Յիսուս յարութիւն առնելէն ետք 40 օր մնաց իր ժողովուրդին հետ, որովհետեւ նամակ մը ունէր փոխանցելիք:

Շատ անգամ երբ «հոգեւոր անապատային» վիճակէ մը անցնինք, մեզի համար սպասելը դժուար կ'ըլլայ, բայց փոխանակ տրտնջալու լաւ կ'ըլլայ մտածենք թէ ի՞նչու Աստուած մեզ «անապատ»էն կ'անցնէ:

Երբ երկու տարեկան երեխայ մը դանակ ուզէ, մենք կը մերժենք իրեն ատիկա տալ, ոչ թէ որովհետեւ զինք չենք սիրեր, այլ որովհետեւ ատիկա իրեն համար վտանգաւոր է: Երբ մեր ակնկալածը կ'ուզենք, կարեւոր է նկատի առնենք որ ատիկա Աստուծոյ կամքին համաձայն ըլլայ:

Սպասելու ժամանակ, շինուելու համար շատ կարեւոր բաներ ունինք ընելիք: Կարեւոր է մեր կեանքերը հիմնենք Աստուծոյ խօսքին համաձայն: Ունենանք Աստուծոյ հրաշքները եւ խօսքերը յիշող ոճ մը. Աստուծոյ վստահիլը պէտք է մեր առաջին բնոյթը ըլլայ:

Երկինք համբարնալէն առաւ Յիսուսը ըսաւ իր աշակերտներուն՝ «Եւ ահա՛ ես իմ Հօրս խոստումը ձեզի կը ղրկեմ. Բայց դուք Երուսաղէմ քաղաքիս մէջ նստեցէք, մինչեւ վերէն զօրութիււն առնէք ձեր վրայ» (Ղկ 24.49):

Յիսուս պատուիրեց որ սպասեն, մինչեւ որ երկինքէն զօրութիւն առնեն: Ատկէ առաջ, իրենք պիտի չգտինային պահել իրենց տրուածը:

Նախքան Սուրբ Հոգիին գալը կարեւոր էր որ աշակերտները ներքնապէս գիտնային թէ Յիսուս ի՞նչ կատարեց խաչին վրայ. Ի՞նչ եղաւ, ի՞նչու եղաւ եւ ի՞նչ դուռ բացուեցաւ հաւատացեալներուն համար:

Աշակերտներուն համար խաչը պարտութեան նշան էր եւ երբ Յիսուս խաչը ելաւ, անոնք ցրուեցան: Բայց երբ Յիսուս հոգին աւանդեց, «տաճարին վարագոյրը վերէն վար երկուքի ճեղքուեցաւ, երկիր շարժեցաւ, քարերը պատրեցան» (Մտ 27.51): Այս բաները եղան Յիսուսի մեռնելէն ետք կարեւոր նամակ մը փոխանցելու համար:

Վարագոյրին վերէն վար պատրուիլը ցոյց կու տար որ այդ գործը վերէն՝ Աստուծմէ եղաւ: ժողովուրդը վարժուած էր վարագոյրին ետեւէն Աստուծոյ հետ յարաբերելու, որովհետեւ առանց վարագոյրի՝ պէտք էր մարդը իր մեղքերուն գինը վճառէր: Վարագոյրը պիտի ելլէր միայն երբ Աստուած-մարդ յարաբերութիւնը իր սկզբնական տեղը հասնէր եւ ատիկա եղաւ որդիին մեռնելովը:

Յիսուսի մահէն եւ յարութենէն ետք, պէտք էր աշակերտները ելլէին իրենց սխալ մտայնութենէն եւ վարագոյրին ետեւէն Աստուծոյ հետ յարաբերելու վարժութենէն:

Այդ 40 օրերուն ընթացքին, Յիսուս ժամանակ տուաւ, որ սորվին յարութեան ժամանակին մէջ ապրիլ: Ատիկա շինուելու ժամանակ էր, որպէսզի ատկէ յետոյ առաքելութեան ղրկուէին (Մտ 28.18-19):

Նախորդ Հրապարակում Խօսքը եւ Յայտնութիւնը
Յաջորդ Հրապարակում Մեծ եւ Փոքր Եկեղեցիներ (Ելք 30.12)