Յարութեան աւետիսը եւ անոր զօրութիւնը սուտ հանելու ջանքերը շատ եղած են եւ տակաւին շատ են (Մտ 28.11-15): Մինչեւ այսօր, զանազան պայմաններ կը փորձեն մեր հաւատքը մարել, որպէսզի յարութեան խոստումները մեր կեանքերուն մէջ ողջ չըլլան:

Յարութեան ատեն, Յիսուսի մասին գրուած մարգարէութիւնները կատարուեցան եւ քահանայապետները վախցան: Անոնք Յիսուսի գերեզմանին առջեւ կեցող զինուորները կաշառեցին, որպէսզի իրենց տեսածը ծածկեն, ինչպէս նաեւ տարածեցին անտրամաբանական սուտեր՝ յարութեան հրաշքը ծածկելու համար:

Այսօր այդ միեւնոյն սուտերը կը շարունակեն տարածուիլ մարդոց մէջ եւ թշնամին կը շարունակէ աշխատանք տանիլ՝ գերբնականը ծածկելու համար:

Յարութեան իրականութիւնը երեւան կու գայ միայն Խօսքը լսելով (Ղկ 24.13): Յարութեան իրականութիւնը ծածկելու ջանքերը ազդած էին նաեւ այն երկու աշակերտներուն վրայ, որոնք ճամբայ ելած էին դէպի Էմմաուս: Անոնք կը խօսէին այդ օրերու անցուդարձերուն մասին, որոնք սուտերու վրայ հիմնուած էին: Երբ մենք, մեր կարգին ականջ տանք անցուդարձերուն, մեր հաւատքէն ու նուիրրումէն կը հեռանանք:

Յիսուս մօտեցաւ անոնց եւ սկսաւ խօսակցութիւնը վարելու, սակայն առանց իր ինքնութիւնը յայտնելու: Յիսուս ուզեց ինքզինք խօսքին միջոցաւ յայտնել: Այդ մարդիկը Յիսուսի կապուեցան խօսքին միջոցաւ եւ անոնց աչքերը բացուեցան՝ յարութիւն առած Յիսուսը տեսնելու համար: Անոնք նոյն ժամուն Երուսաղէմ դարձան եւ եկեղեցիին միացան ( 33):

Երբ Աստուծոյ խօսք կ'ընդունինք ու կը սիրենք, անիկա մեզ կ'առաջնորդէ՝ ճշմարտութիւնը տեսնելու: Երբ Խօսքին յանձնուինք, անիկա ամէն մթագնած բաժին կը լուսաւորէ եւ այդպիսով յարութեան իրականութիւնը մեզի կը յայտնուի: Անձնական փորձառութեամբ յարութիւնը ճանչնալը մեզ եկեղեցիին կը միացնէ եւ անոր պատերազմակից կ'ընէ

Նախորդ Հրապարակում Մեծ Յանձնարարութիւնը
Յաջորդ Հրապարակում Խօսքը եւ Առաքելութիւնը