Ողջը Մեռելներուն մէջ Փնտռել

Ղկ 24.1-8-ին մէջ, երբ կիները գերեզման գացին խունկերով, հրեշտակներուն այնպէս թուեցաւ, թէ կիները ողջը (Յիսուսը) մեռելներուն մէջ կը փնտռէին: Մենք ալ շատ անգամ Յիսուսը մեռելական բաներու մէջ կը փնտռենք, մոռցած ըլլալով, որ Յիսուս յարութիւն առած է եւ մեզի կեանք տուած է:

Շատ կարեւոր է, որ մեր ինքնութիւնը ճանչնանք եւ տեսնենք Յիսուսի տուածը:

Այդ կիները յարգանքի գործ մը կ'ընէին, բայց իրենց ըրածը Քրիստոսով իրենց հաւատքի ըմբռնումին համաձայն չէր, որովհետեւ Յիսուս ըսած էր, թէ երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէր:

Կոտրուած Կապանքները (Ղկ 24.1-4ա)

Յիսուսի գերեզմանը կնքուած էր եւ ո՛չ ոք կրնար բանալ զանիկա: Բայց երբ կիները գերեզման հասան, գերեզմանին կնքուած քարը գլորուած գտան: Ատիկա թշնամիին կոտրուելուն նշանն էր, բայց անոնք տակաւին տարակուսեցան (4):

Կիներուն Տարակուսանքը

Տարակուսանք, յունարէնով «ափորէ՛օ» ἀπορέω [aporeo /ap•or•eh•o/], կը նշանակէ՝

  • Կասկածի մէջ ըլլալ
  • Չգիտնալ ինչ ընել՝ շուարած մնալ

Թէեւ կիները պատրաստ սիրտ ունէին, բայց այդ օրերու դժուարութիւններուն պատճառով, խօսքը իրենցմէ ծածկուած էր եւ չկրցան եղածը անմիջապէս հասկնալ:

Խօսքը Կը Կրկնուի (Ղկ 24.4բ-8)

Հրեշտակները կիներուն ըսին. «Ինչո՞ւ համար ողջը մեռելներուն հետ կը փնտռէք. հոս չէ ան, հապա յարութիւն առաւ. մտքերնիդ բերէք թէ ի՛նչ ըսաւ ձեզի, երբ դեռ Գալիլիայի մէջ էր. Որդին Մարդոյ պէտք է որ մեղաւոր մարդոց ձեռքը մատնուի ու խաչը ելլէ ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ»:

Հրեշտակները կրկնեցին Յիսուսի խօսքերը, եւ այսօր այդ նոյն խօսքերը մեզի համար են, որպէսզի սկսինք մղուիլ խօսքին ու խոստումներուն համաձայն:

Հրեշտակներուն խօսքերը հաւատքով ընդունելէ ետք, կիները տեսան Յիսուսը եւ այդ մասին պատմեցին աշակերտներուն (Ղկ 24.10):

Աշակերտները կիներուն ըսածը ցնորական կոչեցին (11), այսինքն՝ պարապ, դատարկ եւ անհիմն:

Յարութիւնը Չճանչնալու Հետեւանքները

Սատանան Ադամի օրերէն տիրապետած էր մարդոց միտքերուն ու կեանքերու, եւ այսօր ալ նոյնպէս կը շարունակէ տիրապետել Յիսուսի յարութիւնը չճանչցողներուն միտքերուն ու կեանքերուն:

Եթէ Յիսուսի յարութեան չհաւատանք, մեր հաւատքը պարապ է (Ա.Կր 15.12-14): Երբ Քրիստոսի յարութեան զօրութիւնը չենք ճանչցած գործնական ձեւով, առիթ կու տանք, որ Սատանան տիրէ մեր կեանքին, ինչպէս անցեալին կը տիրէր (Եփ 2.2-5): Առանց Քրիստոսի յարութեան.

  • Բոլոր մարդիկը տակաւին Սատանային կողմէ կառավարուած կեանք մը կ'ապրին:
  • Աստուած-մարդ հաշտութիւնը տակաւին չէ կատարուած անոնց կեանքերուն մէջ (Կղ 1.19-20):

Եթէ յարութիւնը չէ եղած, ուրեմն Աստուած ձախողած է:

Յարութեան Բուն Նպատակը

  • Աստուծոյ հետ հաշտութիւնը կատարուեցաւ (Եփ 2.11-16):
  • Մարդուն հոգին կենդանացաւ (Եփ 2.1), կեանքի կոչուեցաւ (Ա.Պտ 5.10):
  • Մարդը շնորհքի տակ եկաւ (Հռ 6.14):
  • Մահը պարտութեան մատնուեցաւ (Եբր 2.14):
  • Մահուան գերութեան տակ եղողները եւ անոր վախին տակ գերի եղողները ազատեցան (Եբր 2.14-15):
  • Սատանան զինաթափ եղաւ (Կղ 2.15):

Յիսուսի յարութիւնը կեանք փոխելու համար է: Աշխարհի վրայ ՆՈՐ ԼԵԶՈՒ մըն է. կը խօսինք բան մը, որ կապուած է երկինքի սկզբունքներուն հետ:

Նախորդ Հրապարակում Յարութիւնը Ճանչնալ
Յաջորդ Հրապարակում Յովնաթան Դաւիթի Կ'օգնէ - Իսկական Սէրը (Ա.Թագաւորաց 20.1-43)