Ծառայութեան կանչուելէ ետք, կ'անցնինք զանազան հանգրուաններէ եւ կարեւոր է, որ հաւատարիմ ըլլանք իւրաքանչիւր հանգրուանի մէջ:

Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ ամէն բանի ժամանակը կայ (Ժղ 3.1): Ինչպէս պարտիզպանը ամէն բան կ'ընէ, որպէսզի ծառը իր ժամանակին պտուղ բերէ, հաւատացեալներն ալ պէտք է ժամանակներուն հետեւին ու ատոր համաձայն վարուին:

Տէրը կրնայ մեզ սպասցնել նպատակով մը եւ կարեւոր է, որ մինչ մենք կը սպասենք՝ հնազանդ ըլլանք Աստուծոյ եւ մեր նկարագիրով չշարժինք, այլ ընդօրինակենք Եղիսէի կեցուածքը:

Երբ Եղիսէ կանչուեցաւ, ան Եղիային հետեւելու պատրաստակամութիւն ցոյց տուաւ: Իր հարստութիւնն ու ունեցուածքը անտեսելով, Եղիսէ ծառայեց ու հնազանդ մնաց Եղիային մինչեւ այն օրը, երբ Տէրը իրեն յայտնեց իր գործն ու զայն կատարելու ձեւը:

Եղիսէ իր կոչումին կառչած մնաց եւ Եղիային ետեւէն գնաց , մինչեւ անոր երկինք վերցուիլը: Մենք եւս պէտք է կեդրոնանանք մեր կոչումին վրայ եւ չարտօնենք, որ որեւէ բան անկէ աւելի բարձր տեղ գրաւէ մեր սիրտին մէջ:

Երբ Եղիա երկինք վերցուեցաւ, Եղիսէ անոր վերարկուն առնելով Յորդանան գետը երկուքի բաժնեց: Եղիսէի ժամանակը հասած էր...

Մեր ժամանակին սպասե՛նք՝ մեր անձին եւ մարդոց հետ մեր յարաբերութիւններուն վրայ աշխատելով: Երբ իւրաքանչիւր հանգրուանի մէջ հնազանդ ըլլանք ու հաւատարմութեամբ ծառայենք, Աստուծոյ մեզի տուածներուն մէջ պիտի աճինք:

Նախորդ Հրապարակում Ուսուցում Շնութեան Մասին (Մատթէոս 5.27-30)
Յաջորդ Հրապարակում Միութեան Զօրութիւնը Եկեղեցիին Մէջ