Այն նիւթին մէջ պիտի տեսնենք յարութեան սկզբունքներուն շարունակութիւնը՝ 19-րդ սկզբունքէն մինչեւ 26-րդը:

  1. Քրիստոսի միանալով, մե՛նք եւս յարութիւն առինք (Եփ 2.6): Մեղքին պատճառով մենք հոգեւորապէս մեռած էինք եւ Աստուծմէ բաժնուած, բայց Քրիստոսով վերստին ծնունդ ստացանք (Ա.Պտ 1.23) եւ մեր հոգիները կենդանացան (Եփ 2.1): Այսպիսով, Քրիստոսով վերստին Տիրոջ մօտեցանք եւ մեր մարմինները Սուրբ Հոգիին տաճար դարձան (Ա. Կր 6.19-20): Յարութի՛ւնը պատճառ դարձաւ, որ Սուրբ Հոգին մեր մէջ բնակի:
  2. Յիսուս կ'ուզէր, որ աշակերտները ճանչնան, թէ յարութիւն առած մարմինին վրայ այլեւս մահը չի՛ տիրեր եւ այսպիսով իրենց սiրտին մէջ ճանչնան յարութեան զօրութիւնը: Իր յարութենէն ետք, Յիսուս քանի մը անգամ երեւցաւ աշակերտներուն՝ ցոյց տալու համար, թէ Ինք այլեւս ողջ է (Գրծ 1.3): Պօղոս կրցաւ վկայել, թէ ինք Քրիստոսի հետ խաչին վրայ մեռաւ եւ այլեւս Քրիստոս էր, որ իր մէջ կ'ապրէր (Գղ 2.20):
  3. Մենք Յիսուսով նոր ստեղծագործութիւն ենք եւ կրնանք մեր կեանքերով ուրիշներուն երթալ (Եփ 2.10: Ա. Պտ 2.9):

Այս համոզումով է, որ աշակերտները եկեղեցին ներկայացուցին իր իսկական պատկերով.

  1. Իբրեւ յարութիւն ստացածներու խումբ մը
  2. Հրաշքներով
  3. Միաբանութեամբ
  4. Անկեղծութեամբ
  5. Վկայելով Սուրբ Հոգիով եւ առանց վախի

Այն, ինչ որ Յիսուս անցեալին ըրաւ աշակերտներուն կեանքին մէջ, այսօր կ'ուզէ նոյնը ընել մեր կեանքերուն մէջ, Սուրբ Հոգիին եւ խօսքին միջոցաւ: Յարութեան սկզբունքները յանձն առնենք եւ անոնց համաձայն ապրինք՝ ճանչնալով, թէ Յիսուսի յարութեամբ՝ Սատանան խայտառակ եղած է մեր կեանքերուն մէջ (Կղ 2.15):

Նախորդ Հրապարակում Աղօթքը 2
Յաջորդ Հրապարակում Սուրբ Հոգին՝ Նոր Կեանքին Զօրութիւնը