Սատանան անշնորհք էակ մըն է, բայց շատ անգամ առօրեայ պայմաններուն մէջ մենք ատիկա չենք տեսներ: Ան կը գործածէ մեր զգացումները եւ փոխանակ անոնց մէջ քաջալերանք դնելու՝ կը դնէ վախեր եւ կասկածներ, եւ այսպիսով մեր կեանքը կ'ըլլայ մարդոցմէ հեռու եւ տառապանքով լեցուն:

Բայց Յիսուս այս բոլորին վրայ իշխանութիւն ունի եւ երբ Յիսուսի կը յանձնուինք՝ Ան Սատանան ծունկի կը բերէ: Սատանան եկեղեցիին առջեւ ալ ծունկի կու գայ, որովհետեւ եկեղեցին Քրիստոսի մարմինն է:

Մր 5.1-20-ին մէջ, կը տեսնենք Յիսուսի իշխանութիւնը դեւերուն վրայ:

Այս հատուածը ցոյց կու տայ, թէ Սատանան կ'ուզէ մարդը խելագար եւ ինքզինք կառավարելու անկարող դարձնել:

Այս հատուածը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ երբ մէկը օգնութեան կարիք ունենայ, ընկերութիւնը կը փորձէ զայն զսպել, առանձնացնել կամ սպառնալ անոր, բայց ոչ ոք կրնայ այդ հարցը լուծուել կամ դիւահարը ազատել: Վերջապէս, հատուածը ցոյց կու տայ Յիսուսի իշխանութիւնը մարդուն ամբողջ կեանքին վրայ, ըլլայ ներքին կամ արտաքին աշխարհին վերաբերող բան մը, ըլլայ մարդը կապանքի տակ կամ պատերազմի մէջ:

Փոթորիկէն եւ ալեկոծութենէն ետք, Յիսուս եւ իր աշակերտները մտան Գերգեսացիներուն երկիրը եւ հոն յաղթութիւն բերին: Այդ երկիրին մէջ կար դիւահար մը, որուն պատճառով բոլորին վրայ վախ ինկած էր եւ մէկը նուաճել չէր կրցած զինք (Մր 5.1-5): Դիւահարին մէջ կային բազմաթիւ դեւեր:

Յիսուս հեռուէն սաստեց ըսելով՝ «[…] պի՛ղծ ոգի, ելիր այդ մարդէն» (Մր 5.8): Դիւահարը կրնար փախչիլ, բայց չփախաւ եւ վազելով եկաւ Յիսուսի առջեւ երկրպագութիւն ըրաւ եւ աղաչեց:

Յիսուս ըրաւ այն, ինչ որ ընկերութիւնը բնաւ պիտի չկարենար ընել՝ դիւահարը ազատեց (5.15) եւ զայն՝ «խելքը վրան եկած», միացուց ընկերութեան:

Մենք շատ միջոցներ կրնանք գործածել, բայց իրականութեան մէջ մենք միայն Յիսուսին մէկ խօսքին պէտք ունինք: Երբ Յիսուսէն խօսք կ'արձակուի, Սատանան ծունկի կու գայ: Յանձն առնենք զոհել որեւէ բան՝ Յիսուսի ներկայութիւնը պահելու համար:

Նախորդ Հրապարակում Ներքին Գաւիթը (Աստուծոյ Մօտենալ Վեր Ելլելով)
Յաջորդ Հրապարակում Միութեան Բնոյթը