Աստուծոյ եւ մարդկութեան թշնամին Քրիստոսով մեր իշխանութիւնը վերադառնալը կ'ատէ եւ ամէն գնով մեր իշխանութիւնը կոտրել պիտի փափաքի. այդ ընելու համար իր առաջին յարձակումը մեր հաւատքի վահանը վերցնել պիտի ըլլայ (Եփ 6.16):

Շատ կարեւոր է, որ թագաւորութիւնը հաստատելու գործը ճիշդ ձեւով ընենք, որովհետեւ եթէ գործը եւ մեզի շնորհուած ինքնութիւնը լաւ չճանչնանք, թշնամին կը փորձէ զարնել մեզ:

(Ա.Թգ 11.1) Նաաս Յաբիսի բնակիչները կորսնցնելու եւ իրենց գերի ընելու համար շարուեցաւ: Նաաս կը նշանակ՝ օձ եւ խորհրդանիշ է Սատանային, իսկ Յաբիս կը նշանակէ չոր եւ խորհրդանիշ է չոր, անպաշտպան եւ առանց թագաւորի վիճակին:

Անոնք թշնամիին հետ ամէն գնով դաշնակցութեան պատրաստ էին, հաւատքով լուծում չունենալնուն պատճառով: Նաասին պայմանը դաշնակցութեան համար բոլորին աջ աչքը կուրցնելն էր, որպէսզի նախատինք դնէ անոնց վրայ (11.2):

Աջ աչքը պատերազմիկին համար պատերազմի ընթացքին միակ միջոցն է թշնամիին հետեւելու: Աջ աչքը հաւատքով թշնամին տեսնելու աչքն է եւ եթէ կուրնայ, տեսնելը անհնար կ'ըլլայ եւ պիտի ստիպէ որ հաւատացեալը իր վահանը՝ իր պաշտպանութիւնը իջեցնէ, թշնամին տեսնելու համար:

Երբ Յաբիսի ծերերը եօթը օր ժամանակ ուզեցին Նաասէն, պատգամաւորներ Գաբաան գացին եւ ժողովուրդին ու Սաւուղին իմացուցին այս խօսքերուն մասին (11.4): Սաւուղի թերութիւններէն մէկը այն էր, որ թագաւոր օծուելէն ետք եզներուն ետեւը անցած՝ արտ կը հերկէր (5), բայց «Երբ այս խօսքերը լսեց, Աստուծոյ Հոգին Սաւուղին վրայ եկաւ ու անոր բարկութիւնը խիստ փորփոքեցաւ» (6): Ժողովուրդին ցաւի խօսքերը եւ Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը թշնամիին դէմ բարկութիւն ստեղծեցին:

Սաւուղ բանակ հաւաքեց (11.8-9) եւ յաղթեց (11.11), սակայն ո՛չ ինքը եւ ոչ ալ ժողովուրդը իր կոչումը ճանչցած էին (12): Սաւուղ երրորդ անգամ ըլլալով թագաւոր օծուեցաւ (14-15), բայց տակաւին լաւ արդիւնք չբերաւ, որովհետեւ Աստուածատուր իր ինքնութիւնը չէր ճանչցած:

Շատեր եւս իրենց իրական ինքնութիւնը կը կորսնցնեն առօրեայ պայմաններուն մէջ: Ապրինք մեր ինքնութեան համաձայն. Կարդա՛նք Աստուծոյ Խօսքը եւ չարտօնենք բնաւ որ թշնամին մեր նայուածքը կուրցնէ (Բ.Կր 4.4):

Նախորդ Հրապարակում Երկնքի Թագաւորութիւնը Երկրի Վրայ Կենդանացնել
Յաջորդ Հրապարակում Նայէ՛ ու Ապրէ՛ (Մատթէոս 12.38-42)