Մինչ կը տօնենք Ծաղկազարդը, կ'ուզենք յիշել, թէ Աստուածաշունչը կը խօսի Տէր Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին մասին:

Յաղթական մուտքը կը պատկերէ Տէր Յիսուսի կատարած փրկագործութիւնը, որուն ազդեցութիւնն ու հետքերը երեւցան եւ կ'երեւին զանազան տեղերու եւ պայմաններու մէջ:

Երեք Յաղթական Մուտքեր

Աստուածաշունչը մեզի կը ներկայացնէ Տէր Յիսուսի երեք յաղթական մուտքերը.

  1. Յաղթական մուտքը Երուսաղէմ
  2. Յաղթական մուտքը երկինք
  3. Յաղթական մուտքը իւրաքանչիւր հաւատացող սիրտի մէջ

Յաղթական Մուտք Երուսաղէմ

Տէր Յիսուսի Երուսաղէմ մտնելը առաջին հերթին կը խօսի Անոր յաղթութեան մասին՝ փրկագործութեան բոլոր մասերը նկատի ունենալով:

  1. Տէր Յիսուս ընդունուեցաւ եւ ճանչցուեցաւ որպէս գալիք թագաւորը, որ մարգարէութիւններուն համաձայն (տե՛ս Զք 9.9) եկած էր յաղթելու (Մտ 21.9, 15):
  2. Տաճարը մաքրելով ցոյց տուաւ Իր նպատակը (Մտ 21.12-13):
  3. Ան իմացուց, թէ խաչի ճամբով մեղքին եւ մահուան դէմ յաղթութիւնը պիտի կատարուէր (Մտ 20.17-19):
  4. Ան իմացուց, թէ «հնարաւոր չէր, որ Ինք անկէ (մահէն) բռնուի» (Գրծ 2.24):
  5. Ան իմացուց, թէ պիտի համբարնար ու գերագոյն զօրութեան աջ կողմը պիտի նստէր (Մտ 26.64):

Յաղթական Մուտք Երկինք

Երկինք մտաւ յաղթութեամբ:

Ա. Երկինքը պատմեց ու կը պատմէ Անոր.

  1. Արդարութիւնը
  2. Պատիւն ու իշխանութիւնը (Դն 7.13-14)
  3. Յաղթութիւնը (Յյտ 5.6-10)

Բ. Բոլոր ոգեղէն պետութիւններն ու իշխանութիւններ ենթարկուեցան Իրեն:

  1. Աստուած Անոր ոտքին տակ դրաւ ու կը դնէ բոլորը (Ա.Թգ 15.25):
  2. Անոր եւ Եկեղեցիին կը հնազանդին բոլորը (Եփ 1.21-23):

Յաղթական Մուտք Սիրտերէն Ներս

Ա. Իշխանութեամբ (Բ.Կր 4.6)

  • Տէր Յիսուս յաղթութեամբ կը մտնէ սիրտերէն ներս՝ իշխանութիւնը արտայայտելով:

Բ. Խաչին զօրութեամբ (Ա.Կր 1.18: Կղ 2.15)

  • Սիրտերէն ներս Տիրոջ մուտքին մասին խօսելու ատեն կը յայտարարենք, թէ Ան.
  1. Թագաւորն է, որ խաչի ճամբով յաղթութիւն կը բերէ (Ա.Կր 1.18):
  2. Յաղթեց աշխարհին (Յհ 16.33), մեղքին եւ Սատանային ու հիմա կ'իշխէ բոլորին վրայ (Կղ 2.15):

Գ. Մինչ կը խօսինք Անոր հաւատալով՝ զօրութիւնն ու յաղթութիւնը կը հրաւիրենք կեանքերէն ներս:

Դ. Յաղթական մուտքը ժողովուրդին ակնկալած թագաւորը կը ներկայացնէ (Մտ 21.1-11):

  1. Հեզ ու խոնարհ թագաւորը (հմր 5, հմմտ Ա.Թգ 8.10-18)
  2. Ժողովուրդին համար երեւելի թագաւորը (հմր 6,9)
  3. Ժողովուրդին կողմէ պաշտուող թագաւորը
  4. Երկիրը դողացնող թագաւորը
  5. Աստուծոյ տաճարը մաքրող թագաւորը (հմմտ Ա.Կր 6.19)
Նախորդ Հրապարակում Ի՞նչպէս Կը Սահմանենք (Կը Չափենք) Յաջողութիւնը
Յաջորդ Հրապարակում «Եթէ Ոտքերդ Չլուամ՝ Ինծի Հետ Բաժին Պիտի Չունենաս» (Յովհաննու 13.8)