«Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար, մինչ մեզի՝ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուս համար Աստուծոյ զօրութիւնն է ատիկա» (Ա.Կր 1.18):

Այս համարը մեզի կը ցուցնէ երկու յստակ ուղղութիւններ.

  1. Խաչին քարոզութիւնը Աստուծոյ զօրութիւնն է:
  2. Կորուստի ճամբուն մէջ եղողներուն նայուածքը թէ՝ անիկա յիմարութիւն է:

Ամբողջ աշխարհը, կրօններու ղեկավարներ եւ դիւային բոլոր ոյժերը գիտեն, թէ Յիսուս միակ բժշկող Անձը եղած է եւ տակաւին է:

Միւս կողմէ, մենք՝ Անոր Եկեղեցին, երկրի վրայ Անոր Մարմինին անդամները, ունինք տարբեր միտքեր եւ ուսուցումներ, որոնք դժբախտաբար կը ծառայեն թշնամիին՝ Սատանային: Շարունակ վարդապետական կամ մեկնաբանական վէճերու մէջ իյնալով, կը փախցնենք առիթը Անոր խօսքերուն հաւատալով շարժելու եւ Անոր ամբողջ գործը, փափաքը եւ նպատակը հրմացնելու ներկայի աշխարհին:

Պօղոս կ'ըսէ, թէ Խաչին զօրութիւնը Աստուծոյ զօրութիւնն է: Զօրութիւն բառը յունարէնով «տինամուս» բառն է, որմէ եկած է անունը «տայնամայթ» ռումբին, որ կը գործածուի ճամբաներ բանալու եւ մեծ արգելքներ վերցնելու համար:

Քրիստոնէութեան լաւագոյն պատգամը Քրիստոսի խաչին վրայ զոհուիլը պատմելն է՝ ակնկալելով, որ Աստուած «տինամուս» զօրութեամբ ներգործէ:

Քանի մը աստուածաշնչական համարներ կրնան լաւապէս բացատրել ատիկա.

  1. Ա.Թս 1.5 - «Որովհետեւ մեր քարոզութեամբ Աստուած Իր Աւետարանը յայտնեց ձեզի՝ ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ՝ զօրութեամբ, այսինքն՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ, եւ կատարեալ վստահութիւն ներշնչեց ձեզի […]»:
    • Խօսքը պատճառ կ'ըլլայ, որ Սուրբ Հոգին Իր զօրութեամբ ներգործէ եւ վստահութիւն ներշնչէ:
  2. Կղ 2.15 - «[…] Անիկա զինաթափ ըրաւ ոգեղէն աշխարհի իշխանութիւններն ու պետութիւնները, յայտնապէս խայտառակելով ու պարտութեան մատնելով զանոնք Քրիստոսի ձեռքով, անոր յարութեան ատեն»:
    • Տէր Յիսուսի խաչը, մահը եւ ապա յարութիւնը զինաթափ եւ խայտառակ ըրին ոգեղէն բոլոր ոյժերը:
  3. Մտ 27.45-54-ին մէջ արձանագրուածին միտքը պարզել է, թէ ի՛նչպէս Անոր մահը շարժեց երկրաւոր եւ հոգեւոր իշխանութիւնները:

Ուրեմն այդքան մեծ կարողականութիւն կայ Եկեղեցիին ձեռքին մէջ, եւ Հայրն Աստուած պատրաստ է աւելին ալ տալու Քրիստոսով (տե՛ս Հռ 8.32):

Բ.Աշխարհամարտը

Բ.Աշխարհամարտին մեռաւ 72 միլիոն մարդ, եւ Սատանան տակաւին աւելին ալ կ'ուզէր: Բայց հիւլէական ռումբի Հերոշիմայի վրայ նետուելէն 30 օր ետք, ճերմակ դրօշակը բարձրացաւ:

Արդեօք Եկեղեցին ալ կրնա՞յ շինել հոգեւոր հիւլէական ռումբ մը՝ Սատանային զօրութեան վերջ դնելու համար (տե՛ս Ա.Յհ 3.8):

  • Պատերազմներու վերջ
  • Անգործութեան վերջ
  • Դժբախտութիւններուն վերջ

Հիւլէական Ռումբը

1942-1945 թուական

  • 100,000 գիտնականներու գործակցութեամբ մէջտեղ եկաւ:
  • 13 մեծ համալսարաններու տարրալուծարաններու մէջ կատարուած փորձերու իբրեւ արդիւնք
  • Վեց ամիս ռազմավարութիւն մշակուեցաւ ռումբը նետելու համար:
  • Ռումբը շուրջ 15,000 թոն «Թի.Էն.Թի.»ի զօրութիւն ունէր:

Մէկ ռումբ, բայց լաւ աշխատանք տանելով, պատճառ եղաւ, որ երեսուն օրէն ճերմակ դրօշակը բարձրացնեն ճաբոնցիները:

Հոգեւոր հիւլէական մը ի՞նչ ձեւով ազդու կրնայ ըլլալ Եկեղեցիին ձեռքին մէջ՝ շինուած Քրիստոսի միտքը ունեցող (տե՛ս Ա.Կր 2.16) Եկեղեցիին ձեռքով եւ աշխատանքով:

Մեր ձեռքերը միացնենք, ըլլանք մէկ միտք եւ մէկ հոգի եւ շինենք ամենալաւ հոգեւոր ռումբը՝ կլիման, ուր թշնամին տեղ չունի:

Նախորդ Հրապարակում Յովսէփ եւ Քրիստոս-Եկեղեցին եւ Աշխարհը (Ծննդոց 45.19)
Յաջորդ Հրապարակում Իսկական Օրհնութիւնը