Աստուծոյ աչքերով ներկայ աշխարհին վրայ ընտիր անօթներ կան, բայց շատ անգամ մենք չենք տեսներ զանոնք: Տեսնելու համար, մենք Աստուծոյ տեսակէտով նայելու պէտք ունինք:

Նէեման (Դ.Թգ 5.1-27) հեթանոս թագաւորի մը զօրագլուխն էր եւ բորոտ էր: Աստուած գործածեց պզտիկ գերի աղջիկ մը՝ Նէեմանին սիրտը շարժելու համար: Այս աղջիկը կրցաւ իր երկրին վրայ յարձակող զօրագլուխին եւ իր կեանքին մէջ վէրքեր ստեղծող մարդուն առողջութեան համար խօսիլ, քանի որ իր մէջ սէր ունէր:

Գերի աղջկան հաւատքով եղած խօսքը համոզեց Նէեմանի կինը, որ Նէեմանին խօսեցաւ Իսրայէլի մարգարէին մասին, եւ Նէեման իր կարգին խօսեցաւ երկրի թագաւորին: Երբ թագաւորը լսեց, խոնարհեցաւ եւ Աստուծոյ մարգարէն փնտռելու համար ճամբայ ելաւ:

Նէեման կատարեց մարգարէին պատուիրածը, բժշկուեցաւ (5.14) եւ դարձի եկաւ:

Գեղեցիկ նամակ մը, որ բերաւ ապաշխարութիւն եւ ճեղքում: Այս մէկը եղաւ առանց քարոզչութեան, այլ միայն՝ հաւատքի քանի մը բառերով:

Մեր սրտին մէջ գտնուած նամակը աւելի զօրաւոր է քան այս աշխարհի հոգին (Ա.Յհ 4.4): Աստուծոյ Խօսքը պիտի հասնի մարդոց երբ մենք գործակցինք եւ զԱյն հասցնենք, ո՛չ միայն լսողներուն եւ ընդունողներուն, այլ՝ բոլորին:

Նախորդ Հրապարակում Զօրութիւն՝ Նպատակի Մը Համար
Յաջորդ Հրապարակում Անսակարկ Հնազանդութիւն (Բ.Օր 4.1 - - 49)