Երբ Սուրբ Հոգիին արտօնութիւն կու տանք որ մեր կեանքերէն ներս գործէ, Ան կը գործէ իր նախանձով: Ասիկա յստակ կը տեսնենք Գրծ 10-ին մէջ, Պետրոսի եւ Կոռնելիոսի պատմութեան մէջ:

Կոռնելիոս հռոմէական բանակի հարիւրապետ էր: Ան հեթանոս էր եւ օտարական, բայց իր ամբողջ ընտանիքով բարեպաշտ էր եւ աստուածավախ. Ան կ'օգնէր աղքատներուն եւ միշտ Աստուծոյ կ'աղօթէր (Գրծ 10.2):

Աստուած իր հրեշտակը ղրկելով անոր յայտնեց, թէ կը լսէր անոր աղօթքները եւ կը տեսնէր անոր կատարած գործերը (4) եւ ապա պատուիրեց որ մարդ ղրկէ եւ կանչել տայ Պետրոսը:

Հրեշտակէն պատուէր ստանալէն ետք, Կոռնելիոս պատրաստուեցաւ եւ պատրաստեց իր հարազատները, որովհետեւ ան արժեւորեց Պետրոսին կոչումը:

Մինչ Կոռնելիոսի մարդիկը Յոպպէյի կը մօտենային, Պետրոս տանիք ելած էր աղօթելու (9): Պետրոս անօթեցաւ եւ տեսաւ որ երկինքէն բան մը կ'իջնէր, որուն մէջ կային չորքոտանիներ, գազաններ սողուններ եւ թռչուններ: Երբ ան մերժեց ատոնցմէ ուտել, Աստուած յայտնեց թէ ինչ որ ինք մաքրած էր, Պետրոս պէտք չէր պիղծ սեպեր:

Աստուած այդ տեսիլքով կը յայտնէր մարդոց փրկութեան համար իր անօթութիւնը: Աստուած Պետրոսին ցոյց տուաւ, թէ բոլորը կանչուած են փրկութեան եւ կարեւոր է փրկութեան նամակը բոլորին հասցնել:

Պետրոս, հնազանդելով Աստուծոյ, գնաց Կոռնելիոսի մօտ: Մինչ Պետրոս կը խօսէր Աստուծոյ մասին, Սուրբ Հոգին իջաւ բոլոր մարդոց վրայ, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսէին: Երբ Պետրոս տեսաւ որ Սուրբ Հոգիին պարգեւը տրուեցաւ հեթանոսներուն եւ անոնք սկսան լեզուներով խօսիլ ու զԱստուած փառաբանել, հրամայեց որ անոնք մկրտուին Յիսուս Քրիստոսի անունով (Գրծ 10.44-48):

Պետրոսի խօսած ատեն, Սուրբ Հոգին պատրաստ կը սպասէր, բայց կարեւոր էր որ նախ Աստուածաշունչին խօսքը ծառայողին շրթներէն ելլէր:

Բոլոր հաւատացեալները ընդունուած են: Խօսքը լսողներուն կեանքերուն մէջ նշանները պիտի երեւին, եւ Սուրբ Հոգին պիտի գործէ, որպէսզի կարենան Աստուծոյ պատուէրներուն համաձայն ապրին:

Նախորդ Հրապարակում Յիսուս Հինգհազարը Կը Կերակրէ (Մատթէոս 14.13-21)
Յաջորդ Հրապարակում Վախճանաբանութիւն - Մայրը եւ Իր Տղայ Զաւակը (Յայտնութիւն Յովհաննու 12)