Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը յաղթութիւն է, ոչ միայն մահուան դէմ, հապա նաեւ թշնամիին դէմ (Կղ 2.15):

Յարութիւնը կ'երեւի միայն մահ եղած տեղի մէջ: Ադամի անկումէն եւ մահը աշխարհ մտնելէն ետք, մահը ամէնէն մեծ թշնամին էր մարդկութեան:

Քրիստոս՝ Օծեալը, մարդանալով, մարմին առնելով եւ մահը յանձն առնելով, զօրութեամբ յարութիւն առաւ եւ այդպիսով յարութիւնը ստեղծեց աշխարհին համար:

Քրիստոս մահուան յաղթեց եւ Ան երկրի վրայ ո՛ղջ է Եկեղեցիին միջոցաւ: Ես ու դուն Անոր մարմինն ենք այսօր (եփ 1.23), եւ Յարութիւնը մե՛ր եւս յաղթութիւնն է:

Նախորդ Հրապարակում Յաղթուած Պատերազմը
Յաջորդ Հրապարակում Վտարէ՛ Պիղծ Ոգիները (Մտ 12.22-37)