւատաց, խորապէս տպաւորուած Տիրոջ ուսուցումէն» (Գրծ 13.12):

Ինծի կը թուի, թէ ոչ միայն Քրիստոնէական ուսուցումը՝ դասը առանձին տպաւորեց փոխ-բդեշխը, հապա ընդհանուր դէպքը, այսինքն՝ Պօղոսի Սուրբ Հոգիով շարժիլը: Որովհետեւ Պօղոս իմացաւ, որ.

  1. Եղիմաս խորամանկ էր:
  2. Սատանայի որդի եւ գործակալ էր:
  3. Արդարութեան թշնամի էր:
  4. Տիրոջ ճամբաները խեղաթիւրող էր:

Այդ բոլորը շատ յստակ պատգամ մը փոխանցեցին փոխ-բդեշխին:

Մեր պաշտամունքները սոսկ Կիրակի օրուան պարտականութիւն մը, լաւ քարոզ մը կամ երգ մը լսել չեն, հապա՝ Տիրոջ ներկայութեան գալու միջոց մը: Հետեւաբար ծոմով, աղօթքով եւ մեծ ակնկալութեամբ կենալը Աստուծոյ նպատակին հասցնող եւ մեզ ծառայութեան մէջ արձակող բանալի մըն է:

Նախորդ Հրապարակում Պահուած Յատուկ Ժամանակի եւ Գործի Համար (Գործք Առաքելոց 8.26-40)
Յաջորդ Հրապարակում Փրկութիւնը Պատրաստ է (Գործք Առաքելոց 8.4-25)