Գրծ 8.4-25-ին մէջ կը տեսնենք, թէ Աւետարանը կը քարոզուի Սամարիայի մէջ:

  • Այսօր՝ շուրջ 2000 տարի ետք, ժամանակն է, որ Աւետարանը քարոզուի ամէն տեղ:
  • Յիսուսի խաչին քարոզութիւնը Աստուծոյ «տինամուս» զօրութիւնն է (տե՛ս Ա.Կր 1.18): - Ազգերը դարձի բերող զօրութիւնն է: - Արդէն ժամանակն է, որ օծեալները՝ հաւատացեալները, ծառայեն իրենց պարգեւները գործածելով (հմմտ Գրծ 10.44, 19.6):

Վերոնշեալ հատուածին միջոցաւ, Ղուկաս Սուրբ Հոգիին միջոցաւ կը յայտնէ, թէ սաստիկ հալածանքէն ցրուած ժողովուրդը հասաւ Սամարիա: Բայց հակառակ այդ իրողութեան, անոնք «երկրին զանազան կողմերը շրջելով Աւետարանի պատգամը կը քարոզէին»:

«4Ասոր վրայ՝ հաւատացեալները ցրուեցան եւ երկրին զանազան կողմերը շրջելով Աւետարանի պատգամը կը քարոզէին»:

Սաստիկ հալածանքին պատճառով Սամարիա հասնողները իրենց հետ բերին ուրախութիւն, մխիթարութիւն, բժշկութիւն եւ ազատագրութիւն ամբողջ Սամարիային:

  • Քու պայմաններդ, սիրելիս, բաւարար զօրութիւն չունին դէմ դնելու այն բանին, զոր դուն կրնաս ընել երկիրիդ, ազգիդ եւ միջավայրիդ մէջ:
  • Քու իշխանութիւնդ դիւային ոյժեր հալածող եւ անոնց գործունէութեան վերջ դնող իշխանութիւն է (Ա.Յհ 3.8):

«5Այսպէս, Փիլիպպոս Սամարիա քաղաքը գնաց եւ խոստացուած Փրկիչը քարոզեց անոնց»:

Փիլիպպոս ողորմութիւն մատակարարող եօթնէն մէկն էր (տե՛ս Գրծ 6.1-7): Անոր աննշան ծառայութեան տակէն դուրս եկաւ մեծ զօրութիւն:

«6Մեծ բազմութիւններ ականջ կու տային անոր քարոզութեան, որովհետեւ թէ՛ կը լսէին եւ թէ՛ կը տեսնէին անոր կատարած հրաշքները»:

Փիլիպպոս նուիրումով եւ հաւատքով կը ծառայէր, իսկ ժողովուրդը ուշադրութեամբ մտիկ կ'ընէր անոր եւ միաժամանակ կը տեսնէր անոր ձեռքով կատարուած հրաշքները:

«7Արդարեւ պիղծ ոգիները մեծ աղաղակով դուրս կու գային բազմաթիւ մարդոցմէ, եւ մեծ թիւով անդամալոյծներ ու կաղեր կը բժշկուէին: 8Այնպէս որ, ուրախութիւնը մեծ էր այդ քաղաքին մէջ»:

Դեւերը կը հալածուէին Յիսուսի անունով եւ մեծաձայն աղաղակով դուրս կ'ելլէին: Անդամալոյծներ ու կաղեր կը բժշկուէին:

  • Տէրը ժողովուրդին ուշադրութիւնը կ'ուղղէր դէպի իսկական աստուածպաշտութիւն՝ հեռացնելով դեւերը, հիւանդութիւնները, կախարդութիւնները եւ մոգերը:
  • Փրկութիւնը պատրաստ էր եւ այսօր ալ է՝ հրաշք, բժշկութիւն եւ մեծ ուրախութիւն բերելու քաղաքներուն:
  • Քրիստոսով քեզի սահմանուած փրկութիւնը պատրաստ է քեզ հիմա փոխելու: - Նոր արարած (կարդա՛ Բ.Կր 5.17) - Որդի՝ իշխանութեամբ (կարդա՛ Յհ 1.12) - Խաւարէն՝ լոյսի (կարդա՛ Ա.Պտ 2.9) - Աստուծոյ ժառանգորդ եւ Քրիստոսի ժառանգակից (կարդա՛ Հռ 8.17)

