Մաթտէոս Աւետարանին մէջ տրուած ուսուցումներուն շարքին մէջ, Յիսուս կը զգուշացնէ վրէժխնդրութեան մասին եւ անոր հետեւանքներուն մասին: Բնագիրին մէջ վրէժ բառը «Նագամ» է եւ կը նշանակէ՝

  • Մէկու մը ըրածին փոխ-հատուցում ընել,
  • Հատուցանել՝ նոյնը ընելով,
  • Վրէժ առնելու փափաք ունենալ,
  • Առիթ փնտռել հատուցում ընելու համար

Կրնանք անոյշ խօսելով հանդերձ, մեր սրտին մէջ ունենալ վրէժխնդրութեան հոգին, որ դիմացինին կ'ուզէ հատուցանել եւ վնաս հասցնել: Վրէժխնդրութեան հոգին թշնամի է մեզի եւ արգելք է որ մեր հաւատքի կեանքը աճեցնենք աղօթքով ու Աստուծոյ խօսքով:

Վրէժխնդրութեան մասին խօսած ատեն, Յիսուս ցոյց կու տայ որ թէեւ Հին Կտակարանին մէջ փոխհատուցման մասին խօսքը տրուած էր անմեղը պաշտպանելու համար (Ելք 21.24: Ղւ 24.20. Բ.Օր 19.21), բայց երկինքի թագաւորութեան մէջ իրաւունք պահանջելու կարիքը չկայ:

Հաւատացեալները պէտք է իրենց հարցերը Տիրոջ բերեն, հաւատալով, որ Ան լաւագոյն լուծումը կ'ընէ, եւ անձամբ փոխհատուցում չընեն (Հռ 12.17-21): Որովհետեւ չարին հատուցումը Աստուած Ինք պիտի ընէ, Ի՛ր արդար ձեւով (Ա.Թս 4.6: Հռ 12.19):

Աստուածաշունչին համաձայն, վրէժխնդրութիւնը արգիլուած է (Ղւ 19:18: Առ 24.29: Հռ 12.17, 19: Ա.Թս 5.15: Ա.Պտ 3.9) եւ մերժուած է Յիսուսի կողմէ (Ղկ 9.54, 55): Փոխանակ վրէժխնդիր ըլլալու, վստահինք Աստուծոյ (Առ 20.22: Հռ 12.16), սէր ցոյց տանք (Ղւ 19.18: Ղկ 6.35), համբերենք (Մտ 5.38-41), օրհնենք (Հռ 12.14) եւ յաղթենք ազնուութեամբ (Առ 25.21,22: Հռ 12.20): Յիսուսի օրինակին հետեւինք (Մք 5.1, Ա.Պտ 2.23):

Երբ Դաւիթ, բարկացած, կ'երթար Նաբաղէն վրէժ լուծելու, Նաբաղի կինը՝ Աբիքիա զինք ետ դարձուց արիւն թափելէն: Այսօր Սուրբ Հոգին նոյնը կ'ընէ մեզի: Չարտօնենք որ մեր անձը գերի ըլլայ վրէժխնդրութեան եւ մտիկ ընենք Սուրբ Հոգիին ձայնին:

Որոշումը մերն է՝ Որո՞ւ կու տանք մեր սիրտը: Երբ մենք ճիշդը ընենք, վերջին յաղթութիւնը մե՛նք պիտի ունենանք (Առ 25.21-22):

Նախորդ Հրապարակում Ուսուցում Երդումի Մասին (Մատթէոս 5.33-37)
Յաջորդ Հրապարակում Կոչում, Հետեւէ՛ եւ Կրկնապատիկ