Աստուծոյ Խօսքը ստեղծող է (Ծն 1.1-3) եւ ամէն բան Խօսքին համաձայն եղաւ: Աստուծոյ Հոգին ըրաւ գործը, բայց Խօսքը սահմանեց Անոր ընելիքը: Սուրբ Հոգին կը ստեղծէ Խօսքին համաձայն (Սղ 104.30) եւ Խօսքը ընդունիլը Սուրբ Հոգիով նորոգուելու միջոց է:

Մենք Աստուծոյ Խօսքին հետ միասին Սուրբ Հոգին առինք (Ա.Թս 1.5), եւ Աստուծոյ Խօսքը այսօր մեր մէջ կը ներգործէ կարծես ուղղակի Աստուած ըլլար (Ա.Թս 2.13): Խօսքը կու գայ նպատակով. «Վասնզի ինչպէս անձրեւն ու ձիւնը երկնքէն կ’իջնեն եւ հոն չեն դառնար, հապա երկիրը կ’ոռոգեն ու զանիկա պտղաբեր եւ արգասաւոր կ’ընեն, ցանողին՝ հունտ եւ ուտողին հաց կու տան, Իմ բերնէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ: Ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի (Ես 55.10-11):

Աստուած Իր Խօսքը կը ղրկէ բժշկելու նպատակով. «Իր խօսքը կը ղրկէ ու կը բժշկէ զանոնք ու կ’ազատէ զիրենք իրենց կործանումէն» (Սղ 107.20):

Խօսքը Աստուած է եւ Յիսո՛ւս մարդացեալ Խօսքն է (Յհ 1.1,14): Ան յանձն առաւ մարդանալ եւ սկսաւ իր երկաւոր առաքելութիւնը: Ան կը շրջէր եւ բոլորը կը բժշկէր (Մտ 12.15), Սատանայէն տանջուածները ազատելով (Գրծ 10.38): Քրիստոսով, Խօսքը մեր մէջ մարմնանալու հնարաւորութիւն ունեցաւ, եւ երբ Խօսքը ընդունինք ինչպէս որ է՝ նոյն պտուղը մեր կեանքերէն ներս պիտի երեւի:

Սերմնացանին առակը կը խօսի սիրտին չորս դիմագիծներուն մասին (Մտ 13.1-9)՝

  1. Ճամբուն քով ինկած սերմերը օրինակ են կարծրացած սիրտի: Մարդիկ միշտ հոնկէ կը քալեն, եւ գետինը կարծրացած կ'ըլլայ: Թռչունները կ'ուտեն սերմերը, ինչ որ օրինակ է Սատանային մեզմէ Խօսքը առնելուն: Մեր սիրտը կրնայ կարծրացած ըլլալ առօրեայ նիւթերէն եւ մարդոց խօսածներէն ու Աստուծոյ Խօսքին համար տեղ չըլլար:
  2. Ապառաժուտ տեղերու վրայ ինկած սերմերը օրինակ են այն սրտին, որ խօսքը կ'ընդունի մակերեսային ձեւով: Թէեւ սերմերը բուսնին, բայց արմատ չըլլալուն պատճառաւ պիտի այրին արեւուն տաքութենէն: Ապառաժուտ սիրտը կրնայ խանդավառ ըլլալ Աստուծոյ Խօսքը լսած ատեն, բայց ատիկա մակերեսային կ'ըլլայ, որովհետեւ սիրտին «հողը» հերկելով տեղ շինած չ'ըլլար Խօսքին համար:
  3. Փուշերուն մէջ ինկած սերմերը օրինակ են այն սիրտին, որ թէեւ Խօսքը կ'ուզէ բայց իր կեանքին փուշերը (այսինքն՝ աշխարհային ցանկութիւնները) Խօսքը կը խեղդեն:
  4. Աղէկ հողի մէջ ինկած սերմերը օրինակ են այն պարարտ սիրտին, ուր Խօսքին համար արգելք չկայ: Երբ մեր սիրտը այսպէս ըլլայ, Աստուծոյ Խօսքը պտուղ կու տայ մեր կեանքերէն ներս:
Նախորդ Հրապարակում Սամուէլի Հրաժեշտի Պատգամը (Ա.Թագաւորաց 12.1-25)
Յաջորդ Հրապարակում Վախճանաբանութիւն - Առաջին հարցում (Մատթէոս 24)