«9Նոյնիսկ քաղաքին մէջ կար Սիմոն անունով մէկը, որ երկար ատենէ ի վեր այնտեղ էր եւ կախարդութիւն ընելով կ'ապշեցնէր սամարացիները. 10պզտիկէն մեծ բոլորն ալ անոր վրայ հիացած, կ'ըսէին. “Այս մարդը ինքը՝ Աստուծոյ զօրութիւնն է, որ Մեծ Զօրութիւն կը կոչուի”: 11Իսկապէս ալ հիացած էին անով, որովհետեւ երկար ժամանակէ ի վեր իր կախարդութեամբ կ'ապշեցնէր զանոնք, ինքզինք իբրեւ կարեւոր մէկը ներկայացնելով:12Բայց երբ հաւատացին Փիլիպպոսի, որ Աստուծոյ արքայութեան եւ Յիսուս Քրիստոսի մասին կը քարոզէր, այր թէ կին բոլորն ալ մկրտուեցան»:

Փիլիպպոսի խօսքերով հաւատացին Յիսուսի եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան մաս կազմեցին:

  • Աստուած չ'ուզեր, որ դուն կամ ուրիշներ ժխտական կերպով կախեալ ըլլաք ուրիշ բաներէ: - Օրինակ՝ կեանքի պայմաններէն, արժէքաւոր զգալէ, անարժէք զգալէ եւլն.
  • Ան կ'ուզէ, որ դուն ուղղակի Իրմէ կախեալ ըլլաս:

«13Սիմոն ինքն ալ հաւատաց, եւ մկրտուելէ ետք՝ Փիլիպպոսի քովէն չէր հեռանար. եւ տեսնելով այն նշաններն ու մեծամեծ հրաշքները, զորս Փիլիպպոս կը կատարէր, կը զարմանար»:

Կախարդներ անգամ դարձի եկան:

«14Առաքեալները, որոնք Երուսաղէմ կը մնային, երբ լսեցին թէ սամարացիները Աստուծոյ Խօսքը ընդունեցին, անոնց քով ղրկեցին Պետրոսն ու Յովհաննէսը, 15որոնք երբ հասան՝ աղօթեցին անոնց վրայ, որպէսզի Սուրբ Հոգին ստանան, 16որովհետեւ մինչ այդ Սուրբ Հոգին անոնցմէ ոեւէ մէկուն վրայ չէր իջած, այլ միայն Տէր Յիսուսի անունով մկրտուած էին»:

Մեծ արթնութիւն եղաւ երկրին մէջ:

«17Այն ատեն Պետրոս եւ Յովհաննէս իրենց ձեռքերը դրին անոնց գլխուն եւ անոնք Սուրբ Հոգին ստացան»:

Սուրբ Հոգին ստացան:

  • Սուրբ Հոգին վերարթնութիւն կը փափաքի, որպէսզի թարմ օծութեամբ լեցնէ ժողովուրդը:

«18Երբ Սիմոն տեսաւ, թէ առաքեալներու ձեռք դնելովը Սուրբ Հոգին կը տրուի, անոնց դրամ խոստանալով՝ ըսաւ. “19Ինծի՛ ալ տուէք այդ կարողութիւնը, որպէսզի որուն վրայ, որ ձեռք դնեմ՝ Սուրբ Հոգին ստանայ”: 20Ասոր վրայ Պետրոս ըսաւ անոր. “Կորսուէ՛, դո՛ւն ալ, դրամդ ալ. կարծեցիր, որ Աստուծոյ պարգեւը կրնա՞ս դրամով գնել: 21Այս բոլորին մէջ մաս եւ բաժին պիտի չունենաս, քանի որ ուղիղ չես խորհիր Աստուծոյ մասին: 22Հետեւաբար դարձի՛ր այդ չար խորհուրդէդ եւ աղաչէ՛, որ Տէրը ներէ քու մտքիդ այս նենգ խորհուրդը: 23Որովհետեւ կը տեսնեմ, թէ դառն նախանձով լեցուն ես եւ մեղքի կապանքներու մէջ բռնուած”: 24Սիմոն ըսաւ. “Ինծի համար աղաչեցէք Տիրոջ, որ ձեր ըսածներէն որեւէ մէկը չպատահի ինծի”»:

Անձնական շահեր հետապնդելը մեծ արգելք է վերարթնութեան եւ յանդիմանութիւն կը բերէ:

Փրկութիւնը այսօր պատրաստ է: Չկայ ուժ մը, որ մարդիկը արգիլէ փրկուելէն եւ կամ արգիլէ, որ դուն զանիկա հասցնես աշխարհին: Յիսո՛ւս որոշած է փրկութիւնը եւ ամէն միջոց պիտի գործածէ անոր համար, եւ ոչ ոք պիտի կարենայ արգիլել զանիկա:

Նախորդ Հրապարակում Տէրը Կ'ուզէ Քեզ Ընտրել (Գործք Առաքելոց 13.1-12)
Յաջորդ Հրապարակում Սուրբ Հոգին Առի՞ք (Գործք Առաքելոց 19.1-8)