Այս նիւթին մէջ պիտի խօսինք Աստուծոյ մօտենալու յաջորդ հանգրուանին մասին:

Դուրսի գաւիթին մէջ գտնուող ժողովուրդը եօթը աստիճան պէտք էր բարձրանար, իսկ քահանաները (չափահասները), ներքին գաւիթը մտնելու համար ութը աստիճան եւս պէտք էր բարձրանային: Շատ յստակ է, թէ ինչքան ուզենք Աստուծոյ մօտենալ, այդքան վեր պէտք է ելլենք աշխարհի կապուածութենէն:

Ներքին գաւիթը մտնելէ առաջ կար սենեակ մը, ուր ողջակէզը կը լուային (Եզ 40.38-43) ութ սեղաններու վրայ: Հազարամեայ տաճարին մէջ մատուցուած զոհերը օրինակ են Աստուծոյ ընծայուած կենդանի զոհերուն (Հռ 12.1), որոնք հաւատացեալներուն կեանքերն են: Զոհերը լուալը օրինակ է սիրտը մաքրելուն եւ նուիրելուն: Նաեւ օրինակ է հոգեւոր դաստիարակութեան: Ծառայողները հաւատացեալներուն անձերը կը պատրաստեն ներքնապէս եւ բարոյապէս, որպէսզի իրենց կեանքերով զԱստուած փառաւորեն (38):

Աստուծոյ մօտեցողները, փոխանակ միայն խօսքերով արտայայտեն իրենց նուիրուած ըլլալը, պէտք է աշխատանք տանին, որպէսզի իրենց նուիրումը գործնական դառնայ: Կան բաներ, որոնք արգելք են նուիրումին, ինչպէս անհոգութիւնը, հպարտութիւնը, անհնազանդութիւնը, անձնասիրութիւնը, պառակտումներ ընելը եւ Աստուծոյ գործին հանդէպ անտարբերութիւնը: Ասոնք կէտեր են, որոնցմէ պէտք է ազատագրուինք՝ Աստուծոյ մօտենալու համար: Աստուած միշտ մերժած է արատաւոր զոհը, որ օրինակ է կեղծաւորութեամբ մօտեցողներուն (Ղւ 22.20-25): Երբ մէկը զոհարանին կը մօտենայ առանց ներքին յօժարութեան եւ առանց իր անձը ուռանալու, կը հրաժարի Աստուծմէ, որովհետեւ աշխարհային բաներէն հրաժարիլը իրեն համար դժուար բան կը թուի:

Մաքրագործումէն ետք, տաճարին մէջ գործունէութիւն մը տեղի կ'ունենար: Երգողները կ'երգէին իրենց ուրախութիւնը արտայայտելու համար (Եզ 40.44), ինչ որ օրինակ է Քրիստոնեաներուն, որոնք մի՛շտ փառաբանողներ պէտք է ըլլան (Սղ 96.1,98.1)՝ ցոյց տալու համար, թէ Աւետարանը կը շնորհէ ուրախութիւն եւ պատճառ կ'ըլլայ փառաբանութեան:

Սեղանը դրուած կ'ըլլար ներքին գաւիթին մէջտեղը (Եզ 40.44-46), որպէսզի երբ դռները բացուէին, դուրսի գաւիթին մէջ գտնուող ժողովուրդը տեսնէր ներսի գաւիթին մէջ գտնուող սեղանը:

Իսկական սեղանն ու զոհը Քրիստոսն է: Երբ մենք Աստուծոյ պիտի մօտենանք, պէտք է Անոր նայինք հաւատքով, որովհետեւ Ան է երկրի վրայ միակ փրկութիւնը (Սղ 74.12):

Աստուծոյ ծառայելու գործը Սադովկի որդիները պիտի ընեն (Եզ 40.45-47): «Սադովկ» կը նշանակէ՝ «արդարութիւն» եւ հաւատացեալները Քրիստոսով արդարացած ըլլալով (Հռ 5.1), Սադովկի որդիներուն նման յարմարագոյն ծառայողներն են:

Ներքին գաւիթէն ներս մտնելու համար քահանաները տակաւին տասը աստիճան կը բարձրանային (Եզ 40.48-49) եւ առաջին սրահին մէջ կ'աղօթէին:

Աղօթքը աշխարհի ազդեցութենէն բարձր մնալու լաւագոյն միջոցն է եւ մեր սիրտին մէջ աղօթքի ձայնը բնաւ պէտք չէ պակսի:

Նախորդ Հրապարակում Յիսուս Փոթորիկը Կը Խաղաղեցնէ (Մատթէոս 8.23-27: Մարկոս 4.35-41: Ղուկաս 8.22-25)
Յաջորդ Հրապարակում Յիսուսի Իշխանութիւնը Դեւերուն Վրայ