Շատ կարեւոր է որոշել, թէ ի՞նչ ձեւով պիտի ներկայացնենք Երկինքի Թագաւորութիւնը երկրի վրայ:

Ելք 19.6-ին մէջ Աստուած երկինքի Թագաւորութեան մասին Իր փափաքը կ'արտայայտէ:

Աստուած Իր ժողովուրդին կը խոստանայ երկինքի օրեր երկրի վրայ (Բ.Օր 11.21): 

Խոստումը կատարուեցաւ Քրիստոսով (Ա.Պտ 2.9), եւ բոլոր անոնք, որոնք Խօսքը՝ Յիսուսը կ'ընդունին, այդ Թագաւորութեան մէջ են եւ այդ Թագաւորութեան անդամ (Եփ 2.19-22): 

Երկինքի Թագաւորութեան Իւրայատկութիւնը

Անիկա մեր կեանքէն ներս կը հաստատուի Խօսքով եւ Սուրբ Հոգիով (Մտ 12.28): 

Թագաւորութիւնը հոգեւոր է, եւ ունի բազմաթիւ խոստումներ, որոնք կը վերաբերին մեր ֆիզիքական կեանքին: 

Թագաւորութիւնը յաղթող է Քրիստոսով, եւ բոլոր անոր միացածները յաղթողներ են (Ա.Կր 15.25): 

Թագաւորութիւնը մեր մէջն է եւ ո՛չ թէ տեղ մը (Ղկ 17.20-21): 

Սուրբ Հոգին մեզ կը փոխակերպէ եւ մարմնաւորէն հոգեւորի կը դարձնէ: 

  • Հռ 8.5-8
  • Բ.Կր 3.17-18

Ամէն Քրիստոնեայ Քրիստոսով Սուրբ Հոգիին հետ կը գործակցի երկնային նպատակին համար, եւ երբ Սուրբ Հոգիին անդաստանին մէջ ցանէ, ան «յաւիտենական կեանք» պիտի հնձէ (Գղ 6.8):

Խօսքը Հաւատքով՝ Կեանք Կը Բերէ

Խօսքը (Յհ 1.1,14) մարդացաւ եւ մարմին առաւ: Ան Աստուած էր, բայց մարդու պէս ապրեցաւ: 

Աստուածութիւնը մեր մէջն է, եւ անոր զօրութիւնը՝ մեր վրայ նպատակով (Ես 55.8-11):

  • Խօսքը եւ Հոգին (Ա.Թս 1.5, 2.13)
  • Խօսքը, Հոգին եւ յաւիտենական կեանքը (Յհ 6.63)
  • Խօսքը՝ դիւահարին մէջ (Մր 1.23-28)
  • Խօսքը՝ ծառայողներուն մէջ (Մտ 14.13-2, 17.24-27)
  • Խօսքը՝ հեթանոսներուն մէջ (Մտ 15.21-28)

Գերբնական Քայլեր- Մտ 14.22-36)

Գերբնական Պարգեւները- Ա.Կր 12.7-11

Պօղոս պարգեւներու կիրարկումին համար հինգ տարբեր բառեր կը գործածէ Ա.Կր 12.1-11-ին մէջ, իսկ 6-րդ բառ մըն ալ գործածուած է Եբրայեցիներուն ղրկուած նամակին մէջ:

  1. «Խա՛րիզմա» (charisma) (Ա.Կր 12.4,9,31)- Շնորհուած պարգեւներ եւ հոգեւոր նուէրներ 
  2. «Փնեւմաթիքո՛ս» (pneumatikos) (Ա.Կր 12.1, 14.1,12)- Հոգեւոր պարգեւներ եւ դրսեւորումներ 
  3. «Ֆանե՛րոսիս» (phanerosis) (Ա.Կր 12.7)- Յայտնաբերում
  4. «Տիյէ՛րէսիս» (diairesis) (Ա.Կր 12.4,5,6,11)- Զանազան բաժիններու բաժնող եւ բաժնել
  5. «Էնէրղի՛օ» (energeo) (Ա.Կր 12.11)- Ներգործել մէջը եւ միջոցաւ
  6. «Մերիսմո՛ս» (merismos) (Եբր 2.4)- Բաշխել, տալ 

Բոլոր այս բառերը իրարու միացնելով «խա՛րիզմա»յի իսկական բնոյթին գեղեցիկ պատկերը կը տեսնենք:

  1. «Էնէրղի՛օ»ն (energeo) Սուրբ Հոգիին գերբնական եւ ներգործող աշխատանքին մասին ակնարկութիւն մըն է:
  2. «Խա՛րիզմա»ն (charisma) կը հաստատէ, թէ անոնք մարդուն կարողութեան սահմաններէն անդին են, բայց Աստուած զանոնք կու տայ ձրիօրէն, Իր առատ ողորմութեամբը:
  3. «Փնեւմաթիքո՛ս»ն (pneumatikos) ու «ֆանե՛րոսիս»ը (phanerosis) կը շեշտեն, թէ պարգեւները կարճ եւ զարմանալի յայտնաբերումներն են Սուրբ Հոգիին:
  4. «Տիյէ՛րէսիս»ն (diairesis) ու «մերիսմո՛ս»ը (merismos) կ’ապացուցեն, թէ պարգեւները միշտ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ եւ կարողութեամբ կը կատարուին: Անոնք ծառայութեան նպատակով եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր անդամի կը բաժնուին, Հոգիին ուզած ձեւով՝ հասարակաց օգուտին համար:

Գերբնական պարգեւները ստացողին սեփականը չեն դառնար: Անոնք «պարգեւ» են, որովհետեւ ձրիօրէն կը շնորհուին, անվաստակ են եւ Աստուծոյ մէկ բարիքն են: 

Ինը Գերբնական Պարգեւները Կը Բաժնուին Երեք Խումբերու

  1. Խօսելու պարգեւներ
  • Լեզուներու պարգեւ (Գրծ 2.4)
  • Լեզուներու թարգմանութեան պարգեւ (Գրծ 2.4)
  • Մարգարէութեան պարգեւ (Գրծ 19.6)
  1. Յայտնութեան պարգեւներ
  • Գիտութեան խօսք (Յյտ 1.1--3.22)
  • Իմաստութեան խօսք (Գրծ 27.23-24)
  • Հոգիներ զանազանելու պարգեւ (Գ.Թգ 22.19-23: Գրծ 16.16-18)
  1. Զօրութեան պարգեւներ
  • Հաւատքի պարգեւ
    • Հաւատքով կը հրաշագործէ (Ղկ 5.1-7):
    • Հաւատքով կը բժշկէ (Մր 3.1-6):
  • Հրաշագործութեան պարգեւ (Դ.Թգ 4.1-7: Յհ 6.6-14)
  • Բժշկութեան պարգեւ (Մտ 8.15, 9.18,25)

Լեզուները՝ Իբրեւ Դուռ

  • Գրծ 10.46 - Լեզուներ եւ փառաբանութիւն
  • Գրծ 2.2-4 -Համարձակութիւն 
  • Գրծ 19.6 - Լեզուներ եւ մարգարէութիւն
Նախորդ Հրապարակում Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Գործունեայ Է
Յաջորդ Հրապարակում Օրէ՞նք թէ Հաւատք եւ Հոսանքին մէջ Մնալ (Գղ 4.1-7)