Աստուածաշունչին համաձայն,կոչումին կը յաջորդէ «հետեւիլը»: Իր կոչումը յաջողցնելու համար հաւատացեալը ունի յատուկ ընելիքներ,եւ միայն զանոնք կատարելով է,որ ան կրկնապատիկ օծութեան պիտի արժանանայ:

Կոչում բառը,որ բնագիրին մէջ «քըր» բառն է,գործածուած է Հին Կտակարանին մէջ կանչելու համար (Ծն 3.9),անունով կանչելու համար (Ծն 4.26),կամ Աստուծոյ անունով կանչելու համար (Բ.Օր 28.10: Ես 43.7): Հետեւաբար,չենք կրնար սովորական անունն ու կոչումը իրարմէ անջատել:

Նաեւ,Աստուածաշունչին համաձայն,կոչումը հաւատացեալին ընելիք գործն է: Օրինակ՝ մեր Փրկիչը «Յիսուս» կոչուեցաւ,որ Փրկիչ կը նշանակէ (Մր 1.21) եւ Ան իր ստացած կոչումին համաձայն,իր ամբողջ առաքելութեան ընթացքին որպէս փրկիչ գործեց:

Որպէս Քրիստոնեաներ,մենք Քրիստոսի անունով կը կոչուինք եւ մեր կոչումը Քրիստոսի մէջ է (Փլպ 3.14): Հետեւաբար կանչուած ենք գործելու Յիսուսի նման: Մենք ունինք այդ կարողութիւնը,որովհետեւ կանչողը Ինք մեզ կարող դարձուցած է (Յհ 14.12): Մեր կոչումն ու ճամբորդութիւնը հովանաւորուած են Աստուծոյ կողմէ (Ես 43.1-3ա):

Իր կոչումին համաձայն քալելու համար հաւատացեալը պէտք է նայի Յիսուսին եւ Անոր օրինակին հետեւելով ապրի իր կեանքը (Ա. Պտ 2.21): Պետրոս կրցաւ ջուրերուն վրայէն քալել,այնքան ատեն որ Յիսուսին կը նայէր,բայց երբ ան իր չորս կողմը նայեցաւ՝ վախցաւ եւ սկսաւ ընկղմիլ:

Վերջապէս,մեր կոչումը կատարելու համար,հետեւիլը անհրաժեշտ է: Յիսուս ուզեց,որ աշակերտները իրեն հետեւին (Յհ 1.35-51): Հետեւելով՝ Եղիսէ ստացաւ կրկնապատիկ օծութիւն (Դ.Թգ 2.1-18): Երբ Եղիսէ կանչուեցաւ,ան ամէն ինչ ձգեց եւ յանձն առաւ Եղիային ծառայել: Ան Եղիային ետեւէն գնաց,որովհետեւ կոչումին բռնուած էր եւ Եղիան ամենալաւ միջոցն էր՝ իր կոչումը իրագործելու համար: Ինչպէս Եղիսէ խոնարհութեամբ եւ հնազանդութեամբ Եղիային հետեւեցաւ,կարեւոր է,որ մենք նոյնպէս Աստուծոյ մեզի տուած առաջնորդին հետեւինք ու նուիրուինք: Եղիսէի ծառայութիւնը պատճառ եղաւ,որ ան տեսնէ Եղիային երկիքն վերցուիլը եւ բացուած երկինքը ու կրկնկապատիկ օծութիւն ստանայ:

Նայի՛նք Յիսուսին եւ այն առաջնորդին,որ Տիրոջ կողմէ կարգուած է: Երբ Աստուծոյ սկզբունքներուն մէջ կենալով նուիրուինք ու հետեւինք,աւելի՛ն պիտի ստանանք:

Նախորդ Հրապարակում Ուսուցում Վրէժի Մասին (Մատթէոս 5.38-42)
Յաջորդ Հրապարակում «[...] Եթէ դուն գիտնայիր [...]»