Ինչո՞ւ հնազանդութիւնը կարեւոր է եւ ի՞նչ են անոր ճիշդ սկզբունքները (Բ.Օր 4.1-14):

Մովսէս կը թելադրէ հնազանդիլ Աստուծոյ՝ կեանքի լման ուրախութիւնը վայելելու համար: Հնազանդիլ Աստուծոյ պատուէրներուն անսակարկ ձեւով՝ առանց բան մը աւելցնելու, անոնց զօրութենէն բան մը չպակսեցնելու համար (Բ.Օր 4.1-2):

Մեղքէն զգուշանալը (9) եւ Աստուծոյ վախը (10-14) մեր սրտին մէջ պատճառ կ'ըլլան, որ բնականօրէն խուսափինք անհնազանդութենէն: Իսկ անսակարկ հնազանդութիւնը կ'որոշէ մեր կեանքին մէջ Աստուծոյ խոստացած կեանքի լեցունութիւնը ապրիլը:

Նախորդ Հրապարակում Անսակարկ Հնազանդութիւն (Բ.Օր 4.1 - - 49)
Յաջորդ Հրապարակում Եղիայի Օրերը - Հովիւ Ռաֆուլ Նաժըմ