Յիսուսի խաչելութենէն եւ մահէն ետք, մեծ թիւով հաւատացեալներ ընկճուած էին, որովհետեւ մահուան իրականութիւնը զանոնք բռնած էր եւ յարութեան ակնակալութիւնը կորսնցուցած էին: Յիսուս յայտնուեցաւ ձկնորսութեան վերադարձած իր աշակերտներուն, որպէսզի զանոնք աշխարհ ղրկէ: Յիսուս նաեւ յայտնուեցաւ լացող Մարիամ Մագթաղենացիին եւ զինք ղրկեց՝ յարութեան վկայութիւնը տալու:

Յիսուս կ'ակնկալէր, որ անոնք ճանչնային յարութեան զօրութիւնը: Այսօր, մենք եւս պէտք ունինք յարութեան զօրութիւնը ճանչնալու: Այդ զօրութիւնը մեր մէջն է Քրիստոսով (Եփ 1.17-20):

Ճիշդ ինչպէս Յիսուսի յարութիւնը գերեզմանին կնքուած քարը գլորեց, նոյնպէս յարութեան զօրութիւնը կարող է ամէն արգելք գլորելու:

Երբ Աստուծոյ խօսքին կառչինք, մենք խոստացուած յարութեան յաղթութիւնն ու զօրութիւնը պիտի ապրինք մեր կեանքին բոլոր բաժիններուն մէջ:

Նախորդ Հրապարակում Ընտրութիւնդ Կենսական է
Յաջորդ Հրապարակում Ամէն Բան Գիտէք