I. Ի՞ՆՉ Է ՔԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԸ

  1. Աղօթքը մեր կեանքին կարեւորագոյն գործունէութիւնն է:
    • «Իսկ մենք աղօթքի եւ Աստուծոյ խօսքին մատակարարման նուիրուինք» (Գրծ 6.4):
      • «Նուիրուինք» յունարէնով՝ «Փրոսքարդէնէ՛օ»
        • Շարունակ, շարունակ՝ Անոր սպասելով, սպասել նուիրումով, ականջ տալով, միշտ պատրաստ ըլլալով
        • Անընդհատ հոգածութիւն
      • Սա կը նշանակէ, թէ աղօթքը մեր Քրիստոսով նոր ինքնութեան ամուր զէնքերէն մէկն է:
  2. Այսօր քեզի պիտի յայտնեմ, թէ՝ փրկութեան կողքին, աղօթքը ինչքան մեծ կարեւորութիւն ունի քու ինքնութիւնդ ապրելու մէջ:
    • Աղօթքը կը փոխարինէ քու կորսնցուցած ինքնութիւնդ եւ կու տայ զօրութիւն՝ այս մարմինին մէջ ապրելու:
  3. Աստուածաշունչին համաձայն, աղօթել կը նշանակէ զԱստուած պաշտել (Սղ 63.1-8, 65, 71.14-15):
    • Աղօթքի գործողութիւնը իր մէջ կը ներառէ Սուրբ Երրորդութեան երեք Անձերը՝ Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին: Պէտք է աղօթել.
      1. Միայն Հայր Աստուծոյ (Սղ 5.2: Մտ 4.10: Ղկ 23.42: Գրծ 7.59)
      2. Քրիստոսի զոհաբերութեան անունով (Եփ 2.18: Եբր 10.19)
      3. Սուրբ Հոգիով (Հռ 8.26: Յդ 20)

II. Ի՞ՆՉՊԷՍ ԳՈՅԱՑԱՒ ԱՂՕԹՔԸ

  1. Աղօ՞թք թէ Յարաբերութիւն
    • Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ ստեղծագործութեան սկիզբը.-
      1. Աղօթք չկար:
      2. Կար յարաբերութիւն, սէր եւ հոգածութիւն (Ծն 2.16,19,25):
      3. Ծն 1.28-ին համաձայն, սկիզբէն մարդուն իշխանութիւն տրուեցաւ.
        • Երկիրին տիրելու (հմմտ Սղ 115.16)
        • Ստեղծուածներուն վրայ իշխելու
        • Երկիրը Աստուծոյ ծրագիրին համաձայն շինելու համար
  2. Կրօն եւ Աղօթք
    • Մարդուն մեղանչելէն ետք (Ծն 3).
      1. Յարաբերութիւնը խզուեցաւ (Ծն 3.22-24):
      2. Սէրը ըմբոստութեան վերածուեցաւ (Ծն 4.3-9):
        • «Չեմ գիտեր, միթէ ես իմ եղբօրս պահապա՞նն եմ» (Ծն 4.9):
      3. Մարդը իր իշխանութիւնը կորսնցուց (Ծն 3.16-19):
      4. Օրհնութիւնը անէծքի վերածուեցաւ (Ծն 3.16-19, 4.11-12):
      5. Մարդը անէծքի մէջ ապրելու սկսաւ (Ծն 3.14-19):
    • Ի՞նչ է Անէծքը:
      1. Անէծքը մահուան ոգին է (Ծն 3.22: Հռ 6.23):
      2. Կեանքը կը պատէ՝ զայն դէպի մահ տանելու նպատակով:
        • Բոլոր ազգերն ալ այդ անէծքին ազդեցութենէն կը տառապին:
          • «Վասն զի ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (Հռ 5.12):
      3. Մարդը մարմնաւոր (Ծն 6.3) եւ մահկանացու եղաւ (Ծն 2.17, 3.19):
    • Աստուած մարդը սիրելէն չդադրեցաւ: Ան իր մեծ սիրով մարդը իրեն մօտեցնելու համար փրկութիւն մը խոստացաւ (Ծն 3.15): Աստուած մարդուն իր երկրորդ ծրագիրը յայտնեց, որ Որդին ղրկելով մարդը վերադարձնել էր (Եփ 1.3-5):
      • Փրկութիւնը կատարելէ առաջ, Աստուած խոստացաւ զայն Ադամին եւ անոր կատարուելու ձեւն ալ նկարագրեց անասուն մը զոհելով (Ծն 3.15,21):
    • Այնուհետեւ, բոլոր Աստուծոյ մօտենալ ուզողները Աստուծոյ միջոցը որդեգրելով զոհ կը մատուցանէին (Ծն 4.4):
      • Անոնց մէջ յաճախ սխալ եւ չար կերպով մօտեցողներ ալ կը գտնուէին, որոնք Աստուծոյ համար ընդունելի եւ հաճելի զոհեր չէին մատուցաներ (Ծն 4.3):
    • Աստուած Կայէնին մեռցուցած Աբէլին փոխարէն Ադամին տուաւ Սէթը, որպէսզի Անոր կամքին համաձայն հաւատքի կեանքը շարունակէ (Ծն 4.25-26): Սէթ իր որդիին՝ Ենովսի օրերուն, հաւատքի միջոցաւ, մարդուն մահկանացու ըլլալը ճանչցաւ եւ այդ պատճառով իր որդին Ենովս կոչեց, որ կը նշանակէ «Մահկանացու»:
    • Ենովսի օրերուն հաւատացեալներ մարդուն մահկանացու ըլլալը ճանչնալով՝ աղօթքին նպատակը ճանչցան (հասկցան) եւ Ադամի կորսնցուցած փառքը (իշխանութիւնը) ձեռք բերելու եւ վերստին Աստուծոյ միանալով Աստուծոյ կամքն ու ծրագիրը իրականացնելու նպատակով սկսան Տիրոջ անունը կանչել (Ծն 4.26):
    • Հաւատացեալներ սկսան իրենց անձը Տիրոջ խոստացած փրկութեան նուիրել եւ ուխտել: Տէր Աստուած իր եւ մարդուն միջեւ կնքուած իւրաքանչիւր ուխտ նշանով մը կը հաստատէր (Ծն 9.8-17, 15.1-21, 17.1-27):
    • Նահապետներուն համար աղօթքը Աստուծոյ անունը կանչելով (Ծն 4.26, 12.8) զոհ մատուցանել էր (Ծն 8.20, 26.25). Եահուէ:
      1. Աստուած այս անունով Ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ Իր ժողովուրդին Փրկիչը (Ելք 3.14):
      2. Աստուծոյ հաճութիւնը շահող զոհերը անէծքը օրհնութեան կը փոխէին (Ծն 8.21,22, 9.1-3):

