Պատմութիւն եւ ներածական՝ Դ.Թգ 13.14-21

  1. Յովսէփ կանչուեցաւ եւ ան ընդունեց (Ծն 37.5-11):
  2. Ոչ ոք հաւատաց կամ Աստուծոյ հարցուց. նոյնիսկ Յակոբ, որ մարգարէ էր:
    • Յովսէփ իրեն տրուած տեսիլքին՝ կոչումին համար հալածուեցաւ. ատուեցաւ իր սիրելիներուն կողմէ ինչպէս նաեւ Սատանային կողմէ:
  3. Յովսէփ կառչած մնաց իրեն տրուած խոստումին, կոչումին...
    • Կոչում
    • Կոչումին դժուարութիւնները
    • Սատանային թշնամութիւնները
  4. Աստուծոյ կանչած ճամբուն մէջ մնալով, Յովսէփ Փարաւոնին երկորրդ մարդը եղաւ եւ «Փսոմփթոմփանէ», այսինքն՝ Փրկիչ, կոչուեցաւ. ան նաեւ եղաւ երկրին կառավարիչը (տե՛ս Ծն 41.37-45), Տիրոջ շնորհքով:
  5. (Ծն 45.1-28) Յովսէփ ինքզինք կը յայտնէ իր ընտանիքին եւ կը խնդրէ, որ հայրը՝ Յակոբը բերեն Եգիպտոս:
  6. Յովսէփի մէջ Աստուծոյ Հոգին գտնելով, Փարաւոն կը հաճի, որ անոր հայրն ու ընտանիքը գան (տե՛ս Ծն 45.17-21):
    • (Հմր 17) «Ընտանիքդ Քանանի երկրէն Եգիպտոս գան»
    • (Հմր 18) «Երկրին լաւագոյն տեղը առնեն»
    • (Հմր 19) «Ձեր հայրը կառքերովբերէք»
    • (Հմր 20) Իրենց ապրանքներուն, կարասիներուն եւլն. չնային, որովհետեւ Եգիպտոսի բարիքները իրենցն են...
    • (Հմր 21) Յովսէփ կառքեր ղրկեց:
      • Յովսէփ անձամբ չգնաց. եղբայրները պատմեցի եղածները:
      • Քրիստոս պիտի չերթայ. մենք պիտի երթանք:

Հալածողներուն փրկութիւնը՝ հոգեւոր պարգեւներով

  • Յովսէփ զինք տեսնող եւ ընդունող եղբայրները կը ղրկէ, որպէսզի իր ձեռքբերած կառքերովհայրը եւ իր ամբողջ ընտանիքը բերեն:
  • Եղբայրները հալածողներն էին՝ ներուեցան, եւ իրենց սերունդին փրկութեան համար վերադարձան: Նոյնպէս ալ հրեաները կը փրկուին Քրիստոսով:
  • Ժամանակն է, որ մեզ հալածողները փրկենք Քրիստոսով:

Մենք, որ փրկուեցանք Քրիստոսով եւ ճանչցանք զԱյն որպէս Փրկիչ, Անոր մեզի շնորհած պարգեւներով (տե՛ս Եփ 4.7) կրնանք Իրեն բերել բոլոր արարածները:

Նախորդ Հրապարակում Հոգեւոր Բարգաւաճում (Ծննդոց 37.1)
Յաջորդ Հրապարակում Խաչին Զօրութիւնը (Ա.Կորնթացիս 1.18)