Աստուծոյ Խօսքը կ'աշխատի եւ մեզ կ'ազատագրէ կապանքներէ: Երբ խօսքը կը մտնէ, կեանքեր կը փոխուին:

Հալածանքները՝ Տկարութեան Պատճառ

«Ստեփանոսին մահուան վրայ եկած նեղութենէն ցիրուցան եղածները մինչեւ Փիւնիկէ, Կիպրոս եւ Անտիոք հասան, բայց ոեւէ մէկուն Աստուծոյ խօսքը չէին խօսեր, միայն՝ Հրեաներուն» (Գրծ 11.19):

Այդ մարդիկը ունեցան դժուարութեան ժամանակ մը, եւ անդամալուծող ոգին զիրենք կեցուց Աստուծոյ Խօսքը քարոզելէն: Հալածանքները պատճառ եղան, որ անոնք տկարանան:

Մենք ալ կրնանք տկարանալ, բայց ատիկա բնաւ չի նշանակեր, որ մեր ինքնութիւնը կը փոխուի: Մենք լոյս ենք եւ ո՛ւր որ լոյս կայ՝ հոն խաւար չկայ: Հետեւաբար մենք չենք կրնար լոյս ըլլալէ դադրիլ խաւարին պատճառով, քանի որ խաւարը արդէն իսկ պարտուած է:

Թէեւ այդ անդամալուծող ոգին պարտուած է Յիսուսով, բայց մենք կրնանք արտօնել, որ ազդէ մեր կեանքին: Մեր հաւատքին մերժումը շատ անգամ չափէ աւելի զգոյշ կը դարձնէ մեզ եւ կը ստիպէ, որ դադրինք Աստուծոյ Խօսքը տարածելէ, գիտնալով հանդերձ, որ Խօսքը.

  • Բոլոր մարդոց եւ մեզի համար ճրագ է եւ լոյս (Սղ 119.105):
  • Կը բժշկէ (Սղ 107.20):
  • Յիսուսն է (Յհ 1.1, 14):
  • Կը շինէ (Եզր 5.1-2):

Հալածանքի Ճնշումէն Ազատողներուն Բերած Ճեղքումը

  • Համարձակեցան խօսիլ (Գրծ 11.20):
  • Տիրոջ ձեռքը իրենց հետ էր (Գրծ 11.21):

Հոս կը սկսինք տեսնել, թէ Տէրը ի՛նչ կ'ուզէր ընել այդ ժամանակ. «Բազմաթիւ մարդիկ հաւատալով՝ Տիրոջ դարձան» (Գրծ 11.21բ):

Հետեւաբար, քարոզելը Թագաւորութեան ընդարձակուելուն դէմ դրուած արգելքը փոխեց շահի:

Բառնաբաս Անտիոք Ղրկուեցաւ

(Հմր 22) Երբ այս լուրը հասաւ Երուսաղէմի եկեղեցիին, անմիջապէս Բառնաբասը ղրկեցին Անտիոք:

(Հմր 23) Մինչ վախցողներուն եւ չխօսողներուն համար երեւոյթը յուսահատութիւն կը ներշնչէր, բայց Բառնաբաս Աստուծոյ շնորհքը տեսաւ անոր մէջ:

Անմիջապէս յորդորեց Քրիստոնէավայել կեանք ապրելու, որովհետեւ հաւատացեալին շահը հոն է (Եփ 4.1): Բառնաբաս յորդորեց, որ Տիրոջ կապուած մնան:

(Հմր 24) Բառնաբասի հոգեւոր յատկութիւնները պատճառ եղան, որ շատ մարդիկ Տիրոջ դառնան: Կարեւոր է քննենք մեր անձը եւ նայինք եթէ մեր յատկութիւններուն մէջ հարց ունինք:

Խօսքին Ուսուցումը Ճեղքում Բերաւ

Երբ Բառնաբաս եկաւ, մարդիկ խօսելու սկսան եւ եկեղեցիին մէջ շատ մարդիկ աւելցան: Աստուծոյ շնորհքը հոն էր արդէն, բայց խօսքը սորվեցնելը ճեղքում բերաւ եւ ամէն բան փոխեց:

(Հմր 25) Անկէ ետք Բառնաբաս Պօղոսը փնտռեց. ան ճանչցաւ Պօղոսի պարգեւը եւ արժեւորեց զանիկա:

Երբ Պօղոս վկայութիւնը տուած էր (նախորդ գլուխին մէջ), Բառնաբաս անոր շնորքը տեսած էր որպէս ոսկի, եւ Անտիոքի մէջ սկսաւ անոր հետ աշխատիլ: Բառնաբաս իր փառքը չփնտռեց, այլ՝ խոնարհեցաւ Պօղոսի մէջ գտնուող շնորհքին առջեւ:

«Անոնք լման տարի մը եկեղեցիին հետ մէկտեղ հաւաքուելով՝ շատ ժողովուրդի սորվեցուցին: Ամենէն առաջ Անտիոքի մէջ աշակերտները Քրիստոնեայ անուանուեցան» (Գրծ 11.26):

Քրիստոնեայ կը նշանակէ՝ «Քրիստոսինը»: Քանի որ Պօղոս եւ Բառնաբաս Աստուծոյ խօսքը սորվեցուցին, սկիզբի վախը կոտրուեցաւ, եւ հաւատացեալները առաջին անգամ ըլլալով համարձակօրէն «Քրիստոնեայ» կոչուեցան:

Խօսքը սորվեցնելը ծնունդ տուաւ կոչումին: «Քրիտոնեայ» անուանումը պարզ անուն մը չէ, այլ՝ կապուած է կեանքի եւ կոչումի հետ: Սատանան չի վախնար Քրիստոնեայ անունէն, հապա՝ Քրիստոսի անձով մեզի տրուած Քրիստոնէական կեանքէն (Գրծ 19.11-20):

Հետեւաբար, ուսումը պատճառ կ'ըլլայ, որ մարդիկ իրենց ինքնութիւնը ճանչնան եւ իրենց կոչումին վայել կեանք ապրին:

Ուսումը ճանչցողները յղացան եւ ըմբռնեցին սովի ատեն Աստուծոյ Թագաւորութեան զաւակներուն օգնելու գաղափարը (Գրծ 11.27-32):

Երբ Խօսքը եւ Սուրբ Հոգին մտնեն, ամէն բան կը փոխուի եւ մենք Տիրոջմով կ'անցնինք նոր հանգրուանի մը:

Նախորդ Հրապարակում Եկեղեցւոյ Համոզումները, Կապանքը եւ Սուրբ Հոգիին Կամքը (Գործք Առաքելոց 11.1-18)
Յաջորդ Հրապարակում Հալածանք - Աղօթքը Եւ Աստուծոյ Բերած Ազատութիւնը (Գրծ 12.1-25)