Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Լիբանանի մէջ պիտի ունենանք մեր տարեկան համագումարը, որուն խորագիրն է՝ «Մեղմ ու Բարակ Ձայնը»:
Ինչպէս Տէրը Եղիայի հետ խօսեցաւ մեղմ ու բարակ ձայնով մը եւ ազատեց զայն բոլոր ճնշումներէն եւ վախերէն, մենք նոյնպէս այս տարի կու գանք լսելու Անոր ձայնը, որպէսզի զօրութեամբ յառաջ երթանք դէպի այն նպատակակէտը, որուն Ան կանչած է մեզ՝ կատարել Հօր կամքը մինչեւ 2030 թուական ո՛ւր որ ենք:
✨Ձեզ ջերմօրէն կը հրաւիրենք մեզի միանալու այս տարեկան համագումարին, որ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ:
📍Վայր՝ Սէյիտաթ Ալ Պիր Վանք, Պգնայա
📅Օգոստոս 9-10, 2025
📞 Յաւելեալ տեղեկութեանց եւ արձանագրութեան համար կապուիլ քարտուղարութեան հետ հեռաձայնելով 70238651 թիւին։
Թող Տէրը օրհնէ ձեզ։