Երբ մարդը, որ Քրիստոսի օրինակն է, նոր տաճարին ծրագիրը եւ չափերը՝ «Աւետարանը» հաստատեց, Տիրոջ փառքը անմիջապէս արեւելեան կողմէն տաճար մտաւ (Եզ 43.1-5):

Երբ մենք Քրիստոսի խօսքերուն յարելով Տիրոջ համար պատրաստ կ'ըլլանք, Ան անմիջապէս Իր փառքով կը վերադառնայ ու կը լեցնէ մեր մարմնեղէն տաճարները:

Մարգարէն Սուրբ Հոգիին կողմէ ներքին գաւիթը վերցուեցաւ, որպէսզի տեսնէ ու իմանայ, թէ նոր հազարամեայ տաճարը ի՛նչպիսի փառքով պիտի լեցուէր (Եզ 43.5):

  • Մարգարէն տեսաւ Աստուծոյ ահաւոր փառքը (որ սկիզբէն տեսած էր) եւ այդ պատճառով երեսի վրայ գետին ինկաւ (Եզ 43.3-4):
    Ամէն անգամ որ մարգարէն Աստուծոյ փառքին կը հանդիպէր, իր զգացումներուն մէջ նոյն երկիւղը ունենալով երեսին վրայ գետին կ'իյնար (Եզ 2.1, 43.3, 44.4) եւ Սուրբ Հոգին զինք կը վերցնէր՝ առաքելութեան համար (Եզ 3.14, 8.3, 11.1,24, 37.1) :
    Աստուծոյ ներկայութիւնը ամէն անգամ նոյն երկիւղը կը զգացնէ ծառայողներուն եւ ծառայողները չեն կրնար այդ ներկայութեան վարժուիլ ու երկիւղը կորսնցնել, որովհետեւ երկիւղը չզգալ՝ կը նշանակէ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ չըլլալ եւ պարտականութիւն ընել:
  • (Եզ 43.5-7) Սուրբ Հոգիին միջոցաւ (5) մարգարէն մտաւ ներքին գաւիթը, որ այն տեղն է, ուր Աստուծոյ ձայնը կը լսեն, Աստուծոյ կը ծանօթանան եւ յաւիտենական բնակութեան տեղը կը ճանչնան (7):
    Երբ անձ մը ապաշխարէ եւ ինքզինք նուիրէ Աստուծոյ ճամբուն մէջ քալելու, Աստուած անոր ցոյց պիտի տայ հոգեւոր տաճարին ճամբաները՝ վերանալու եւ Տիրոջ առջեւ կենալու բոլոր մանրամասնութիւնները:
  • Եօթը օր սեղանին համար քաւութիւն պիտի ընեն՝ օրը մէկ անարատ նոխազ, մէկ զուարակ եւ մէկ խոյ զոհելով, որպէսզի սեղանը պատրաստեն՝ ժողովուրդին ընծաները անոր վրայ ընդունելի ըլլալու համար(Եզ 43.25-27):
    Այսօր մեր անձը Աստուծոյ առջեւ ընդունելի չ'ըլլար առանց Քրիստոսի զոհաբերումին: Առանց մեղքերու քաւութեան, որեւէ առաւելութիւն կամ գործ մեզ Աստուծոյ առջեւ ընդունելի չի դարձներ: Իսկ մեր մեղքերուն քաւութիւն ընողը, մեր անձը մաքրողը եւ Աստուծոյ համար մեզ ընդունելի ընծայ ընողը Քրիստոսն է (Եբր 9.12):
  • Նախքան սուրբ բաներով ծառայելու սկսինք, պէտք է անոնցմով սրբագործենք մեր անձը, սիրտը եւ գործերը (Եզ 43.27):

Մեր կեանքին մէջ Յիսուսը, Անոր զոհաբերումն ու թելադրանքները ընդունիլ կը նշանակէ՝ Աստուծոյ առջեւ ընդունելի ըլլալ:

Նախորդ Հրապարակում Ի՛նչ Կրնամ, Ի՛նչ Պէտք Է
Յաջորդ Հրապարակում Յիսուսի Հետեւելու Կարեւորութիւնը (Մատթէոս 9.9-13)