Իր թագաւորութեան երկրորդ տարին, Սաւուղ 7000 հոգի ընտրեց: Մինչ Սաւուղը եւ իր բանակը Փղշտացիներուն դիմաց կեցած էին պատերազմի համար, Սաւուղին շուրջը գտնուողները թշնամի բանակին զօրութիւնը տեսնելով՝ դողալու սկսան:

Թէեւ Յովնաթան միայն 1000 զինուորով զարկած էր Փղշտացիները, բայց Սաւուղի քով եղողները «դողալով» անոր ետեւէն կ’երթային՝ ստիպուած (Ա.Թգ 13.3-7): Սաւուղ, որ ժողովուրդին ընտրած թագաւորն էր, բաւարար ապահովութիւն չէր իրենց (Ա.Թգ 13.7):

Առաջնորդ մը իր ժողովուրդին զօրութիւնը պէտք է ըլլայ: Քեզի՝ հաւատացեալիդ նայողները, պէտք է ներշնչուին զօրութեամբ, քու բոլոր ըսածներուդ, ըրածներուդ եւ վարքիդ շնորհիւ:

Յիսուս այդպէս ըրաւ եւ սորվեցուց (Յհ 16.33: Մտ11.28-29): Պօղոս ալ իր հետեւորդներէն կ’ակնկալէր, որ իրմէ սորվէին (Ա.Կր 11.1: Փլպ 3.17):

Ա.Թգ 13.8-9-ին մէջ, Սամուէլի ուշանալուն պատճառով ժողովուրդը վախցաւ եւ Սաւուղի չվստահելով՝ ցրուեցաւ: Սաւուղ կարծելով թէ զոհը (ծէսը) Աստուծոյ ներկայութիւնը կը փոխարինէր կամ Սամուէլի ուշանալուն պատճառած վախը կը փարատէր, ողջակէզը մատուցանեց:

Սաւուղ Սամուէլին ուշանալը որպէս պատճառաբանութիւն գործածեց իր ուզածը ընելու համար եւ Սամուէլը այպանեց, ըսելով. «[…] որոշած օրերուդ չեկար […]» (Ա.Թգ 13.10-12):

Աստուծոյ պատուէրին չհետեւիլը պատճառ եղաւ որ Սաւուղ անպատասխանատու կոչուի (Ա.Թգ 13.13):

Սաւուղ պէտք էր զինք թագաւոր օծող Աստուծոյ խօսքին հնազանդէր: Հնազանդութիւնը իրեն յանձնուած թագաւորութիւնը պահելու միջոց մըն էր: Այսօր, հոգեւոր պատերազմը մղելու ատեն, կարեւոր է մի՛շտ սպասել Աստուծոյ խօսքին եւ անկէ ետք քայլ առնել:

Իր անպատասխանատուութեան պատճառաւ, Սաւուղ կորսցուց իր իշխանութիւնը: Անոր վարմունքը Աստուծոյ սիրտին համաձայն չէր, եւ Աստուած կը փնտռէր իր սիրտին համաձայն մարդ մը (Ա.Թգ 13.14): Ան այսօր ալ կը փնտռէ...

Նախորդ Հրապարակում Վախճանաբանութիւն - Առաջին հարցում (Մատթէոս 24)
Յաջորդ Հրապարակում Թագաւորութեան Խորհուրդները (Մատթէոս 13.10-17)