Շատ անգամ կը կարծուի, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնային կամ աստուածային տիրապետումն է՝ երբ Քրիստոս Անձնապէս պիտի իշխէ կամ թագաւորէ:

Պէտք է հասկնալ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ստիպող եւ բռնակալ թագաւորութիւն մը չէ, հապա՝ արդարութիւնը հրամանով եւ իշխանութեամբ առաջարկող:

«Քու աթոռդ, ո՛վ Աստուած, յաւիտենական է. արդարութեամբ կ'իշխես թագաւորութեանդ վրայ» (Եբր 1.8 Ն.Թ., մէջբերուած Սղ 45.6-7- էն):

Ուստի, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ունի իր պատուիրանները: Այդ պատուիրանները օրէնքներու միջոցաւ գործող շարք մը չեն: 

Անոնք յայտնութիւն են, թէ Յիսուս Քրիստոս ո՛չ թէ Թագաւորութեան օրէնքներ դնող է, հապա՝ Իր Թագաւորութեան օրէնքները Իր Թագաւորութեան Սկզբունքներն են:

Նախորդ Հրապարակում Հնգապատիկ Ծառայութիւն (Շարունակութիւն)
Յաջորդ Հրապարակում Հաւատքով Արդարանալ