Սուրբ Հոգիին մասին հարազատ գիտութիւն ունենալը կարեւորագոյն սկզբնակէտ մը պիտի ըլլայ հաւատացեալին համար՝ իր առաքելութիւնը զօրութեամբ կատարելագործելու համար: Տէր Յիսուս Իր աշակերտները պատրաստեց, որպէսզի լաւապէս ճանչնան Սուրբ Հոգին եւ իրենց առաքելութիւնը սկսին Անոր հետ գործակցելով (տե՛ս Յհ 14--16):

Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ Աստուած Իր գործերը սկսաւ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ եւ միշտ Անոր միջոցաւ կը կատարէ զանոնք: Աստուածաշունչը կը յայտնէ նաեւ, թէ Աստուած ստեղծագործութիւնը ըրաւ Իր խօսքով եւ Սուրբ Հոգիին գործակցութեամբ (Ծն 1.2-3):

Աստուած երկիրը յանձնեց մարդոց պատասխանատուութեան (տե՛ս Սղ 115.16), եւ մարդոց հետ գործակցելով կը միջամտէ եւ Իր օգնութիւնն ու ծրագիրները կը հրամցնէ, որպէսզի մարդիկ երկիրը կառավարեն Աստուծոյ տեսակէտով:

Սուրբ Հոգին կը գործակցի այն մարդոց հետ, որոնք Քրիստոսով Աստուծոյ նպատակներուն համաձայն կ'ապրին երկրի վրայ:

Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ Սուրբ Հոգին.

  • Աստուած է (Գրծ 5.3-4):
  • Հօր եւ Որդիին հաւասար է (Մտ 28.19-20):
  • Յաւիտենական է (Եբր 9.14):
  • Ամենակալ է (տե՛ս Ծն 1.2):
  • Ամենագէտ է (Ա.Կր 2.10-11):
  • Ամենուրեք է (Սղ 139.7):
  • Աստուծոյ զօրութիւնն է (Մտ 12.28: Ղկ 11.20):

Առաւել, թէ.

  • Քրիստոս Հոգիէն առաջնորդուած կատարեց Իր առաքելութիւնը (Ղկ 4.14):
  • Քրիստոս Հոգիին զօրութեամբ կ'ընէր Իր հրաշքները (Մտ 12.28: Ղկ 5.17):

Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը յայտնուած է.

  • Ստեղծագործութեան մէջ (Ծն 1.2: Յոբ 26.13: Սղ 104.30)
  • Քրիստոսի Սուրբ Հոգիով ծնելուն մէջ (Ղկ 1.35)
  • Քրիստոսի մեռելներէն յարութիւն առնելուն մէջ (Ա.Պտ 3.18)
  • Կեանք տալու մէջ (Եզ 37.11-14: Հռ 8.11)
  • Հրաշագործելու մէջ (Հռ 15.18-19)
  • Աւետարանը ազդու կերպով քարոզելու մէջ (Ա.Կր 2.4: Ա.Թս 1.5)
  • Դժուարութիւններուն յաղթելու մէջ (Զք 4.6,7)

Սուրբ Հոգին ստանալու խոստումը ունինք.

  • Հօրմէն (Ղկ 24.49)
  • Որդիէն (Գրծ 1.8)

Աստուծոյ սուրբերը.

  • Սուրբ Հոգիով կը դիմադրեն դժուարութիւնները եւ կը շարունակեն դէպի նպատակակէտ (կարդա՛ Սղ 51.12):
  • Սուրբ Հոգիով կը զօրանան (Եփ 3.16):
  • Ճշմարտութիւնը խօսելու մէջ համարձակ կ'ըլլան Սուրբ Հոգիով (Մք 3.8: Գրծ 4.31, 6.5,10: Բ.Տմ 1.7,8):
  • Սուրբ Հոգիին օգնութիւնը կը ստանան տկարութեան մէջ (Հռ 8.26)
  • Կ'ամրապնդուին յոյսով (Հռ 15.13):

Սուրբ Հոգին որակաւոր ծառայողներ կը պատրաստէ՝ աշխարհ ղրկելու համար (Գրծ 1.8):

Աստուծոյ Խօսքը Սուրբ Հոգիին սուրն է (Եփ 6.17):

Սուրբ Հոգիին Գործակցութիւնը

Սուրբ Հոգին կը գործէ Աստուծոյ Խօսքին համաձայն, եւ երբ Աստուծոյ Խօսքը սիրտիդ մէջ ունենալով խօսիս, Սուրբ Հոգին քեզի հետ կը գործակցի եւ դէմ կը դնէ թշնամիին.

  • Սուրբ Հոգին թշնամիէն զօրեղ է (Ա.Յհ 4.4):
  • Կը կանգնի թշնամիին դէմ (Ես 59.19):
  • Տէր Յիսուս կը հաստատէ, թէ Սուրբ Հոգին Իրմով պիտի գործէ (Յհ 16.12-15):
  • Խօսքիդ համաձայն կը գործէ ու կը փրկէ (Գրծ 10.44):

Սուրբ Հոգիին պատճառով, թշնամին չի կրնար ընդօրինակել քու ըրածներդ. Սուրբ Հոգին չի գործակցիր անոր հետ եւ ո՛չ ալ աչք կը խփէ:

  • Սուրբ Հոգին կը վկայէ փրկագործութեան կողքին՝ խօսքով եւ գործով (Գրծ 5.32: Կարդա՛ Ելք 9.11):
  • Կարմիր ծովը բաժնուեցաւ Աստուծոյ ժողովուրդին համար եւ ո՛չ Փարաւոնին զօրքերուն համար (Ելք 14.21-28: Եբր 11.29):
  • Անոր գործակցութիւնը մեր ձեւով չ'ապահովուիր (Գրծ 19.13-19):

Մի՛ Սահմանափակեր Սուրբ Հոգիին Գործը

Երբ Սուրբ Հոգին յայտնէ մեզի առաքելութեան մասին, Իր խօսքին մէջ նկատի կ'ունենայ ամբողջ աշխարհը: Սակայն մենք յաճախ կը սահմանափակենք Անոր խօսքը, մեր համոզումներուն եւ նուիրումին չափին մէջ:

Եթէ Աստուծոյ անսահման ծրագիրը մեր սահմանափակ նայուածքով կամ մեր առաքելութեան ծաւալը մեր չափանիշներով որոշենք, շատ պզտիկ եւ անկատար առաքելութիւն մը կ'ունենանք, որուն համար կարելի է ըսել, թէ մարդկային է, որովհետեւ աստուածայինը կ'ըսէ.

«Գացէք ամբողջ աշխարհ եւ բոլոր մարդոց քարոզեցէք Աւետարանը» (Մր 16.15):

Նախորդ Հրապարակում Լսէ՛ Ի՞նչ Կ՚ըսէ
Յաջորդ Հրապարակում Ինչ որ Տիրոջ Կողմէն Օրհնուած Է, Չանիծուիր