III. ԻՆՉՈ՞Ւ Կ՛ԱՂՕԹԵՆՔ- ԱՂՕԹՔԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ, ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

  • Աստուածաշունչին վարդապետութիւնը կը յայտնէ, թէ.
    1. Աղօթքը Աստուծոյ նկարագիրը եւ ստորոգելիները կը հռչակէ (Սղ 63.3, 8.1-9, 9.1-12, 23.1-6, 25.8-18, 27.1, 29.1-11, 99.1-9, 104.27,30):
      • Այդպիսով զԱստուած կը ճանչնանք:
    2. Կ՛աղօթենք, որպէսզի Աստուծոյ մօտենանք ու Անոր ներկայութեան կենանք (Սղ 5.1-3, 34.4, 40.1):
    3. Աստուծոյ շնորհած առաւելութիւնները վայելելու ու իր Սուրբ Հոգիին միջոցաւ Անոր հետ յարաբերութեան մէջ ըլլալու եւ զինք իբրեւ Հայր ճանչնալու համար,
      անհրաժեշտ է Անոր պատրաստած փրկութիւնը ընդունիլ եւ Անոր հետ ուխտել (Սղ 34.18, 37.5, 61,5: Յհ 14.6, 13: Հռ 8.1-4, 14-17: Բ.Կր 3.5, 6):
    4. Կ՛աղօթենք Աստուծոյ ծրագիրները աշխարհին յայտնի դարձնելու համար (Կղ 4.3-4: Բ.Կր 2.14):
    5. Աղօթքի արդիւնքները.
      1. Երբ աղօթքը զԱստուած փնտռելով կատարենք, Աստուած փրկութեան համար կը հասնի մեզի (Սղ 34.18, 51.17, 149.4, 118.12, 34.22):
      2. Աղօթքը պայքար մըն է:
        • Երկինքի թագաւորութիւնը ուժով կ՛առնուի:
        • Առաջին սկզբունքին համաձայն, ներքին կորովով փրկութիւն եւ ազատութիւն փնտռողները կ՛օրհնուին (Ծն 32.24-32: Մտ 11.12):
    6. Աղօթքի միջոցին պէտք է Տիրոջ առջեւ պատճառ դնես, իսկ միակ եւ լաւագոյն պատճառը փրկութեան ծրագիրն է (Մտ 6.9-10: Եփ 6.19-20).
      1. Աստուած երկինքէն թշնամիին վրայ մեծ ձայնով կ՛որոտայ (Ա.Թգ 7.10):
      2. Երկինքէն կրակ կը ղրկէ (Գ.Թգ 18.1-39):
      3. Թշնամիները կը ցրուէ (Դ.Թգ 19.14-19, 35-37):
    7. Փրկութեան ծրագիրին եւ Աստուծոյ նպատակներուն համար ապրողները իրենց աղօթքներուն պատասխանը կ՛առնեն (Ծն 20.17, 25.21): Աղօթքի միջոցաւ.
      1. Գերբնական իմաստութիւն կը ստանան (Գ.Թգ 3.8-14: Յկ 1.5):
      2. Մարդոց միտքերը կը բացուին (Եփ 1.17-18):
      3. Տեսիլքներ կը տեսնեն (Դ.Թգ 6.16-17):
      4. Մեռելներ յարութիւն կ՛առնեն (Գ.Թգ 17.17-24: Գրծ 9.36-41):
      5. Թշնամիին բանակը պարտութեան կը մատնուի (Դ.Թգ 19.14,35):
      6. Բանտերու դռներ կը բացուին եւ կապանքներ կը քակուին (Գրծ 12.5-11, 16.25-26):
    8. Աղօթքի զօրութեամբ.
      1. Երկինքէն զօրութիւն կու գայ (Գրծ 1.8,24, 2.1-3, 4.23-31):
      2. Սատանային ուժերը կը փախչին (Ես 37.6-9: Դ.Թգ 7.3-7):
Նախորդ Հրապարակում Ի՜նչ Գերազանց ու Մեծ Ուժ - Հովիւ Լեւոն Մոմճեան
Յաջորդ Հրապարակում Սերունդ Պատրաստէ